Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհաւորեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ծնունդը։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, հրաւէր ուղղելով կողմերուն դիմելու եղբայրական ու յարգալիր երկխօսութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2021-ի կէսօրին առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորած Աստուածայայտնութեան տօնի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով եթերի միջոցաւ իրեն  հետեւող հաւատացեալներուն նախ յիշեց Կեդրոնական Ափրիկէն ու այնտեղ  կայացած  քաղաքական ընտրութիւններէն ետք  տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, հրաւէր ուղղելով կողմերուն դիմելու եղբայրական ու յարգալիր երկխօսութեան, մերժելով ատելութիւնը ու խուսափելով բռնութեան բոլոր ձեւերէն։

Քահանայապետը ապա իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Արեւելեան Եկեղեցիներուն, կաթողիկէ եւ առաքելական, որոնք աւանդութեան համաձայն վաղը պիտի տօնեն Յիսուսին Սուրբ Ծննդեան տօնը։ «Անոնց կը փոխանցեմ Սուրբ Ծննդեան բարի մաղթանքներս, մեր խաղաղութիւնն ու յոյս Քրիստոսի լոյսով» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ թէ այսօր կը տօնախմբուի Միսիոնար Մանկութեան համաշխարհային օրը, ու այս առընչութեամբ  շնորհակալութիւն յայտնեց պատանիներուն ու զանոնք քաջալերեց ըլլալու Յիսուսին ուրախ վկաները, մշտապէս ջանալով եղբայրութիւնը տարածել իրենց հասակակիցներուն մէջ։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց եթերի միջոցաւ իրեն հետեւով բոլոր հաւատացեալները անոնց մաղթելով  բարի տօն եւ խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2021, 12:14