Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Դրական պատասխան տանք Տիրոջ՝ մեզի ուղղած կոչումին». 24 Յունուարի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Աւետարանին մէջ տեսանք թէ ինչպէս պատասխանեցին Սիմոնը, Անդրէասը, Յակոբն ու Յովհաննէսը. Անոնք հասուն մարդիկ էին, իրենց ձկնորսի գործունէութիւնն ունէին, ունէին նաեւ ընտանեկան կեանք մը…սակայն երբ Յիսուս այնտեղէն անցաւ ու զանոնք կոչեց, «իսկոյն թողեցին իրենց ուռկանները եւ հետեւեցան Անոր» (Մարկոս 1, 18)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 Յունուար 2021ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աւանդական աղօթքը, որուն ընթացքին սովորութեան համաձայն ներկայացուց յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածը ուր կը խօսուի առաջին աշակերտներու  կոչումին եւ Յիսուսի առաքելութեան սկիզբի  մասին։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը «Այս կիրակի օրուայ աւետարանական հատուածը (Մարկոս 1, 14-20) մեզի ցոյց կու տայ Յովհաննէս Մկրտիչէն Յիսուսին «մահակի անցումը»։ Յովհաննէս եղաւ ան որ պատրաստեց Յիսուսին ճանապարհը, այժմ Յիսուս կրնայ իր առաքելութիւնը սկսիլ եւ հռչակել արդեն իսկ ներկայ դարձած փրկութիւնը։ Անոր քարոզութիւնը եզրակացուած է հետեւեալ բառերուն մէջ «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ արքայութիւնը հասած. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին»։

Ժամանակ եւ ապաշխարութիւն

Պատգամն մըն է սա, որ մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու երկու կարեւոր թեմաներու շուրջ. ժամանակը եւ ապաշխարութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Մարկոսի Աւետարանին մէջ ժամանակը կը  հասկցուի որպէս Աստուծոյ իրագործած փրկութեան պատմութեան տեւողութիւն, եւ «լրացած ժամանակը» այն ժամանակն է երբ փրկութեան ներգործութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին, իր ամբողջական իրագործումին։ Պատմական պահը՝ որուն մէջ Աստուած աշխարհ ուղարկեց իր միածին Որդին ու անոր Թագաւորութիւնը դարձաւ աւելի քան երբեք մօտիկ։

Փրկութիւնը սիրոյ պարգեւ

«Փրկութիւնը ինքնաշխատ չէ, այլ սիրոյ պարգեւ մըն է եւ՝ որպէս այդ, ան ազատ է ու կարիքը ունի ազատ պատասխանի, կարիքը ունի ապաշխարութեան» յարեց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով, թէ այդ մէկը կը նշանակէ մտածողութեան եւ կեանքի փոփոխութիւն, հրաժարելով հետեւելէ աշխարհի տիպարներուն եւ հետեւելով Աստուծոյ օրինակին՝ որ է Յիսուս։

«Մեղքը աշխարհ բերաւ մտածելակերպ մը, որ կը մղէ հաստատելու մենք զմեզ ի դէմ միւսներուն եւ նոյնիսկ ի դէմ Աստուծոյ, եւ այս նպատակին համար ան չի զլանար օգտագործելու խաբէութիւնն ու բռնութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով, որ «ասոր կը հակազդէ Յիսուսին պատգամը, որ կը հրաւիրէ մենք զմեզ ճանչնալու Աստուծոյ եւ անոր շնորհքին կարիքը ունեցողները, ունենալու հաւասարակշիռ վերաբերմունք երկրային բարքերուն նկատմամբ, ըլլալու հիւրընկալ եւ խոնարհ բոլորին հանդէպ, ու ճանչնալ եւ կերտել մենք զմեզ ուրիշներու հետ հանդիպումի եւ ծառայութեան մէջ»։

Կեանքի երկու կշռոյթները

«Ներումը ընկալելու ժամանակը մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար շատ կարճ է, ան այս աշխարհին մէջ մեր կեանքին տեւողութիւնն է» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը  մատնանշելով, որ այդ մէկը «Աստուծոյ անհուն սիրոյ պարգեւն է,  բայց նաեւ ժամանակն է քննելու մեր սէրը Անոր հանդէպ։ Ասոր համար ամէն մէկ պահ ու մեր գոյութեան ամէն մէկ ակնթարթ թանկագին ժամանակ է  սիրելու համար Աստուած եւ մերձաւորը, եւ այդպէսով մուտք գործելու յաւիտենական կեանքին մէջ»։

Մեր կեանքի պատմութիւնը ունի  երկու կշռոյթ, մին  չափելի, կազմուած ժամերէ, օրերէ, տարիներէ, եւ միւսը կազմուած մեր աճումի եղանակներէն, ծնունդ, մանկութիւն, պատանեկութիւն, հասունութիւն, ծորութիւն ու մահ։

Իւրաքանչիւր ժամանակ, ամէն մէկ հատուած, ունի իր սեփական արժէքը եւ կրնայ առանձնաշնորհեալ ժամանակ հանդիսանալ Տիրոջ հետ հանդիպումին։  Հաւատքը մեզ կ՛օգնէ բացայայտելու այդ ժամանակներու հոգեւոր իմաստը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ Տիրոջ յատուկ մէկ կոչումը, որուն մենք կարող ենք տալ դրական կամ բացասական պատասխան։

Դարձի գալ եւ հետեւիլ Յիսուսին

Աւետարանին մէջ կը տեսանք թէ ինչպէս պատասխանեցին Սիմոնը, Անդրէասը, Յակոբն ու Յովհաննէսը. Անոնք հասուն մարդիկ էին, իրենց ձկնորսի գործունէութիւնն ունէին, ունէին նաեւ ընտանեկան կեանք մը…սակայն երբ Յիսուս այնտեղէն անցաւ ու զանոնք կոչեց, «իսկոյն թողեցին իրենց ուռկանները եւ հետեւեցան Անոր» (Մարկոս 1, 18)։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ուշադիր ըլլանք եւ թոյլ չտանք որ Տէրը անցնի առանց զայն տեսնելու ըսաւ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը,  որպէսզի «մեզ օգնէ ամէն օր, ամէն պահ ապրիլ՝ որպէս փրկութեան ժամանակ, որուն մէջ Տէրը կ՛անցնի ու մեզ կը կանչէ իրեն հետեւելու։ Եւ թող մեզի օգնէ նաեւ դարձի գալու եւ աշխարի մտածելակերպէն անցնելու սիրոյ եւ ծառայութեան մտածելակերպին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2021, 12:08