Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք

«Քրիստոսին լոյսը կը տարածուի ամէնուրէք Աւետարանի հռչակումով եւ մօտիկութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Թէեւ խաւարը եւ մարախուղը ներկայ են իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ Աստուծոյ լոյսը աւելի զօրեղ է անոնցմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, այսօր կը տօնախմբենք «Էփիֆանիան» այսինքն Տիրոջ յայտնութեան տօնը՝ բոլոր ազգերուն։ Արդարեւ Քրիստոսին փրկութիւնը սահմաններ չի ճանչնար։ Յայտնութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Ծնունդին միեւնոյն իրադարձութիւնը տեսնուած իր լոյսի հարթութեան մէջ, լոյս, որ կը լուսաւորէ իւրաքանչիւր մարդ, լոյս, որ կ՛ընկալէ հաւատքին մէջ եւ լոյս, որ պէտք է տանինք ուրիշներուն սիրոյ, վկայութեան եւ Աւետարանի հռչակումին միջոցաւ» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Յայտնութեան տօնին առթիւ արտասանած «Հրեշտակ Տեառն»Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան։

Լուսաւորող Լոյս, Յոյսի լոյս

Այսօրուայ ծիսակատարութեան մաս կազմող Եսայի մարգարէին խօսքերը միշտ աւելիով այժմէական են «Լուսաւորեա՛ց՝ լուսաւորեա՛ց Երուսաղէմ, զի հասեալ է լոյս քո, եւ փառք Տեառն ՚ի վերայ քո ծագեսցեն։ Զի ահա խաւա՛ր ծածկեաց զերկիր, եւ մառախուղ զհեթանոսս. բայց ՚ի քեզ Տէ՛ր յայտնեսցի, եւ փառք նորա ՚ի քե՛զ երեւեսցին։  Եւ գնասցեն թագաւորք ՚ի լոյս քո, եւ հեթանոսք ՚ի ծագել լուսոյ քոյ։»  (Եսայի 60, 1-6)։ «Մարգարէն կը հռչակէ լոյսը, լոյսը՝ որ տրուած է Աստուծմէ եւ վերապահուած է բոլոր ազգերուն։  Լոյս որ կարող է ներքաշել բոլորը եւ բոլորն ալ իրենց զիրենք կը դնեն ուղեւորութեան մէջ հասնելու համար այդ լոյսին» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով՝ թէ  այս «տեսութիւնը հրաւէր է յոյսի»։

Աստուծոյ լոյսը աւելի զօրեղ է խաւարէն

«Թէեւ խաւարը եւ մարախուղը ներկայ են իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ Աստուծոյ լոյսը աւելի զօրեղ է անոնցմէ։ Հարկաւոր է զայն ընկալել, որպէսզի ան կարենայ լոյս ցոլալ բոլորին» աւելցուց Սրբազան Պապը ակնարկելով Մատթէոս Աւետարանիչին, որ իր կարգին պատմելով օգերուն դրուագը   «ցոյց կու տայ որ այդ լոյսը՝ Բեթղեհէմի Մանուկն է, Յիսուսը, նոյնիսկ եթէ անոր վեհութիւնը չէ ընդունուած բոլորէն։  Ան աստղն է, որ յայտնուեցաւ հորիզոնին, սպասուած Մեսիան, Ան՝ որուն միջոցաւ Աստուած կ՛իրագործէ իր սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան  թագաւորութիւնը։ Ան չի ծնաւ միայն մի քանիներուն, այլ բոլոր մարդոց ու բոլոր ազգերուն համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Քրիստոսին լոյսը կը տարածուի ամէն վայրերու եւ ամէն ժամանակներու մէջ՝ Աւետարանի հռչակումով, եւ Աստուծմէ ընտրուած նոյն «ոճով», որ է մարդեղութիւնը, այսինքն մօտ ըլլալ միւսին, հանդիպիլ անոր, ընդունիլ անոր իրականութիւնը։

Աստուծոյ լոյսը Սէր է

«Միայն այսպէսով է, որ Աստուծոյ լոյսը՝ որ Սէր է, կրնայ փայլիլ անոնց մէջ. որոնք զայն կ՛ընկալեն եւ ներքաշել ուրիշները» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց. «Աստղը Քրիստոսն է սակայն մենք եւս կարող ու պարտական ենք դառնալ աստղեր, մեր եղբայրներուն եւ քորերուն համար, որպէս բարութեան գանձերու, եւ անհուն ողորմութեան  վկաները, որ Փրկիչը կը նուիրէ ձրիաբար բոլորին»։

«Պայմանը ուստի մեր մէջ այդ լոյսը ընդունիլն է։ Մենք ալ Մոգերու նման կանչուած ենք,  թոյլ տալ հրապուրուիլ, ներքաշուիլ, առաջնորդուիլ, լուսաւորուիլ եւ դարձի գալ Քրիստոսէն. Ասիկա հաւատքին ուղեւորութիւնն է, աղօթքի եւ Աստուծոյ գործերուն հայեցողութեան միջոցաւ,  որ մշտապէս մեզ կը լեցնեն ուրախութեամբ եւ նորոգուած  զարմանքով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ խորհրդածուիւնը եզրափակեց, հայցելով՝ Սուրբ Կոյս  Մարիամին հովանին՝ համայն տիեզերական եկեղեցւոյ վրայ, որպէսզի համայն աշխարհին մէջ տարածէ Քրիստոսին Աւետարանը ազգերու լոյս եւ լոյս բոլոր ժողովուրդներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2021, 12:07