Որոնել

Անտուն թափառական Անտուն թափառական 

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց ցուրտէն մահացած Նիճերացի անտուն թափառականը, հրաւիրեց կարդալ Աւետարանը եւ քաջալերեց լրագրողները «երթալ ու տեսնելու»։

«Մտածենք Էտուինին։ Մտածենք թէ ինչ զգաց այդ մարդը, 46 տարեկան, որ մեռաւ ցուրտի պատճառաւ անտեսուած բոլորէն, լքուած, նոյնիսկ մեզմէ։ Աղօթենք անոր համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 Յունուար 2021-ի կէսօրին առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերի միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն ակնարկեց թէ այս Կիրակին նուիրուած է Աստուածային Խօսքին ու թէ մեր  ժամանակներու ամենամեծ պարգեւներէն մին՝ Եկեղեցւոյ Կեանքին մէջ Սուրբ Գիրքին վերաբացայայտումն է։

Աստուածային Խօսքի Կիրակին

«Աստուածաշունչը աւելի քան երբեք այսօր հասանելի է բոլորին եւ բոլոր լեզուներով ու այժմ նաեւ լսատեսողական և թուային ձևաչափերով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Սուրբ Կիրոլամոսին, որ կ՛ըսէր թէ «Ան որ կ՛անտեսէ Սուրբ Գիրքը կ՛անտեսէ Քրիստոսը»։ «Յիսուս Քրիստոսն է, Բանը՝ որ մարմին առաւ, մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, որ կը բանայ մեր միտքը հասկնալու համար Գրութիւնները» ըսաւ Քահանայապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով ու  քաջալերելով բոլոր  ժողովրդապետութիւնները՝ իրենց յանձնառումին  համար ի նպաստ Աստուածային Խօսքի ունկնդրութեան դաստիարակութեան։

Մեր հետ տանինք Աւետարանը ու կարդանք զայն

«Թող աւետարանը սերմանելու ուրախութիւնը երբեք չի պակսի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս հրաւէր ուղղելով հաւատացեալներուն սովորութիւն ունենալ իրենց հետ տանելու միշտ գրպանի Աւետարան մը, որպէսզի զայն կարդան օրուան ընթացքին, «առ նուազն երեք չորս համարներ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Էտունին մահը

Ան ապա մատնանշեց  թէ «անցեալ 20 Յունուարին Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ ցուրտի պատճառաւ մահացած գտնուեցաւ 46 տարեկան Էտուին անունով Նիճերացի թափառական մը։ Անոր պատմութիւնը կ՛աւելնայ  բազմաթիւ այլ անտուններու պատմութեան, որոնք վերջերս մահացան Հռոմի մէջ միեւնոյն ողբերգական հանգամանքներով» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով աղօթել Էտուինի համար ու յիշելով Մեծն Սուրբ Գրիգորին խօսքերը որ  ցուրտի պատճառաւ մուրացկանի մը մահուան դիմաց հաստատեց՝ թէ այդ օր պատարագ պիտի չի մատուցեր, որովհետեւ այդ օրը աւագ ուրբաթ օրուան նման է։

«Մտածենք Էտուինին» ըսաւ Սրբազան Պապը մտածենք թէ ինչ զգաց այդ մարդը, 46 տարեկան, որ մեռաւ ցուրտի պատճառաւ անտեսուած բոլորէն, լքուած, նոյնիսկ մեզմէ։ Աղօթենք անոր համար յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու լռութեամբ պահ մը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ.

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ ժամասացութիւնը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա վաղը՝ Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ նախատեսուած  Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հրաւիրելով հաւատացեալները միանալու այդ աղօթքին։

Լրագրողներուն պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի տօնը

Ան ապա նշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի տօնը, լրագրողներուն պաշտպան սուրբը։ Երէկ հրապարակուեցաւ Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներուն նուիրուած պատգամը «Եկուր եւ Տես։ Հաղորդակցիլ հանդիպելով մարդոց այնտեղ ուր եւ ինչպէս որ են» վերտառութեամբ։

Երթալ ու տեսնել. Վկայել ճշմարտութիւնը

«Կը խրախուսեմ բոլոր լրագրողները ու հաղորդակիցները երթալ ու տեսնելու այնտեղ ուր ոչ մէկը կ՛ուզէ երթալ եւ վկայելու ճշմարտութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք աղօթքին կը հետեւին լրատուամիջոցներու շնորհիւ յատուկէն յիշելով ընտանիքները, «որոնք այս շրջանին աւելիով դժուարութեան մէջ են», ըսաւ Ան քաջալերելով բոլորը յառաջ ընթանալու եւ աղօթելու ընտանիքներուն համար ու ըլլալու անոնց մօտիկ.։

Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով, որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2021, 12:50