Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Յանձնառու ըլլանք հոգ տանելու ուրիշներուն». Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Մենք գիտենք թէ հարցերը լաւ կ՛ընթանան այն չափով, որ Աստուծոյ օգնութեամբ, մենք միասնաբար կ՛աշխատինք հասարակաց բարիքին համար, որպէս կեդրոն ընտրելով ամենատկարներն ու աւելիով անապահովները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի  3 յունուար 2021-ի կէսօրին, առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով  ուղիղ եթերով աղօթքին հետեւող  հաւատացեալներուն  ուզեց նորոգել Նոր Տարուայ կապակցութեամբ իր բարի մաղթանքները, ապա հրաւէր ուղղեց, որպէս Քրիստոնեաներ, «խուսափելու  ճակատագրական կամ մոգական մտածելակերպէն», նշելով՝ թէ «մենք գիտենք թէ հարցերը լաւ կ՛ընթանան այն չափով, որ Աստուծոյ օգնութեամբ,  մենք միասնաբար կ՛աշխատինք հասարակաց բարիքին համար, որպէս կեդրոն ընտրելով ամենատկարներն ու աւելիով անապահովները։

Հոգ տանիլ ուրիշներուն եւ հասրակաց տան

«Չենք գիտեր ինչ կը վերապահէ մեզի 2021 տարին, բայց այն ինչ՝ որ իւրաքանչիւրս ու բոլորս կարող ենք ընել, այն է քիչ մը աւելիով յանձնառու ըլլալ հոգ տանելու ուրիշներուն եւ արարչագործութեան, մեր հասարակաց տան» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով՝ թէ «փորձութիւնն ունինք միայն մեր սեփական շահերուն հոգ տանիլ, կեդրոնանալ միայն տնտեսական շահին վրայ, ապրիլ ջանալով գոհացնել  սեփական հաճոյքը… ապա մատնանշեց թերթի մը յօդուածին, ուր կարդացած էր՝ թէ «lockdown»ի ընթացքին մարդիկ հակառակ սահմանափակումներուն ուզած են իրենց արձակուրդները լաւապէս ապրիլ ու մէկ օրուայ մէջ այդ երկրին մէջ բարձրացած են աւելի քան 40 օդանաւեր։

«Այդ մարդիկը, որ բարրի մարդիկ են, չի մտածեցի՞ն անոնց, որոնք շարունակեցին մնալ իրենց տուներուն մէջ, այն բազմաթիւ անձերու տնտեսական հարցերուն, հիւանդներուն», հարց տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «անոնց միակ մտահոգութիւնն էր հաճելի արձակուրդ անցնել»։

Մօիտկութիւն հիւանդներուն եւ ընտանիքներուն

«Այս մէկը զիս  կը վշտացնէ» յարեց  Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ ողջոյն ուղղեց անոնց՝ որոնք այս տարին սկսան դժուարութեամբ, հիւանդները, անգործները ու անոնք որոնք կ՛ապրին ճնշումի եւ չարաշահումի  իրավիճակներ» ըսաւ Ան ողջունելով  նաեւ ընտանիքները ու յատկապէս այն ընտանիքները ուր փոքրիկներ կան կամ նոր ծնունդ մը կը սպասեն։

«Ծնունդ մը միշտ յոյսի խոստում է» ըսաւ Սրբազան Պապը իր մօտիկութիւնը յայտնելով այդ ընտանիքներուն ու անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները  ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով՝ որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2021, 12:40