Որոնել

Ընկերային բարեկամութիւն։ Ընկերային բարեկամութիւն։

«Եթէ ընկերային բարեկամութիւն կայ պատերազմներ գոյութիւն չեն ունենար». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Նորին Սրբութեան լսատեսողական պատգամը Պուէնըս Այրէսի մէջ կայացած 23-րդ Հովուական Խնամակալութեան օրուան առթիւ, նուիրուած «հանդիպումի մշակոյթին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 դեկտեմբերի երեկոյեան  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամով մը ուզեց իր մասնակցութիւնը բերել Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնըս Արէսի մէջ կայացած  Ընկերային Հովուական խնամակալութեան 23րդ օրուան,  որուն բնաբանն է «դէպի հանդիպումի մշակոյթ. Բոլորի համար երկիր մը» մինչ ենթատիտղոսն է «Եղբայրութիւն եւ ընկերային բարեկամութիւն»։

Սրբազան Պապը նշեց թէ ընկերային բարեկամութեան նիւթը զինք կը մտահոգէ  որովհետեւ մղուած  ենք «դէպի թշնամութիւն, դէպի պատերազմը» ու յաճախ կը մոռնանք,  որ մեր կոչումը եղբայրութեան ներդաշնակութիւնն է, եղբայրներ ըլլալն է՝ ընկերային բարեկամութիւնն է։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նայիլ թէ ինչպէս կ՛ընթանայ աշխարհը. Ամենուրէք կան պատերազմներ, մաս մաս կատարուած համաշխարհային երրորդ պատերազմ ու այս մէկը ընկերային բարեկամութիւն չէ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ չեն գիտեր իրար հետ երկխօսել, ու նախ քան միւսը իր միտքը պարզաբանէ արդեն անոր պատասխան կը տրուի նախ քան զինք ունկնդրելը։

«Առանց ունկնդրութեան կարելի չէ ունենալ ընկերային բարեկամութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ընկերային բարեկամութիւնը մի գուզէ ունի երկու մեծ թշնամիներ։

Առաջինը գաղափարախօսութիւններն են, որոնք ամէն ինչ կը կառավարեն ու կարող են  զինաթափ ընել մարդկային բնութիւնը։ Իսկ երկրորդ թշնամին կիրքերն են ։ Կիրքը յաճախ կը փորձէ վերացնել միւսը: Եւ թոյլ չտալ, որ միւսը իր տեղը զբաղեցնէ։

Թէեւ աշխարհի մէջ կան «ընկերային  բարեկամութեան լաւ բջիջներ», նկատել տուաւ Սրբազան Պապը,  սակայն ցաւօք կան նաեւ արուարձաններ, ուր  երեխաները ՝ առանց դպրոցի են, առանց ըմպելի ջուրի, մէկ  խօսքով աշխարհ մը՝ առանց արժանապատւութեան:

Եթէ ընկերային բարեկամութիւն կայ պատերազմներ գոյութիւն չեն ունենար, ոչ ալ որեւէ տեսակ անհրաժեշտութիւնները ու ոչ իսկ լաւ չգործող կրթութիւն մը։ Ամէն ինչ պէտք է լիակատար ըլլայ։ Հետեւանքներէն կարող ենք հասկնալ եթէ ընկերային բարեկամութիւն կայ։ Սակայն երբեք չի մորանանք երկու մեծ թշնամիները գաղափարախօսութիւնները, որոնք կ՛ուզեն գերիշխել ժողովրդի մը փորձառութեան վրայ եւ կրքերը՝ որոնք յառաջ կ՛ընթանան ու կը կործանեն փոխանակ դիմելու երկխօսութեան։

«Մի մտածէք ձեր գլուխը ամպերուն մէջ, խոկացէք ոտքերը գետին, շօշափելի տուեալներով» թելադրեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարեց բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2020, 22:30