Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրութեան ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով վատիկանեան կանոնական հանգամանք շնորհեց «Աղօթքի Համաշխարհային ցանց» հիմնարկին։

«Աղօթքի Համաշխարհային Ցանց» հիմնարկը իր կեդրոնը պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը Վատիկանեան կանոնական բնոյթ շնորհեց «աղօթքի համաշխարհային ցանց» հոգեւոր հիմնարկին, անոր որպէս կեդրոն ընտրելով Վատիկանը։

Ունկնդրէ լուրը

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ.

«Պապի աղօթքի Համաշխարհային ցանցը» երբեմնի «Աղօթքի առաքելութիւնը», սկիզբ առած է Ֆրանսայի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, հայր Ֆրանսուա Քզաւիէ Կոդրըլէի կողմէ, ան հիմնուած է Յիսուսի Սուրբ Սիրտ հոգեւորականութեան վրայ եւ  ամսական դրութեամբ  կ՛ընդունի  Եկեղեցւոյ Քահանայապետի կողմէ առաջարկուած աղօթքի դիտաւորութիւնները։ 

Մի քան տարիներ առաջ հիմնեցի «Քահանայապետի աղօթքի Համաշխարհային ցանց», որպէս քահանայապետական գործունէութիւն, ընդգծելու համար այդ առաքելականութեան տիեզերական յատկութիւնը ու անկեղծ սիրտով եւ  միշտ աւելիով աղօթելու բոլորիս պահանջը։

«Ինծի սիրելի  հոգեւորական շարժումը խանդավառելու ու համադրելու համար, անոր տալով մեր ապրած ժամանկաներուն համապատասխան կառոյց մը եւ Եկեղեցւոյ առաքելական իշխանութեան ու Վատիկանի Պետութեան ինքնիշխանութեան հիման վրայ» ու ընդառաջելով «Քահանայապպետի աղօթքի Համաշխարհային ցանցի»  խնդրանքին, «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցին» կը շնորհեմ Վատիկանեան կանոնական համգամանք,  անոր կեդրոնը հաստատելով Վատիկանի Պետութեան մէջ եւ որպէս հիմք ունենալով ինքնագրիս կցուող եւ իմ կողմէս վաւերացուած  սահմանադրութիւնը որ ուժի մէջ կը մտնէ սկսեալ 17 դեկտեմբեր 2020»էն։

Նշենք, որ ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ հիմնարկի միջազգային տնօրէն անուանեց Հայր Ֆրէտէրիք Ֆորնոսը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2020, 10:29