Որոնել

Նիճերիայի մէջ վայրագ արարքով սպաննուած հողագործներու դիակները։ Նիճերիայի մէջ վայրագ արարքով սպաննուած հողագործներու դիակները։  

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Նիճերիայի մէջ վայրագ արարքով սպաննուած հողագործներուն համար։

Սրբազան Պապը ու յիշեց նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ 40 տարիներ առաջ սպաննուած չորս միսիոնար մայրապետներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Առաքելական Պալատէն առցանց կատարած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալները ուզեց յատուկէն յիշել Նիճերեան ու ապահովեցնել իր աղօթքները ի տես անցեալ շաբաթ օր այնտեղ տեղի ունեցած ահաբեկչական ողբերգութեան։

«Անցեալ շաբաթ օր Նիճերիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի մէջ վայրագ կերպով սպաննուեցան աւելի քան հարիւր հողագործներ։ Աստուած զանոնք ընդունի իր խաղաղութեան մէջ եւ մխիթարէ անոնց ընտանիքները ու դարձի բերէ սրտերն անոնց՝ որոնք այդպիսի սարսափելի արարքներ կը կատարեն եւ ծանրապէս կը  վիրաւորեն Անոր անունը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու յիշեց նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ 40 տարիներ առաջ սպաննուած չորս միսիոնար մայրապետները, նշելով՝ թէ 1980-ի դեկտեմբերի 2-ին անոնք Էլ Սալվատորի մէջ առեւանգուեցան, բռնաբարուեցան ու սպաննուեցան զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ։ ։

«Անոնք աւետարանական յանձնառումով ու վտանգի ենթարկելով  իրենց կեանքը ուտեստեղէն եւ դեղորայք կը տանէին տեղահաններուն ու օգնութեան կը հասնէին աղքատ ընտանիքներուն։  Այդ կիները  իրենց կեանքը ապրեցան մեծ նուիրումով։ Անոնք օրինակ են բոլորի համար, որպէսզի դառնանք հաւատարիմ միսիոնար աշակերտներ», յարեց Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց տարեցներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, խրախուսելով բոլորը՝ Սուրբ Ծննդեան պատրաստութեան այս շրջանը ապրելու հսկումի եւ Աստուծոյ կամքի վեհանձն որոնումի վերաբերմունքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 10:40