Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք

Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ Քահանայապետի Մարեմեան Աղօթքը։

Մեր Մօր մաքուր գեղեցկութիւնը անկրկնելի է, բայց միաժամանակ ան մեզ կը գրաւէ։ Անոր յանձնուինք ու մէկ անգամ ընդ միշտ ոչ ըսենք մեղքին եւ այո շնորհքին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ ծիսական տօնը կը յիշատակէ փրկութեան պատմութեան սքանչելիքներէն մին՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութիւնը»: Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 8 դեկտեմբերի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքին զոր արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարիամ եւս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, փրկուեցաւ Քրիստոսէն, սակայն ամենեւին արտակարգ կերպով, որովհետեւ Աստուած ուզեց որ իր Որդոյն մայրը առաջին ակնթարթէն իսկ զերծ ըլլար մեղքի թշուառութենէն։ Մարիամ ուրեմն իր աշխարհային համայն կեանքի ընթացքին ազատ էր մեղքի որեւէ բիծէ, «Լի Շնորհքով» (Ղուկաս 1, 28) եւ վայելեց Սուրբ Հոգւոյն եզակի ներգործութիւնը, որպէսզի կարողանար կատարեալ յարաբերութիւն պահպանել իր Որդոյն Յիսուսին հետ։

Եփեսացիներուն ուղղուած Նամակը բացող հոյակապ շարականին մէջ (հմմտ .1.3-6.11-12) Սուրբ Պօղոսը մեզի կը հասկցնէ, որ իւրաքանչիւր մարդ արարած՝ ստեղծուած է Աստուծմէ սրբութեան լիութեան համար, այն գեղեցկութեան համար, զոր  Տիրամայրը զգեցաւ ի սկզբանէ։

Նպատակը որուն կանչուած ենք մեզի համար եւս Աստուծոյ պարգեւ է, որ մեզ ընտրեց աշխարհի ստեղծումէն առաջ, որպէսզի դառնանք սուրբ եւ անբիծ, մեզ նախասահմանեց իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով, որպէսզի ամբողջովին ազատ ըլլանք մեղքէ։

«Մարիամ սկսաւ ապրիլ այս շնորհքը իր մօր արգանդին մէջ, մենք ունինք կենդանի յոյսը այդ մէկը ապրելու Երկնքի մէջ» յարեց ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ  «Այդ մէկը Մարիամին համար եղաւ սկիզբը մեզի համար պիտի ըլլայ աւարտը,  Քրիստոսի շնորհքի մաքրագործող շնորհքին մէջ մեր լուացումէն ետք»։

Բոլոր Սուրբերը անցան այդ նոյն ճանապարհէն։ Նոյնիսկ ամենէ անմեղները կնքուած են սկզբնական մեղքով ու պայքարեցան անոր դէմ։ Բոլորն ալ անցան այդ նեղ դուռէն ու առաջինը եղաւ Յիսուսին հետ խաչուած բարի աւազակը, որուն Յիսուս խոստացաւ «Այսօր իսկ հետս պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»։

«Աստուծոյ շնորհքը նուիրուած է բոլորին, ու շատեր որ այս աշխարհին մէջ վերջիններ են երկնքի մէջ պիտի ըլլան առաջին» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով խորամանկութենէն։

Չի յետաձգենք մեր կեանքի հայող լուրջ խղճի քննութիւն մը, Տիրոջ համբերութիւնը օգտագործելով։ Մենք կարող ենք խաբել մարդիկը, սակայն ոչ Աստուած, Ան կը ճանչնայ մեր սիրտը մեզմէ աւելի լաւ։

Օգտուինք ներկայ պահէն։  Բայց ըմբռնենք այսօրը՝  «ոչ» ըսելու համար չարին և «այո» Աստուծոյ. Բացուելու Անոր Շնորհքին։

Դադրինք մենք մեր վրայ հենելէ մենք մեզ ներքաշելով կեղծաւորութեան մէջ։ Առերեսուինք իրականութեանը, գիտակցինք որ մենք Աստուած ու մերձաւորը չի սիրեցինք պէտք եղածին պէս։ Եւ խոստովանինք այդ մէկը, սկսինք դարձի ուղեւորութիւնը հայցելով ամէնէ առաջ Աստուծոյ ներումը, հաշտութեան Խորհուրդին մէջ ապա  վերականգնենք ուրիշներուն մեր հասցուցած վնասը:

Ասիկա մեզի համար սուրբ եւ անարատ դառնալու ճանապարհն է։ Մեր Մօր մաքուր գեղեցկութիւնը անկրկնելի է, բայց միաժամանակ ան մեզ կը գրաւէ։  Անոր յանձնուինք ու մէկ անգամ ընդ միշտ ոչ ըսենք մեղքին եւ այո շնորհքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2020, 12:06