Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մօտալուտ Ծնունդը թող ըլլայ առիթ դարձի, աղօթքի եւ եղբայրութեան քայլերու». Ֆրանչիսկոս Պապ

Նայինք մեր շուրջը, նայինք մասնաւորապէս անոնց՝ որոնք կ՛ապրին չքաւորութեան մէջ, եղբայրը որ կը տառապի, ան ուր ալ որ ըլլայ մեզի կը պատկանի։ Անիկա Յիսուսն է որ կը տառապի քարայրին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 դեկտեմբեր 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն  Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հարիւրաւոր ուխտաւորներուն նշեց՝ թէ քորոնաժահրի համաճարակը պատճառեց նաեւ յատուկ մէկ անյարմարութիւն ծովային աշխատողներուն։ Անոնցմէ շատեր - կը հաշուըւի գրեթէ 400 հազար մարդ համայն աշխարհի մէջ – իրենց պայմանագրերու պայմաններէն անդին տակաւին կը գտնուին նաւերու վրայ ու չեն կրնար տուն վերադառնալ։

«Աստղ Ծովու՝ Սուրբ Կոյս Մարիամէն կը խնդրեմ, որ թիկունք կանգնի այդ անձերուն ու բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ ու կը խրախուսեմ կառավարութիւնները ոչինչ չի խնայելու, որպէսզի անոնք կարողանան վերադառնալ իրենց սիրելիներուն մօտ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով ապա Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կամարներուն տակ կազմակերպուած «100 մսուրներ» ձեռնարկին ու հրաւիրելով  այցելել այդ մսուրները, «որոնք ըսաւ Սրբազան Պապը, մեծ ուսուցում մըն են մեր հաւատքին համար»։

Ան ապա ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ըսաւ. Մօտալուտ Ծնունդը թող, որ իւրաքանչիւրի համար ըլլայ առիթ ներքին վերանորոգումի, դարձի, հաւատքի մէջ դէպի յառաջ քայլերու եւ մեր միջեւ եղբայրութեան։ Նայինք մեր շուրջը, նայինք մասնաւորապէս անոնց՝ որոնք կ՛ապրին չքաւորութեան մէջ, եղբայրը որ կը տառապի, ան ուր ալ որ ըլլայ մեզի կը պատկանի։ Անիկա Յիսուսն է որ կը տառապի քարայրին մէջ։ Մտաբերենք այս մէկը։ Ծնունդը թող ըլլայ մեր Յիսուսին ցուցաբերած մօտիկութիւնը այդ եղբօր եւ քրոջ  միջոցաւ։

«Այդ կարիքաւոր եղբօր մէջ է որ կը գտնուի մսուրը, որուն պէտք է երթանք զօրակցութեան հոգիով։ Անիկա կենդանի մսուր է, մսուրը ուր պիտի հանդիպինք Փրկչին, կարիքի մէջ գտնուող անձերուն մէջ» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց քալել դէպի այդ մսուրը ու սպասել որ իրագործուի Փրկութեան Խորհուրդը» հուսկ բարի կիրակի մաղթեց բոլորին խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2020, 12:57