Որոնել

Խրուաթիոյ մէջ երկրաշարժ Խրուաթիոյ մէջ երկրաշարժ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի նպաստ՝ ահաւոր երկրաշարժի թիրախ Խրուաթիային։

29 դեկտեմբերին տեղական ժամանակով ժամը 12.19ին 6.4 ուժգնութեամբ երկրախարշ մը՝ որուն մակակեդրոնը սահմանուեցաւ Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղապրիայէն դէպի հարաւ 50 քմ հեռաւորութեան վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 դեկտեմբեր 2020-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին զոր Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց ուղիղ եթերի միջոցաւ, ան յատուկ կոչ ուղղեց ի նպաստ Խրուաթիային, որ երէկ՝ 29 դեկտեմբերին թիրախ դարձաւ ահաւոր մէկ երկրաշարժի, որ պատճառեց զոհեր եւ մեծ աւերներ։

«Մօտիկութիւն կ՛արտայայտեմ վիրաւորներուն եւ անոնց՝ որոնք թիրախ դարձան երկրաշարժին ու կ՛աղօթեմ յատուկ կերպով անոնց համար որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա յոյս յայտնեց որ Երկրին իշխանութիւնները, միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ,  կարողանան սփոփել Խրուաթիոյ սիրելի ժողովուրդին ցաւերը։

Նշենք թէ երէկ տեղական ժամանակով ժամը 12.19ին 6.4 ուժգնութեամբ երկրախարշ մը՝ հարուածեց Խրուաթիան, որուն մակակեդրոնը սահմանուեցաւ Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զակապրիայէն դէպի հարաւ 50 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2021, 09:59