Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին դեկտեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը. Աղօթքը կարող է իրականութիւնն ու սիրտերը փոխել։

Սրբազան հայրը տեսերիզին մէջ կը զրուցէ աղօթքի զօրութեան մասին, որ կարող է փոխել սիրտերն ու իրականութիւնը ու կը խնդրէ, որ աղօթքի կեանքի միջոցաւ սնանենք Յիսուսի հետ յարաբերութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց կազմակերպութիւնը, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին լոյս ընծայեց ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին դեկտեմբեր ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։  Այս առնչութեամբ համաշխարհային ցանց կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ  նշուած է, թէ Սրբացան հայրը տեսերիզին մէջ կը զրուցէ աղօթքի զօրութեան մասին, որ կարող է փոխել սիրտերն ու իրականութիւնը ու կը խնդրէ, որ աղօթքի կեանքի միջոցաւ կարելի է սնանել Յիսուսի հետ յարաբերութիւնը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին դեկտեմբեր ամսուան տեսերիզը 2020 տարուան վերջինն է ,նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ուր աւեցուցած է նաեւ որ    Քովիտ 19 համաշխարհային համաճարակով բնորոշուած տարուան մը մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը կիսէ Յիսուսի կեանքի գաղտնիքը, բանալին Հօր հետ երկխօսութեան մտնել կարենալու համար, որ է աղօթքը։ Աղօթքի կեանքի միջոցաւ կարելի է ապրիլ անձնական ու խորունկ յարաբերութիւն Յիսուս քրիստոսի հետ եւ փոխել մեր սիրտը։ Աղօթքով,  մտիկ ընելով Յիսուսին խօսքը ու խօսելով Անոր հետ ,մեր կեանքը կը կերպարանափոխուի։  Սա է ճանապարհն Հօր մօտենալու։   Նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ուր ընդգծուած է նաեւ որ Նոյնինքն  պապը աղօթքի մարդ է որուն մասին կը վկայ  պապին տեսերիզի  լուսանկարները՝ առնուած 2020 տարուն ամենէն յուզիչ պահերէն։  Համաճարակի աւարտին համար Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքէն որ կատարեց ,  Սուրբ Պետրոսի  դատարկ հրապարակի վրայ,  Սուրբ Մարչելլոյի Խաչի ուխտագնացութիւնը Հռոմի սիրտը գտնուող   Քորսօ պողոտային մէջ։ Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարէն  ներս Սալուս Փոփութի Ռոմանի սրբապատկերինն դիմաց ֆրանչիսկոս Պապին աղօթք։

Դեկտեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Աղօթքը Եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտն է։ Աղօթքը բանալին է Հօր հետ երկխօսութեան մէջ մտնել կարենալու համար։

Ամէն անգամ, որ Աւետարանէն հատուած մը կը կարդանք, Յիսուսը կը լսենք որ մեզի կը խօսի։ Յիսուսի հետ կը զրուցենք, Յիսուսը կը լսենք ու կը պատասխանենք։

Այս է  աղօթքը։ Աղօթելով աշխարհը կը փոխենք։Մեր սիրտերը  կը փոխենք։ Կրնանք շատ բան կատարել սակայն առանց աղօթքի անգործնական  է։ Աղօթենք որպէսզի մեր Յիսուս Քրիստոսի հետ անձնական յարաբերութիւնը սնանի Աստուծոյ խօսքէն եւ շնորհէ աղօթքի կեանք մը։ Լռութեան մէջ բոլորս եւ իրաքանչիւր անձ սրտանց աղօթէ։»   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2020, 17:00