Որոնել

Եկուր Տէր Յիսուս։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն ես Լոյսը։ Եկուր Տէր Յիսուս։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն ես Լոյսը։ 

«Մեզ կը սպասէ առաւօտեան Լոյսը» Ֆրանչիսկոս Պապին 5 դեկտեմբերի թուիթը։

Եկուր Տէր Յիսուս, մենք պէտք ունինք քեզի։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն ես Լոյսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այնպէս ինչպէս մինչեւ մեր ծնունդը մեզ կը սպասէին մեզ սիրողները, այժմ մեզ կը սպասէ նոյնինքն Սէրը։ Եւ եթէ սպասուած ենք Երկինքի մէջ, ինչո՞ւ ապրիլ երկրային յաւակնութիւններով։  Ինչո՞ւ ժամանակ վատնել գիշերները բողոքելով, մինչ մեզ կը սպասէ առաւօտեան լոյսը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շաբաթ 5 դեկտեմբերի թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր անցեալ 29 Նոյեմբերին նորընտրեալ կարդինալներու հետ Նորին Սրբութեան Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած պատարագի քարոզէն ուր Ան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուցած էր Յիսնակացի վրայ յատկապէս շեշտը դնելով՝ մօտիկութիւն  եւ հսկում բառերու վրայ։

Խօսելով մօտիկութեան մասին Քահանայապետը ընդգծած էր թէ գալստեան ժամանակը ժամանակ է՝ որուն ընթացքին պէտք է յիշատակել Աստուծոյ մօտիկութիւնը, Ան որ եկաւ բնակելու մեր մէջ։ Հուսկ անդրադառնալով Հսկում բառին Քահանայապետը մատնանշած էր՝ թէ «Հսկել կը նշանակէ  սպասել, կը նշանակէ թոյլ չի տալ, որ յուսալքումը մեր վրայ տիրէ, կը նշանակէ ապրիլ Յոյսի մէջ»։ Ան ապա հրաւիրած էր աղօթել, որովհետեւ աղօթքը կը ձերբազատէ անտարբերութեան քունէն։

Քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը արտասանած էր հետեւեալ  աղօթքը. «Եկուր Տէր Յիսուս, մենք պէտք ունինք քեզի։ Եկուր մեր մօտ։ Դուն ես Լոյսը. Մեզ արթնցուր միջակութեան քունէն, փառատէ անտարբերութեան խաւարները. Եկուր Տէր Յիսուս, արթուն դարձուր մեր ցնորած սրտերը. Մեզի զգալ տուր աղօթելու իղձը եւ սիրելու կարիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2020, 13:30