Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք։ Քահանայապետը հռչակեց «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» յատուկ Տարին։

«Ամորիս Լեթիցիա» առաքելական յորդորագիրին հրապարակութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց հռչակել յատուկ տարի մը նուիրուած «Ընտանիքի սիրոյ ուրախութեան», որուն բացումը պիտի կատարուի Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը՝ 19 Մարտ 2021-ին եւ պիտի աւարտի 2022-ի Յունիսին Հռոմի մէջ նախատեսուած Ընտանիքներու Համաշխարհային 10րդ Հաւաքին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօնը որուն առթիւ արտասանած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Պապը շեշտեց տօնին կարեւորութիւնը։

«Ծնունդէն մի քանի օրեր ետք ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ մեր հայեացքը կեդրոնացնելու Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի Սուրբ ընտանիքին վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը գեղեցիկ համարելով «խորհրդածել այն իրողութեան մասին, որ Աստուծոյ Որդին ուզեց, բոլոր մանուկներու նման, կարիքը ունենալ ընտանիքի մը ջերմութեան»։

Նազարէթի ընտանիքը տիպար ընտանիք

«Ճիշդ ասոր համար է որ Նազարէթի ընտանիքը տիպար ընտանիք է, որուն մէջ բոլոր աշխարհի ընտանիքները կարող են գտնել  իրենց ապահով ներշնչումը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու նշեց, թէ   «Նազարէթի ընտանիքին նմանութեամբ մենք ալ կանչուած ենք վերագտնելու ընտանեկան բջիջի կրթական արժէքը. Ան պէտք է հիմնուած ըլլայ սիրոյ վրայ, որ մշտապէս կը հրահրէ յարաբերութիւնները բանալով յոյսի հորիզոններ։ Ընտանիքին մէջ կարելի է փորձարկել անկեղծ հաղորդութիւն, երբ ան աղօթքի տուն է, երբ սէրը խոր ու բիւրեղ է, երբ ներումը կը գերադասէ անհասկացողութիւնները, երբ կեանքի ամենօրեայ դաժանութիւնը կը մեղմանայ փոխադարձ քնքշութեամբ և Աստծոյ կամքին անդորր հաւատարմութեամբ»։

Ընտանիքը աւետարանող կեանքի օրինակով

«Այսպէսով է, որ Ընտանիքը կը բացուի ուրախութեան, զոր Աստուած կը պարգեւէ բոլոր անոն՝ց որոնք գիտեն ուրախութիւն պարգեւել։ Միեւնոյն ատեն ան կը գտնէ նաեւ հոգեւոր ուժը բացուելու արտաքինին, միւսներուն, եղբայրներու ծառայութեան, ու համագործակցութեան կառուցելու համար աշխարհ մը, որ ըլլայ միշտ աւելի նոր եւ աւելի լաւ, կարող դրական խթաններու, աւետարանող կեանքի օրինակով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ ընտանիքներուն մէջ կան բազմաթիւ հարցեր ու վիճաբանութիւններ, «սակայն ըսաւ, Ան, օրը չ՛աւարտենք քէն վիճակի մէջ այլ հաշտութեամբ» որովհետեւ,  «երկրորդ օրուայ պաղ պատերազմը վտանգաւոր կը դառնայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ընտանիքի մէջ գործածուելիք կարեւոր երեք բառերու. «եթէ կը բարեհաճիս, շնորհակալութիւն., կը ներես»։ Եթէ ընտանիքին մէջ այս բառերը գոյութիւն ունին  ընտանիքը առողջ է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ընտանիքի սիրոյ ուրախութեան նուիրուած Տարի

«Այսօրուայ տօնը մեզի կ՛առաջարկէ ամուսնական եւ ընտանեկան սիրոյ իտէալը այնպէս ինչպէս ընդգծուեցաւ «սիրոյ ուրախութիւնը» առաքելական յորդորագիրին մէջ, որուն հրապարակութեան հինգերորդ տարեդարձը պիտի նշուի յառաջիկայ 19 մարտին» եւ որուն առթիւ պիտի ըլլայ տարի մը նուիրուած «Ամորիս Լեթիցիայի» խորհրդածութիւններուն խորացնելու համար այդ փաստաթուղթին պարունակութիւնը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով այդ խորհրդածութիւնները պիտի տրամադրուին եկեղեցական հասարակութիւններուն եւ ընտանիքներուն, որպէս անոնց ուղեւորութեան աջակցութիւն։

Մասնակցութեան հրաւէր

«Այժմէն իսկ կը հրաւիրեմ բոլորը միանալու ձեռնարկներուն, որոնք պիտի կազմակերպուին Տարւոյն  ընթացքին եւ որոնք պիտի համադրուին Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովին կողմէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը «Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին ու յատկապէս՝  հոգատար հայր ու ամուսին Սուրբ Յովսէփին յանձնելով աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն հետ միասին սոյն ուղեւորութիւնը»։

Ընտանիքը նոր մարդկայնութեան թթխմոր

Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը «Սուրբ Կոյս Մարիամը, որուն պիտի դիմենք այժմ Հրեշտակ Տեառն աղօթքի միջոցաւ, համայն աշխարհի ընտանիքներուն համար ընդունի շնորհքը ըլլալու միշտ աւելիով հրապուրուած աւետարանական Սուրբ Ընտանիքի իտէալներով, որպէսզի դառնան նոր մարդկայնութեան, եւ շօշափելի ու տիեզերական զօրակցութեան թթխմոր» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2021, 12:07