Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

«Աստուծոյ կոչումը սէր է, ու անոր պէտք է պատասխանել սիրով» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աստուծոյ իւրաքանչիւր կոչում Անոր սիրոյն ձեռնարկ է։ Ան կը կոչէ կեանքին, կը կոչէ հաւատքին, եւ կը կոչէ նաեւ կեանքի որոշակի մէկ դրութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 Յունուար 2021-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան աւետարանի վրայ հիմնուած խորհրդածութիւն մը, ուր Յովհաննէս Աւետարանիչը կը պատմէ Յիսուսին առաջին աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումին դրուագը (Յովհ. 1, 35-42)

Յիսուսին առաջին աշակերտներուն կոչումը։

Դէպքը տեղի կ՛ունենայ Յորդանան գետին մօտ, Յիսուսին Մկրտութեան յաջորդող օրը։ Նոյնինքն Յովհաննէս Մկրտիչն է որ անոնցմէ երկուքին ցոյց կու տայ Մեսիան «Ահա՛ Քրիստոսը, Աստուծոյ Գառնուկը» խօսքով։  Եւ այդ երկուքը վստահելով Մկրտիչին վկայութեան Յիսուսին ետեւէն կ՛երթան։ Յիսուս, ետ դառնալով` կը տեսնէ զանոնք, որ իրեն կը հետեւէին, եւ հարց  կու տայ. «Ի՞նչ կ՚ուզէ՛ք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ռա՛բբի, , ո՞ւր է քու բնակարանդ»։  Յիսուս կը պատասխանէ . «Եկէ՛ք տեսէք»։  Անոնք կը հետեւին Յիսուսին եւ այդ օրը անոր քով կը մնան։

«Դժուար չէ երեւակայել թէ ինչպէս անոնք Յիսուսին մօտ նստած Անոր հարցումներ կ՛ուղէին ու կ՛ունկնդրէին Անոր խօսքերը, որով իրենց սրտերը աւելիով կ՛ոգեւորուէին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Անոնք կը զգան Անոր խօսքերուն գեղեցկութիւնը,  որոնք կը համապատասխանեն  իրենց ամենամեծ յոյսին։ Եւ անակնկալ օրէն կը բացայայտեն թէ մինչ իրենց շուրջ գիշերը կ՛իջնէր  իրենց մէջ կը ժայթքէր լոյսը՝ զոր կարող է պարգեւել միայն Աստուած։

Եւ երբ իրենց եղբայրներուն մօտ կը վերադառնան, այդ ուրախութիւնն ու լոյսը յորդառատ կը հեղեղէր իրենց սրտերէն ու անոնցմէ մին Անդրէասը իր եղբօր Սիմոնին, զոր Յիսուս պիտի կոչէր Պետրոս, կ՛ըսէ «Գտա՛նք Մեսիան».

Կոչումը Աստուծոյ սիրոյ ձեռնարկ

Պահ մը կանգ առնենք Քրիստոսի հետ հանդիպման փորձառութեան վրայ, ուր ան կոչ կ՛ուղղէ մնալու իր հետ։ Աստուծոյ իւրաքանչիւր կոչում Անոր սիրոյն ձեռնարկ է։ Ան կը կոչէ կեանքին, կը կոչէ հաւատքին, եւ կը կոչէ նաեւ կեանքի որոշակի մէկ դրութեան։

Աստուծոյ առաջին կոչումը կեանքի կոչումն է,  որով մեզ կը կազմէ որպէս անհատներ։  Ապա Աստուած մեզ կը կոչէ հաւատքին, մաս կազմելու համար իր ընտանիքին, որպէս Աստուծոյ զաւակներ։ Հուսկ Ան մեզ կը կոչէ կեանքի որոշ մէկ պայմանի, մենք մեզ նուիրելու ամուսնութեան ճանապարհով, քահանայական եւ նուիրեալ կեանքի ուղիով։

Ասոնք տարբեր ձեւեր են իրականացնելու համար ծրագիրը, զոր Աստուած ունի մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար եւ որ մշտապէս սիրոյ ծրագիր է։

Պատասխանել կոչին

Իւրաքանչիւր  հաւատացեալի  ամենամեծ ուրախութիւնն է պատասխանել այդ կոչին, նուիրել մեզ ամբողջութեամբ ի ծառայութիւն Աստուծոյ եւ Եղբայրներու։

Տիրոջ կոչին դիմաց շատ անգամ մենք ունինք մերժողական կեցուածք, որովհետեւ մեզի կը թուայ թէ այդ մէկը մեր ձգտումներուն հակառակ ըլլայ։ Շատ անգամ ալ վախը կը պատէ մեզ, որովհետեւ կը կարծենք թէ այդ մէկը մեծ յանձնառումի կը կարօտի։ Սակայն Աստուծոյ կոչումը սէր է, ու անոր պէտք է պատասխանել սիրով։

Յիսուս մեզի կը ճանչցնէ Աստուծոյ սէրը

Անոր սկիզբը կայ հանդիպում, Յիսուսին հետ հանդիպումը, որ մեզի կը խօսի Հօր Աստուծոյ մասին ու մեզի կը ճանչցնէ Անոր սէրը։  Այդ պահուն մեր մէջ կը ծագի իղձը զայն հաղորդելու մեր սիրած անձերուն. «Գտանք Սէրը», «Գտայ կեանքիս իմաստը»։ Մէկ խօսքով «Գտայ Աստուած»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը՝ որպէսզի մեր կեանքը դառնայ  Աստուծոյ Փառաբանութեան տաղ մը, ի պատասխան Անոր կոչին եւ Անոր կամքին հեզ եւ ուրախ գործադրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2021, 12:08