Որոնել

«Բարեխօսական աղօթքը»։ Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Բոլորս ալ միեւնոյն ծառին տերեւներ ենք, ամէն անգամ որ մէկ մը կ՛անջատուի մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք է աղօթքով աջակցինք մէկը միւսին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ամէն տեսակ աղօթքով եւ աղերսանքներով, միշտ աղօթեցէք Հոգիով, եւ այդ նոյն հոգիով` հսկեցէք ժուժկալութեամբ եւ աղօթեցէք բոլոր սուրբերուն համար։  Աղօթեցէք նաեւ ինծի համար, որպէսզի ինծի տրուի շնորհքը` բերանս բանալու եւ համարձակութեամբ աւետելու Աւետարանին խորհուրդը, որուն պատգամաւորն եմ շղթաներուս մէջ, որպէսզի Անով համարձակութիւնն ունենամ խօսելու ինչպէս որ պարտական եմ»։ Պօղոս առաքեալի  Եփեսացիներուն ուղղած նամակին սոյն հատուածը (Եփ 6, 18-20) առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղիղ եթերով սփռուած 16 դեկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Նորին Սրբութիւնը դարձեալ գլխաւորեց առաքելական պալատի մատենադարանէն շարունակելով աղօթքի մասին իր մտածականներուն շարքը եւ այս անգամ խօսելով բարեխօսական աղօթքի մասին։  

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, Ան որ կ՛աղօթէ աշխարհը երբեք իր թիկունքին ետեւ չի թողուր։ Եթէ աղօթքը չ՛ամփոփէ մարդկութեան ուրախութիւններն ու ցաւերը, յոյսերն ու անձկութիւնները կը դառնայ «զարդարիկ» մտերմիկ գործողութիւն։  Ամէնքս պէտք ունինք ներքինութեան,  վայր ու ժամանակ ուր քաշուինք նուիրուելու համար մեր Աստուծոյ հետ յարաբերութեան։

Այս մէկը սակայն չի նշանակեր փախչիլ իրականութենէն։ Աղօթքին մէջ Աստուած «մեզ կ՛ընկալէ, մեզ կ՛օրհնէ, կը բեկանէ ու կը նուիրէ», բոլորի անօթութիւնը յագեցնելու համար։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ դառնալու բեկանուած եւ բաժնեկցուած հաց» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով աղօթքի մարդոց ու կիներուն, որոնք կը փնտռեն լռութիւնն ու առանձնութիւնը աւելի լաւ մտիկ ընելու համար Աստուծոյ ձայնը ։

Անոնք շատ անգամ կը քաշուին աշխարհէն իրենց սենեակի գաղտնութեան մէջ սակայն ուր ալ որ ըլլան, անոնք միշտ բաց կը պահեն իրենց սրտին դռները  եւ որեւէ անձ որ կը բախէ աղօթողի սրտին դուռը անոր մէջ կը գտնէ սիրտ մը լի գթութեամբ, որ կ՛աղօթէ առանց բացառելու եւ ոչ մէկը։

Առանձնութեան մէջ կ՛անջատուինք ամէն բանէ, որպէսզի ամէն ինչ ու բոլորը գտնենք Աստուծոյ մէջ։ Այսպէսով աղօթողը կ՛աղօթէ ամբողջ աշխարհին համար, իր ուսերուն վրայ կրելով ցաւերը եւ մեղքերը։

Աղօթողը դուռը բախող ամէն մէկ աղքատին մէջ, ամէն մէկ անձին մէջ՝ որ կորսնցուցած է իրերուն իմաստը, կը տեսնէ Քրիստոսին դիմագիծը։

Քրիստոնէականին մէջ գրուած է. Բարեխօսել, խնդրել ի նպաստ ուրիշին… յատուկ է Աստուծոյ ողորմածութեան հետ հաշտ սրտի մը։ Եկեղեցւոյ ժամանակաշրջանին մէջ քրիստոնեայ բարեխօսութիւնը կը մասնակիցի Քրիստոսի բարեխօսութեան. Ան արտայայտութիւնն է սուրբերուն հաղորդութեան» (Թիւ 2635)

Ան որ չի սիրեր իր եղբայրը լրջօրէն չ՛աղօթեր։ Ասոր համար ամէն մէկ աղօթքի մէջ կայ մարդկայնութեան փորձառութիւն մը, որովհետեւ անհատները, երբեք պէտք չէ մերժուին կամ լքուին, որքանով ալ որ անոնք սխալներ կարողանան գործել։

Երբ հաւատացեալ մը մղուած Սուրբ Հոգիէն աղօթէ մեղաւորներուն համար, ընտրութիւններ չի կատարեր, դատապարտական վճիռներ չի տար, ան կ՛աղօթէ բոլորի համար։ Եւ կ՛աղօթէ նաեւ իրեն համար։ Որովհետեւ գիտէ թէ ինք եւս շատ տարբեր չէ այն անձերէն, որոնց համար կ՛աղօթէ։

Փարիսեցիին ու մաքսաւորի առակը միշտ այժմէական է (Ղուկաս 18, 9-14)։ Մենք ուրիշներէն լաւ չենք, բոլորս ալ եղբայրներ ենք, դիւրաբեկութեան, տառապանքի եւ մեղաւոր ըլլալու ընդհանրութեան մէջ։ Ասոր համար Աստուծոյ ուղղած մեր աղօթքը կարելի է ըլլայ հետեւեալը. «Տէր ոչ մէկ կենդանի արարած քու առջեւդ արդար է, բոլորս ալ մեղապարտ ենք, չկայ մէկը որ Քու աչքերուդ դիմաց անթերի ըլլայ։ Տէր ողորմէ մեզի»։ Այս հոգիով աղօթքը պտղաբեր կը դառնայ, որովհետեւ հեզութեամբ կը ներկայանանք Աստուծոյ առջեւ աղօթելու բոլորին համար։ Մինչ Փարիսեցին կ՛աղօթէր սնապարծութեամբ. «Շնորհակալ եմ քեզի Տէր, որովհետեւ ես արդար եմ, ուրիշներու նման չեմ….» Ասիկա աղօթք չէ, մենք մեզի հայելիին նայիլ է, հայելին որ  յարդարուած է սնապարծութեամբ։

Աշխարհը յառաջ կ՛ընթանայ շնորհիւ աղօթողներու այդ ցանցին, որոնք կը բարեխօսեն եւ որոնք շատ անգամ անյայտ են…սակայն ոչ Աստուծոյ համար։ Բազմաթիւ են անյայտ քրիստոնեաները, որոնք հալածանքներու ժամանակ գիտցան կրկնել մեր Տիրոջ խօսքերը. «Հայր ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով՝ թէ «Եկեղեցին իր բոլոր անդամներով առաքելութիւնն ունի ի գործ դնելու բարեխօսութեան աղօթքը ու յատկապէս անոնք՝ որոնք եկեղեցիէն ներս ունին պատասխանատու դեր մը, ծնողները, դաստիարակները, օծեալները հասարակութեան մեծաւորները։

«Բոլորս ալ միեւնոյն ծառին տերեւներ ենք,  ամէն անգամ որ մէկ մը կ՛անջատուի, մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք է աղօթքով աջակցինք մէկը միւսին» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ Աղօթենք մէկը միւսին համար, այս մէկը բարիք կը պատճառէ մեզի ու բարիք է նաեւ բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2020, 09:33