Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք

Ֆրանչիսկոս Պապ «Յիշենք մեր մկրտութեան օրը։ Այդ օր մենք առ յաւէտ դարձանք Աստուծոյ սիրուած զաւակները»։

Մեր որեւէ քայլէն առաջ մեր կեանքը յատկանշուած է ողորմութեամբ, որ մեր վրայ հանգչեցաւ։ Եւ այս մէկը պատահեցաւ մեր Մկրտութեան օրը։ Այդ օր մենք մխրճուեցանք մեզի համար մեռած եւ յարութիւն առած Քրիստոսի սիրոյն մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 Յունուար 2021-ի կէսօրին՝ ըստ Լատինաց Յիսուսի Մկրտութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աւանդական աղօթքը եւ սովորութեան համաձայն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը հիմնուելով օրուան տօնակատարութեան նուիրուած սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ

Այսօր կը տօնախմբենք Տիրոջ Մկրտութեան տօնը։ Մի քանի օրեր առաջ մանուկ Յիսուսին այցելեցին Մոգերը եւ այժմ զինք կը գտնենք չափահաս Յորդանան գետի եզերքը։ Ծիսակատարութիւնը մեզի երեսուն տարի առջեւ կը տանի, երեսուն տարիներ որոնց մասին գիտենք միայն մէկ բան. անոնք եղան թաքնուած կեանք մը, նախ Եգիպտոսի մէջ, գաղթական՝ փախչելու համար Հերովդէսի հալածանքներէն, ապա Նազարէթի մէջ, սորվելով Յովսէփին արհեստը, ընտանիքին մէջ, հնազանդելով իր ծնողաց, ուսանելով եւ աշխատելով։ 

Առօրեայի վեհութիւնը

Տիրոջ այս ապրելակերպը գեղեցիկ պատգամ է մեզի համար. Ան մեզի կը յայտնէ առօրեայի վեհութիւնը, Աստուծոյ աչքերուն առջեւ կեանքի ամէն մէկ արարքի, ամէն մէկ պահի կարեւորութիւնը, նոյնիսկ ամէնաթաքուն եւ ամենապարզ արարքն ու պահը։

Այս թաքուն կեանքի երեսուն տարիներ ետք Յիսուս կը սկսի իր հանրային կեանքը։ Եւ այդ կը սկսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեամբ։  Յովհաննէս Մկրտիչի մկրտութիւնը  բաղկացած էր ապաշխարական ծէսէ մը, անիկա դարձի գալու ցանկութեան նշան էր, ներողութիւն խնդրելով սեփական մեղքերու համար։

Յիսուս կարիքը չունէր մկրտութեան եւ արդարեւ Յովհաննէս Մկրտիչ կ՛ընդդիմանայ  սակայն Յիսուս կը պնդէ։ Որովհետեւ ան կ՛ուզէ մեղաւորներուն հետ ըլլալ, ասոր համար շարքի կը կենայ անոնց հետ ու կը կատարէ անոնց նոյն արարքը։

Կը մտնէ գետ մխրճուելու համար մեր նոյնինքն վիճակին մէջ։ Մկրտութիւնը արդարեւ կը նշանակէ մխրճուիլ։ Իր առաքելութեան առաջին օրը Յիսուս մեզի կը ներկայացնէ իր «ծրագրային հռչակագիրը»։

Մօտիկութիւնը Աստուծոյ ոճն է

Ան մեզի կ՛ըսէ թէ մեզ չի փրկեր վերէն, ինքնիշխան որոշմամբ կամ ուժի գործողութեամբ,  այլ մեզի ընդառաջ գալով և իր վրայ վերցնելով մեր մեղքերը:

Ահա՝ թէ ինչպէս Աստուած կը յաղթէ աշխարհի չարին, խոնարհելով եւ իր վրայ առնելով բեռը։ Ասիկա միջոցն է, որ մենք եւս կարող ենք վերականգնեցնել ուրիշները, ոչ թէ դատելով, ոչ թէ հրահանգելով ինչ ընել, այլ մօտիկ դարձնելով մենք զմեզ, մերձակցութեամբ, կիսելով Աստուծոյ սէրը։ Մօտիկութիւնը Աստուծոյ ոճն է մեզի հանդէպ։

Այս Յիսուսին գթութեան արարքէն ետք բացառիկ բան մը կը պատահի. Երկինքը կը բացուի եւ կը յայտնուի Սուրբ Երրորդութիւնը։ Սուրբ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով կ՛իջնէ անոր վրայ ու Հայրը կ՛ըսէ Յիսուսին. Դուն ես իմ սիրելի որդին որուն ես հաճեցայ (Մատթ.1, 10, 11)

Աստուած ինքզինք կը յայտնէ երբ ի յայտ կու գայ ողորմութիւնը, որովհետեւ այդ  է անոր դիմագիծը։ Յիսուս ծառայ կը դառնայ մեղաւորներուն եւ կը հռչակուի Որդի. Մեր վրայ կը հպի եւ Սուրբ Հոգին կ՛իջնէ անոր վրայ։

Սէրը սէր կը հրահրէ

Սէրը սէր կը հրահրէ։ Այս մէկը վաւեր է նաեւ մեզի համար, մեր կատարած ծառայութեան իւրաքանչիւր արարքի մէջ, ողորմութեան ամէն մէկ գործի մէջ, Աստուած կը յայտնուի եւ իր հայեացքը կ՛ուղղէ աշխարհի վրայ։

Սակայն մեր որեւէ քայլէն առաջ մեր կեանքը յատկանշուած է ողորմութեամբ, որ մեր վրայ հանգչեցաւ։ Մենք փրկուեցանք ձրիաբար։ Փրկութիւնը ձրիութեամբ տրուած է։ Ան Աստուծոյ ողորմած ժեստն է մեր նկատմամբ։ Եւ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ Մկրտութեան Խորհուրդով, բայց նաեւ բոլոր անոնք որոնք մկրտուած չեն կ՛ընդունին Աստուծոյ ողորմութիւնը որովհետեւ Աստուած զանոնք կը սպասէ։ Կը սպասէ որ անոնք բանան իրենց սրտերուն դռները։ Կը մօտենայ եւ մեզ կը փայփայէ իր ողորմութեամբ։ 

Թող՝ որ Տիրամայրը, որուն պիտի աղօթենք այժմ, մեզ օգնէ, որպէսզի պահպանենք մեր ինքնութիւնը, ինքնութիւնը թէ ողորմուած ենք, որ հիմքն է մեր հաւատքին եւ մեր կեանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2021, 12:06