Որոնել

«Մեր սիրտը պատրաստենք զԱստուած ընդունելու համար» Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Այս դժուար ժամանակներու ընթացքին, փոխանակ բողոքելու այն բաներուն համար, զոր համաճարակը թոյլ չի տար իրականացնենք, կատարենք գործեր ի նպաստ աւելի քիչ ունեցողներուն, հոգանք անոնց կարիքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եւ վեցերորդ ամսուն, Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլեայի մէկ քաղաքը որուն անունն էր Նազարէթ, 27 կոյսի մը որ նշանուած էր Դաւիթի տունէն Յովսէփ անունով մարդու մը հետ. եւ կոյսին անունը Մարիամ էր։ 28 Հրեշտակը, անոր մօտենալով` ըսաւ. «Ողջո՛յն քեզի, շնորհքներո՛վ լի, Տէրը քեզի հետ է»։ 29 Այս խօսքերը լսելով, Մարիամ վրդովեցաւ եւ կը խորհէր թէ ինչ կը նշանակէ այս ողջոյնը։ 30 Հրեշտակը ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտար. 31 ահա՛ պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ 32 Ան մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի. 33 Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը` Դաւիթի աթոռը, եւ Յակոբի տան վրայ պիտի թագաւորէ յաւիտեան. եւ անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ 34 Մարիամ հարցուց հրեշտակին. «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ինծի ատիկա, քանի որ ես այր չեմ ճանչնար»։ 35 Հրեշտակը պատասխանեց. «Սուրբ Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի, որովհետեւ Սուրբը որ քեզմէ պիտի ծնի` Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36 Ահա՛ Եղիսաբեթ, քու ազգականդ ալ, որդի մը յղացած է իր ծերութեան ատեն եւ արդէն վեցերորդ ամ-սուայ մէջ է, ինքը որ ամուլ կոչուած էր. 37 որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։ 38 Մարիամ ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ, Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Եւ հրեշտակը մեկնեցաւ անոր քովէն։

Ղուկասի առաջին գլուխէն քաղուած Աւետումի դրուագը պատմող աւետարանական հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, կիրակի 20 դեկտեմբեր 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։

«Գալստեան չորրորդ կիրակիին առթիւ Աւետարանը մեզի դարձեալ կ՛առաջարկէ աւետման դրուագը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ Հրեշտակին արտասանած «Ողջոյն քեզ Մարիամ…. ահա՛ պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես» խօսքերը զուտ ուրախութեան աւետիս մըն էին սակայն այդ ուրախութեան հետ միասին անոնք կը կանխատեսէին նաեւ մեծ փորձանք մը։

Մարիամ խոստացուած էր Յովսէփին եւ  Մովսէսի օրէնքի համաձայն անոնք իրար հետ յարաբերութիւն պէտք չէին ունենալ, ուստի Մարիամ զաւակ մը ունենալով խախտած պիտի ըլլար օրէնքը, որուն բերումով պատիժները սարսափելի էին ու կը նախատեսէին քարկոծումը։

Մարիամ արդարեւ գտնուեցաւ դժուար ընտրանքի դիմաց ՝«Այո» ըսել Աստուծոյ ամէն ինչ վտանգելով, մինչեւ իսկ  իր կեանքը կամ հրաժարիլ այդ հրաւէրէն ու յառաջ ընթանալ իր սովորական ուղիով։

Մարիամ կը պատասխանէ. «Ահա՛ւասիկ, Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։

«Սուրբ Կոյսը  չ՛ըսաւ. «եթէ այդպէս պիտի պատահի թող ըլլայ…այլընտրանք չկայ»։ Ոչ։ Ան թոյլ ու յանձնուող յօժարութիւն չարտայայտեց, այլ զօրեղ եւ կենդանի իղձ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան Աստուծոյ չ՛ենթարկուեցաւ, յարեցաւ Աստուծոյ։  Ան սիրահար մըն է, որ պատրաստ է ամէն բանով եւ անմիջապէս ծառայել իր Տիրոջը։ Ան կարող էր աւելիով ժամանակ խնդրել մտածելու համար, կամ աւելի բացատրութիւնները պահանջել, եւ կամ պայմաններ դնել։ Բայց ժամանակ չի կորսնցուց, Աստուած սպասեցնել չի տուաւ, չի յետաձգեց։

«Քանի անգամներ մեր կեանքը ու նաեւ հոգեւոր կեանքը յատկանշուած եղած են յետաձգելիութիւնով» հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով՝ թէ «այսօր Սուրբ Ծննդեան սեմին Մարիամը մեզ կը հրաւիրէ այո ըսելու,  հակառակ որ ամէն մէկ այոն սուղ գին ունի սակայն երբեք Մարիամի այոյին համարժէք չի կրնար ըլլալ, Ան որ իր այդ «ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» խօսքով մեզ տարաւ փրկութեան» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ապա որ մենք ալ մեր այոն արտասանենք եւ  այս դժուար ժամանակներու ընթացքին, փոխանակ բողոքելու այն բաներուն համար, զոր համաճարակը թոյլ չի տար իրականացնենք, կատարենք գործեր ի նպաստ աւելի քիչ ունեցողներուն, հոգանք անոնց կարիքներուն։

«Որպէսզի Յիսուսը ծնի պատրաստենք մեր սիրտը, աղօթենք, թոյլ չտանք տարուիլ սպառողականութենէն։ Յիսուսն է կարեւորը։ Սպառողականութիւնը, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, առեւանգեց Ծնունդը։ Բեթղեհէմի քարայրը սպառողականութիւն չէ, այնտեղ կայ իրականութիւնը, աղքատութիւնը, սէրը։ Պատրաստենք մեր սիրտը անոր համար,Մարիամի նման, ազատ չարէն, հիւրընկալ ու մօտիկ ընկալելու համար Աստուած» յորդորեց Քահանայապետը հաստատելով թէ  «ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» Մարիամի այս խօսքը  հրաւէր է մենք եւս կատարելու շօշափելի քայլ մը դէպի Սուրբ Ծնունդ, այնպէս ընելով որ Յիսուսին Ծնունդը դպչի նաեւ մեր կեանքին, եւ ապարդիւն չ՛ըլլայ։

«Հրեշտակ Տեառն մէջ այժմ պիտի ըսենք «Թող ըլլայ ինծի քու խօսքին համաձայն» Թող որ Տիրամայրը մեզ օգնէ որպէսզի այդ ըսենք մեր կեանքով, մեր վարուելակերպով Ծնունդը կանխող սպասումի այս օրերու ընկացքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2020, 12:08