Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը « Ֆրանչիսկոս Պապն ու Հռոմէական Պատարագամատոյցը Զայիէրէի թեմերուն համար»հատորին ներկայացումի առիթով։

Պատկերասփռուած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց գիրքի ներկայացումի միանալուն համար, «ձեռնարկ մը, որ շատ կարեւոր է Ափրիկէի եկեղեցւոյ համար։» ըսաւ Ան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 1 -ին, Վատիկանի Ռատիոկայանի «Մաքրոնի» անուան դահլիճէն տեղի ունեցաւ Վատիկանի տպագրատան, «ֆրանչիսկոս Պապն ու  Հռոմէական Պատարագամատոյցը Զայիրի թեմերուն համար» հատորին»որուն նախաբանը կը կրէ  Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը 

Պատկերասփռուած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց գիրքի ներկայացումի միանալուն համար, «ձեռնարկ մը, որ շատ կարեւոր է Ափրիկէի եկեղեցւոյ համար։» ըսաւ  Ան։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ նշեալ գիրքը լոյս կը տեսնէ Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ Քոնկոլական ծէսով մատուցած սուրբ պատարագէն մէկ տարի ետք, աւելցնելով, որ գիրքին հեղինակն է Քոյր Մպոշու Քոնկօ եւ գիրքին  ենթախորագիրն է «խոստումնալից ծէս այլ մշակոյթներուն համար»։նկատել տալով որ այդ ենթախորագիրը հիմքը կը կազմէ հատորին  վկայութիւն է ուրախութեամբ ու հաւատքով ապրուած արարողութեան մը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ,որ գիրքի հեղինակներուն ներշնչումի եւ քաջալերանք աղբիւր հանդիսացած են  Վատիկանեան տիեզերական ժողովէն  խնդրուած գիտական ուսումնասիրութեան յարմարեցումի կարեւորութեան սկզբունքները ընդգծելով, որ Քոնկոլական ծէսը հանդիսանալով առաջին եւ միակ ծէսը ներմուծուած Լատին Եկեղեւոյ մշակոյթին մէջ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն ետք, անիկա կրնայ իբրեւ տիպար ծառայել այլ մշակոյթներու համար։ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանիշ ընդելով  Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի կարեւորագոյն սկզբունքներէն մին, որ է առաջարկել կանոններ, տարբեր ժողովուրդներուն բնոյթին եւ աւանդութիւններու  յարմարցնելու համար։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ յիշեց Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսներու սինոդէն բխած  թելադրանքներ  հայող ծէսերուն, ծէսին մէջ ներմուծել բնիկ ժողովուրդներու փորձառութենէն յատուկ տարրեր, անոնց բնութեան հետ ունեցած փորձառութիւնները եւ խթանել հայրենի արտայայտութիւններ՝  երգերու, պարերու, ծէսերու , ժեսթերու և խորհրդանիշներուն մէջ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատկերասփռուած պատգամը ըսելով.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այս հրատարակութիւնը մեզ կը յիշեցնէ որ Քոնկոլական ծէսին  իսկական դերակատարը, Աստուծոյ ժողովուրդն է, որ կ՝երգէ ու  Աստուած ու Յիսուս կը փառաբանէ, որ բոլորս փրկեց։ Յոյսով եմ որ սոյն հրատարակութիւնը մեզ կ՝օգնէ այդ իմաստով յառաջանալու մէջ։» Շնորհակալութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2020, 15:30