Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պերնիչէ Քինկը Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պերնիչէ Քինկը 

Մարթին Լութեր Քինկի հաւասարութեան եւ ներդաշնակութեան երազը այժմէական է. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մարթին Լութեր Քինկի դուստր Պերնիչէ Ալպերթին Քինկին ուղղած պատգամի մը մէջ Քահանայապետը կ՛ընդգծէ թէ «կարելի է միասին աշխատիլ ստեղծելու համար հասարակութիւն մը հիմնուած արդարութեան եւ եղբայրական սիրոյ վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնն ու օրհնութիւնը պատգամի մը միջոցաւ հասան Միացեալ Նահանգներու ամենակարեւոր տօնակատարութիւններէն մին, 18 Յունուարին յիշատակուող «Մարթին Լութեր Քինկի Օրուայ», նուիրուած Ափրիկաամերիկացիներուն քաղաքացիական իրաւունքներու ի նպաստ շարժումի երբեմնի ղեկավար՝ Մարթին Լութեր Քինկ Ճունիորի կեանքին ու յանձնառումին։

Պատգամը ուղղուած էր անոր դուստրին՝ Պերնիչէ Ալպերթին Քինկին որ նախագահն է Աթլանթայի Քինկի անուան կեդրոնին։

Ըլլալ խաղաղարարներ

«Այսօրուայ աշխարհին մէջ ուր կը կրկնապատկուին ընկերային անարդարութիւններուն հայող մարտահրաւէրները, ուր բաժանումներն ու հակամարտութիւնները արգելք կը հանդիսանան իրականացնելու հասարակաց բարիքը, Մարթին Լութեր Քինկի բոլոր մարդոց միջեւ հաւասարութեան եւ ներդաշնակութեան երազը, ձեռք բերուած խաղաղութեան եւ ոչ բռնի միջոցներով, կը մնայ միշտ այժմէական» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ապա յղում կատարելով «Fratelli tutti» շրջաբերականին կը վերահաստատէ թէ «իւրաքանչիւրս կոչուած է դառնալու խաղաղութեան արհեստաւոր, միացնելով եւ ոչ թէ բաժնելով, արմատախիլ ընելով ատելութիւնը ու բանալով երկխօսութեան ուղիներ»։ Այսպիսով, կը գրէ Սրբազան Պապը, կարող պիտի ըլլանք իրար տեսնել ոչ որպէս «օտարականներ» այլ որպէս մերձաւորներ, Ամենակալի զաւակներու մեր միասնական արժանապատուութեան ճշմարտութեան մէջ։

Միասին աշխատիլ

«Այս տեսլականը շօշափելի դարձնելու  ամենօրեայ մշտական ​​յանձնառութեամբ է որ կարելի է աշխատիլ միասին ստեղծելու համար հասարակութիւն մը հիմնուած արդարութեան եւ եղբայրութեան սիրոյ վրայ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Նշենք թէ Մարթին Լութեր Քինկի դուստրը 2018-ին երկու անգամ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ Օսսերվոթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրուցի մը առթիւ հաստատած էր թէ Ֆրանչիսկոս Պապին բռնութեան դէմ կոչերը համահունչ են իր հօր մտածելակերպին հետ։

«Եթէ ողջագուրենք «ոչ բռնութիւնը» կարող ենք ընթանալ աւելի արդար, հաւասար, մարդկային ու խաղաղ աշխարհի մը կառուցման ուղիով» հաստատած էր Պերնիչէ Ալպերթին Քինկը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2021, 19:00