Որոնել

Հիրոշիմայի յիշողութեան այգիին մէջ աղօթք Հիրոշիմայի յիշողութեան այգիին մէջ աղօթք 

«Աշխարհը ազատ ադոմական զէնքերէ». Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը։

«Մարդկութիւնը կարիքը ունի խաղաղութեան եւ համագործակցութեան եւ ասոր համար կարիքը կայ բոլորի յանձնառութեան»։ Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Քահանայապետը կոչ ուղղեց ի նպաստ ադոմական զէնքերէ ազատ աշխարհի մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առանց հիւլէական զէնքերու աշխարհ մը, որ թոյլ տայ՝ որ խաղաղութիւնը յառաջանայ։ Անգամ մը եւս Նորին Սրբութիւնը, իր նախորդներն հետքերով, իր ձայնը կը բարձրացնէ ի նպաստ ընդհանրական զինաթափումի, ճիշդ 2017-ի պայմանագիրի ուժի մէջ մտնելէ երկու օրեր առաջ, որով անօրինական կը դառնայ ադոմական զէնքերու գործածութիւնը, սպառնալիքն ու սեփականութիւնը։

Հիւլէական զէնքերը կործանիչ են

20 Յունուարի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յիշելով միւս օր՝ 22 Յունուարին, ուժի մէջ մտնող հիւլէական զէնքերու արգիլման պայմանագիրը քաջալերեց բոլոր պետութիւնները ու բոլոր մարդիկը՝ «աշխատելու վճռակամութեամբ, խթանելու համար անհրաժեշտ պայմաններ  ի նպաստ առանց հիւլէական զէնքերու աշխարհի մը, սատարելով խաղաղութեան յառաջացումին եւ բազմակողմանի համագործակցութեան , որուն մեծ կարիքը ունի այսօր մարդկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  որ վերոնշեալ պայմանագիրը որակեց «Իրաւաբանօրէն միջազգային առաջին պարտադրող փաստաթուղթը, որ բացայայտօրէն կ՛արգիլէ այդ հրանօթները, որոնց օգտագործումը ունի անխնայ ազդեցութիւն, կարճ ժամանակուայ մէջ կը հարուածէ մեծ թիւով մարդիկ ու երկարատեւ վնասներ  կը յառաջացնէ  շրջակայ միջավայրին»։

Արդար ու անվտանգ ընկերութիւն առանց ադոմական զէքներու։ 

Քահանայապետը բազմաթիւ անգաներ ադոմական ռումբերը նկատած է «մարդուն ու անոր արժանապատւութեան դէմ ոճիր, ու ոճիր նաեւ ամէն տեսակ ապագայի կարելիութեան դէմ», հաստատելով, որ անոնց սեփականութիւնը ինքնիր մէջ անբարոյ  արարք է։

«Եթէ կ՛ուզենք իսկապէս կառուցել աւելի արդար եւ անվտանգ ընկերութիւն մը պէտք է թոյլ տանք, որ զէնքերը վար գան մեր ձեռքերէն« ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը Ճափոնի Հիրոշիմայի Խաղաղութեան Յուշահամաիլիրին մէջ արտասանած ճառին ընթացքին՝ 24 նոյեմբեր 2019-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 12:00