Որոնել

2021.01.03 Angelus 2021.01.03 Angelus

«Մեր սրտերուն դռները բանանք Յիսուսին առջեւ». 3 Յունուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Կանգ առնենք լռութեամբ մսուրին առջեւ, համտեսելու համար քնքշութիւնը Աստուծոյն՝ որ մօտիկ եղաւ մեզի, մարմին առաւ։ Զայն առանց վախի հրաւիրենք մեր մօտ, մեր տուներուն մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ մեր դիւրաբեկութեան մէջ։ Եւ Ան պիտի գայ ու մեր կեանքը պիտի փոխուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Յունուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած  խորհրդածութիւնը  կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Սուրբ Ծնունդէն ետք երկրորդ կիրակիին Աստուծոյ Խօսքը մեզի չի ներկայացներ Յիսուսին կեանքէն դրուագ մը, մեզի կը խօսի Անոր մասին ծնունդէն առաջ։

Խօսքը կը ծառայէ հաղորդելու համար 

«Սկիզբը` Բանը կար» (Յովհաննէս 1,1)։ Սկիզբը,  բառն է, որով կը սկսի նաեւ Աստուածաշունչը «Սկիզբը Աստուած ստեղծեց երկիրն ու երկիրը (Ծննդոց 1,1), դիտել տուաւ Սրբազան Պապը  մատնանշելով որ Աւետարանը այսօր մեզի կը յայտնէ թէ Յիսուս գոյութիւն ունէր ի սկզբանէ, ամէն բաներէ առաջ, տիեզերքէն առաջ։ «Կեանքը անոր մէջ էր» (Յովհ. 1,4) նախ քան կեանքը յայտնուէր։

«Սուրբ Յովհաննէսը Յիսուսը կը կոչէ «Բանն» այսինքն Խօսք. Խօսքը կը ծառայէ հաղորդելու համար եւ հարցը թէ Յիսուս ի սկզբանէ Խօսքն է կը նշանակէ թէ Աստուած ի սկզբանէ կ՛ուզէ հաղորդակցիլ մեր հետ, կ՛ուզէ խօսիլ մեզի հետ։ Հօրը Միածին Որդին կ՛ուզէ մեզի հաղորդել Աստուծոյ զաւակները ըլլալու գեղեցկութիւնը. «Ան ճշմարիտ  լոյսն է» (Յովհ. 1,9) եւ կ՛ուզէ մեզ հեռու պահել չարին խաւարէն։ Ան «Կեանք է» (Յովհաննէս 1,4), որ կը ճանչնայ մեր կեանքերը ու կ՛ուզէ մեզի ըսել թէ միշտ սիրած է զանոնք»։

Յիսուս Աստուծոյ յաւիտենական Բանը կը փափաքի մեր հետ հաղորդակցիլ

«Ահա այսօրուայ սքանչելի պատգամը. Յիսուս Աստուծոյ յաւիտենական Բանն է, որ միշտ մեզի կը մտածէ ու կը փափաքի մեր հետ հաղորդակցիլ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով, որ այս ընելու համար Ան խօսքերէն անդին  գնաց։ Արդարեւ Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ թէ «Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհ. 1,14)։ Մարմին բառը ցոյց կու տայ մեր մարդկային պայմանները անոր բոլոր տկարութիւններով ու դիւրաբեկութիւնով։  Աստուած դարձաւ դիւրաբեկ, որպէսզի մօտէն դպչի մեր տկարութիւններուն։ Աստուած մարմնացաւ մեզի ըսելու համար, թէ Ինք մեզ կը սիրէ ճիշդ մեր դիւրաբեկութեան մէջ։

Յիսուս եկաւ բնակելու մեր մէջ

«Ան Մարմին առաւ, մեր մարդկութիւնը ընդունեց ոչ որպէս զգեստ մը, որ կարելի է հագնիլ եւ հանել։ Ոչ, ան այլեւս չի բաժնուեցաւ մեր այդ մարմինէն ու երբեք պիտի չի բաժնուի, այժմ եւ առ յաւէտ Ան Երկնքի մէջ է մարդկային իր մարմնով։ Ան յաւերժ միացաւ մեր մարդկութեան» հաստատեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը։

Աւետարանը կ՛ըսէ թէ ան եկաւ բնակելու մեր մէջ։ Ան չեկաւ մեզ այցելելու այլ բնակութիւն հաստատելու մեր մէջ։ Եւ Ինք կ՛ուզէ, որ մենք Իր հետ բաժնեկցինք մեր ուրախութիւնները, ցաւերը, իղձերը, վախերը, յոյսերը, տխրութիւնները, անձերն ու իրավիճակները։

Բանանք մեր սրտերը 

«Բանանք ուրեմն մեր սրտերը Անոր, պատմենք Իրեն ամէն ինչ։ Կանգ առնենք լռութեամբ մսուրին առջեւ, համտեսելու համար քնքշութիւնը Աստուծոյն՝ որ մօտիկ եղաւ մեզի, մարմին առաւ։ Զայն առանց վախի հրաւիրենք մեր մօտ, մեր տուներուն մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ մեր դիւրաբեկութեան մէջ։ Եւ Ան պիտի գայ ու մեր կեանքը պիտի փոխուի» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով, որ «Ամենասուրբ Աստուածամայրը, որուն մէջ Բանը մարմին առաւ, մեզ օգնէ ընկալելու համար Յիսուսը, որ կը բախէ մեր սրտին դռան, բնակելու համար մեր հետ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2021, 12:07