Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը յորդորեց Ծնունդը ապրիլ իսկական հոգեւոր զգացումով։

Մեր ապրած դժուարութիւնը մեզ օգնէ բիւրեղացնելու մեր Ծնունդը ապրելու ձեւը, զայն տօնախմբենք դուրս գալով սպառողականութենէն, թող ան ըլլայ աւելի կրօնական, աւելի իսկական, աւելի իրական:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 16 դեկտեմբերին առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով գլխաւորած հրապարակային ունկդնդրութեան աւարտին,  Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելով եթերի կապով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալներուն յատուկէն խրախուսեց լաւապէս պատրաստուիլ Սուրբ Ծննդեան տօնին, «իսկական տօնին, այսինքն Յիսուս Քրիստոսին ծնունդը» ըսաւ Ան, դիտել տալով՝ թէ «այս տարի մեզ կը սպասեն սահմանափակումներ եւ անպատշաճութիւններ, սակայն մտաբերենք Սուրբ Կոյսին եւ Սուրբ Յովսէփին Ծնունդը, որքան դժուարութիւններ ապրեցան, որքան մտահոգութիւններ ունեցան բայց եւ այնպէս հաւատքը, յոյսը եւ սէրը զանոնք առաջնորդեցին ու անոնց թիկունք կանգնեցան»։

«Թող այսպէս ըլլայ նաեւ մեզի համար։ Մեր ապրած դժուարութիւնը մեզ օգնէ բիւրեղացնելու մեր Ծնունդը ապրելու ձեւը, զայն տօնախմբենք դուրս գալով սպառողականութենէն, թող ան ըլլայ աւելի կրօնական, աւելի իսկական, աւելի իրական» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2020, 11:17