Որոնել

Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ հետեւինք Յիսուսի քնքշութեան ճանապարհին

Եթէ համաճարակը մեզ ստիպեց հեռաւորութեան Յիսուս Մսուրին մէջ մեզի ցոյց կու տայ քնքշութեան ճանապարհը, որպէսզի իրարու մօտիկ ըլլանք , որպէսզի ըլլանք մարդկային։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«…Յովսէփ ալ, Դաւիթի տունէն եւ սերունդէն ըլլալով` ճամբայ ելաւ Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն դէպի Հրէաստան, Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթղեհէմ կը կոչուի, արձանագրուելու համար Մարիամի հետ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։  Երբ հոն հասան` Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը եկաւ, եւ ծնաւ իր անդրանիկ որդին, եւ խանձարուրով պատեց ու դրաւ մսուրի մէջ, որովհետեւ իրենց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ»։

Յիսուսի ծնունդը պատմող Ղուկաս Աւետարանիչէն  (Ղուկաս 2, 4-7) քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբացան Քահանայապետին 22 դեկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Նորին Սրբութիւնը առաքելական պալատի մատենադարանէն դարձեալ ներկայացուց ուղիղ եթերի կապով։

«Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ այսօր կ՛ուզեմ խորհրդածութեան մի քանի միտքեր ներկայացնել ի պատրաստութիւն ծննդեան տօնակատարութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով՝ Հրեշտակին հովիւներուն տուած աւետիսին  «Մի՛ վախնաք, ահա՛ ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդին ուրախութիւնը պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի,  որ Օծեալ Տէրն է։ Եւ այս թող նշան ըլլայ ձեզի. մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով պատուած եւ մսուրի մէջ դրուած»։   

«Ընդօրինակելով հովիւները մենք եւս այսօր հոգեպէս կ՛ուղղուինք դէպի Բեթղեհէմ, ուր Մարիամ մսուրի մէջ ի լոյս ընծայեց Մանուկը, որովհետեւ «անոնց համար տեղ չկար իջեւանին մէջ» կը գրէ միշտ Ղուկաս Աւետարանիչը» դիտել տուաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ Սուրբ Ծնունդը դարձած է տիեզերական տօն մը ու թէ ու նաեւ ան՝ որ անհաւատ է կը զգայ այդ տօնին հրապոյրը։     

«Քրիստոնեան սակայն գիտէ թէ Ծնունդը վճռական իրադարձութիւն մըն է. Ան մշտնջենաւոր կրակ է, զոր Աստուած վարեց աշխարհին մէջ եւ չի կրնար շփոթուիլ անցողական բաներու հետ։ Կարեւոր է առ այդ,  որ ան չի դառնայ լոկ զգացական եւ սպառողականութեան տօն մը, հարուստ նուէրներով եւ բարեմաղթութիւններով սակայն աղքատ քրիստոնէական հաւատքով» յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով՝ որ «այս տօնը մեզ կը հրաւիրէ մէկ կողմէն խորհրդածելու պատմութեան ողբերգութեան վրայ, որուն մէջ մեղքէն  վիրաւորուած մարդիկը յարատեւ կը փնտռեն ճշմարտութիւնը, ողորմութիւնն ու ազատութիւնը եւ միւս կողմէն խորհելու Աստուծոյ բարութեան մասին, որ եկաւ մեզի հաղորդելու փրկարար Ճշմարտութիւնը ու մեզ բաժնեկից դարձնելու իր կեանքին ու բարեկամութեան։

«Այս շնորհքի պարգեւը մենք կ՛ընդունինք Ծնունդի պարզութեան եւ մարդկութեան մէջ ու կարող է մեր սրտերէն ու մտքերէն վերացնել յոռետեսութիւնը, որ այսօր տարածուած է համաճարակի պատճառաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հաստատելով՝ որ «մենք կարող ենք յաղթահարել մոլորութեան զգացումը այն գիտակցութեամբ թէ այդ աղքատ եւ հեզ Մանուկը նոյնինքն Աստուած է՝ որ մարդեղացաւ մեզի համար»։

«Այս իրադարձութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը պատճառէ մեծ ուրախութիւն ու նաեւ քաջութիւն։ Աստուած մեզի չի նայեցաւ վերէն այլ եկաւ մեր մօտ, ան չի գարշեցաւ  մեր թշուառութիւններէն, այլ լիովին ստանձնեց  մեր մարդկային բնութիւնն ու վիճակը։  Ան դուրս թողուց միայն մեղքը։ Ան մեզի յայտնեց Աստուծոյ սէրը» ըսաւ ի մէջ այլոց Քահանայապետը։

«Սուրբ Ծնունդը տօնն է Յիսուս Քրիստոսի մէջ մեզի համար մարդեղացած ու ծնած Սիրոյն։ Ան մարդոց լոյսն է,  որ կը ցոլայ խաւարին մէջ եւ իմաստ կը պարգեւէ մարդկային գոյութեան ու համայն պատմութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ու յորդորեց  Սուրբ Ծննդեան տօնին պատրաստուիլ՝ լռութեամբ խոկալով սուրբ մսուրին առջեւ, այս ուղղութեամբ  ակնարկելով անցեալ  տարի հրապարակած ու Մսուրին հայող «Հիանալի նշան» վերնագիրով նամակին։

Թող Տէրը մեզի պարգեւէ զարմանքի շնորհքը, որպէսզի իրեն հանդիպինք, իրեն մօտենանք, յարեց Սրբազան Պապը, որ նախ քան խորհրդածութիւնը աւարտելը ակնարկեց անցեալ օրերուն գիտնականներու հետ ունեցած մէկ զրոյցին, որուն առթիւ Ինք հարց տուած էր. «ո՞րն է այն բանը զոր «Ռոպոթները» պիտի չի կարենան ընել ապագային», ու անոնք պատասխանած էին՝ թէ անոնք երբեք կարող պիտի չ՛ըլլան «քնքշութիւն» պարգեւելու։

«Ահա այս է այն ինչ, որ մեզ Աստուծոյ կը տանի» ըսաւ Սրբազան Պապը, այդ սքանչելի ձեւը որով Ան ուզեց աշխարհ գալ, ու այս մէկը մեր մէջ կ՛արթնցնէ քնքշութիւնը, մարդկային քնքշութիւնը, որ մօտիկ է Աստուծոյ քնքշութեան։ Եւ այսօր մենք մեծ կարիքն ունինք քնքշութեան։ Բազմաթիւ թշուառութիւններու առջեւ կարիքը ունինք շոյանքներու։

Եթէ համաճարակը մեզ ստիպեց հեռաւորութեան Յիսուս Մսուրին մէջ մեզի ցոյց կու տայ քնքշութեան ճանապարհը, որպէսզի իրարու մօտիկ ըլլանք , որպէսզի ըլլանք մարդկային։ Հետեւինք այդ ճանապարհին։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2020, 09:50