Որոնել

«Սուրբ Ստեփանոսը վկայ Յիսուսին». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Այսօր աղօթենք անոնց համար որոնք կը տառապին հալածանքներու բերումով Յիսուսին անունին համար։ Աւաղ շատ են անոնք։ Սուրբ Կոյսին յանձնենք մեր այս եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ճնշումին կը պատասխանենք հեզութեամբ ու որպէս Յիսուսին իսկական վկաներ չարը կը յաղթեն բարիով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 դեկտեմբերին եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնը։ Տօնին առթիւ աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ տօնին հայող խորհրդածութիւնը։

«Երէկ Աւետարանը կը խօսէր Յիսուսի մասին, որպէս աշխարհ եկած իսկական լոյս, որ կը «ճառագայթէ խաւարին մէջ» ու «կը յաղթէ խաւարին» (Յովհ. 1, 9.5)։ Այսօր կը տեսնենք Յիսուսին վկան, Սուրբ Ստեփանոսը, որ կը փայլի խաւարին մէջ։Վկաները կը փայլին  Յիսուսին լոյսով։ Լուսնի նման, որ չունի իր սեփական լոյսը, վկաները եւս  չունին իրենց սեփական լոյսը, եւ անոնք ունակ են Յիսուսին լոյսը ընկալել և արտացոլել զայն:

Սուրբ Ստեփանոսը անիրաւ կերպով ամբաստանուեցաւ եւ դաժանութեամբ քարկոծուեցաւ, սակայն ատելութեան խաւարին մէջ ցոլացուց Յիսուսին լոյսը աղօթելով զինք սպաննողներուն համար ու ներերով անոնց։

Ան առաջին մարտիրոսն է, այսինքն վկան, առաջինը եղբայրներու եւ քոյրերու երկար շարքին, որոնք կը շարունակեն լոյս բերել մթութեան մէջ, մարդիկ որոնք չարին կը պատասխանեն բարիով, ու ատելութեան  պարոյրը կը խորտկեն սիրոյ հեզութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ Վկայ կը դառնանք նմանելով Յիսուսին։ Այդ է ամէն մէկ քրիստոնեայի ճանապարհը։ Սուրբ Ստեփանոսը մեզի տուաւ օրինակը։ Յիսուս արդարեւ եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու եւ Սուրբ Ստեփանոսը կ՛ապրի ծառայելու համար, սարկաւագ կը դառնայ, այսինքն ծառայող, եւ ծառայութիւն կը մատուցէ աղքատներուն։ Ան ամէն օր կը փորձէ նմանիլ Յիսուսին ու այս մէկը կ՛ընէ մինչեւ վերջ, աղօթելով եւ  զինք սպաննողներուն համար ներում հայցելով։

«Սակայն Ի՞նչ օգուտ ունի աղօթել ու ներել երբ աշխարհի մէջ տարածուած է չարութիւնը», հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց, թէ «այդ մէկը միայն բարի օրինակ տալու համար չէ, կայ աւելին» ու մատնանշեց Սուրբ Ստեփանոսը քարկոծողներու շարքին գտնուող Սաւուղ անունով երիտասարդին։

«Քիչ ժամանակ ետք Աստուծոյ շնորհքով Սաւուղը դարձի կու գայ եւ կը դառնայ Պօղոս, պատմութեան ամենամեծ առաքեալը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով, որ «Պօղոսը ծնաւ Աստուծոյ շնորհքէն սակայն Ստեփանոսի ներումին միջոցաւ»։ Ահա անոր դարձի սերմը։ Ասիկա ապացոյցն է, որ սիրոյ արարքները պատմութիւնը կը փոխեն, նոյնիսկ ամենափոքր, թաքնուած առօրեայի արարքները, որովհետեւ Աստուած պատմութիւնը կ՛առաջնորդէ հեզ քաջութեամբն անոր, որ կ՛աղօթէ, կը սիրէ եւ կը ներէ։

Տէրը կ՛ուզէ, որ մեր կեանքը դարձնենք արտասովոր գործ մը ամէնօրեայ մեր սովորական ժեստերով, միջավայրին մէջ ուր կ՛ապրինք, ընտանիքի, աշխատանքի, ամենուրէք, մենք կանչուած ենք ըլլալու Յիսուսին վկաները նաեւ պարզապէս ժպիտի մը լոյսը շնորհելով եւ փախչելով շատախօսութեան եւ չարախօսութեան ստուերներէն։ Եւ երբ նշմարենք, թէ կան բաներ, որոնք լաւ չեն ընթանար, փոխանակ քննադատելու եւ դժգոհելու աղօթենք անոնց համար, որոնք սխալեցան։

Սուրբ Ստեփանոս երբ կ՛ընդունէր ատելութեան քարերը կը վերադարձներ ներումի խօսքեր։ Այսպէս ան փոխեց պատմութիւնը։ Մենք ալ ամէն օր կարող ենք չարը փոխել բարիով, ինչպէս կ՛առաջարկէ ասացուածքը «Արմաւենիին պէս ըրէ.  Անոր վրայ  քարեր կը նետեն ու ան խուրմա կը  թափէ»:

Այսօր աղօթենք անոնց համար, որոնք կը տառապին հալածանքներու բերումով Յիսուսին անունին համար։ Աւաղ շատ են անոնք։ Աստուածամօր  յանձնենք մեր այս եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ճնշումին կը պատասխանենք հեզութեամբ ու որպէս Յիսուսին իսկական վկաներ չարը կը յաղթեն բարիով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2020, 12:07