Վատիկան Նիուզ
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդմամբ եւ յղում կատարելով Քահանայապետական Տան հոգաբարձութեան որոշումին, այս տարուայ ՝ 25 դեկտեմբեր 2020-ին Քահանայապետական Սուրբ Ծննդեան «Ուրպի Էթ Օրպի» այսինքն Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհին ուղղուած պատգամն ու օրհնութիւնը, տեղի պիտի ունենայ առցանց, ուղիղ եթերի կապով, առաքելական պալատի «Օրհնութիւններու Դահլիճէն», ի տես Քովիտ-19 ժահրի տարածումը կանխարգիլող սահմանափակումներուն։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ 26 եւ 27 դեկտեմբերին ինչպէս նաեւ 2021-ի 1,3 եւ 6 Յունուարին նախատեսուած Քահանայապետական Մարեմեան Աղօթքները եւս տեղի պիտի ունենան ուղիղ եթերի կապով, առաքելական պալատի մատենադարանէն։
Յայտնենք թէ Վերոնշեալ որոշումները որդեգրուած են նկատի առնելով՝ Սուրբ Ծննդեան Տօներուն առթիւ Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ առնուած որոշումներուն, որով կը սահմանափակուի մարդոց շրջագայութիւնը, կանխարգիլելու ու սահմանափակելու համար Քովիտ19 ժահրի տարածումը։