Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

«Յիսուս լոյսն է՝ որ լիակատար իմաստ կու տայ մեր կեանքին». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք։

«Որքան Տէրը մեզի մօտ է այնքան մենք ուրախութեան մէջ ենք, որքան Ան հեռու է մեզմէ այնքան մենք տխրութեան մէջ ենք»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ուրախութեան հրաւէրը յատկանիշ է գալստեան ժամանակաշրջանին, սպասումը,  որ կ՛ապրինք, Յիսուսին սպասումը, լի է ուրախութեամբ, այնպէս ինչպէս երբ կը սպասենք մեզի շատ սիրելի անձ մը, օրինակ՝ բարեկամ մը, որուն չենք հանդիպած երկար ժամականէ ի վեր։  Այս ուրախութեան չափանիշը ի յայտ կու գայ մասնաւորապէս այսօր՝ Գալստեան շրջանի երրորդ կիրակիի ծիսակատարութեան մէջ, որ կը սկսի Սուրբ Պօղոսի մէկ յորդորով «Միշտ ուրախացէք Տիրոջմով» որովհետեւ «Ան մօտ է»։ Որքան Տէրը մեզի մօտ է այնքան մենք ուրախութեան մէջ ենք, որքան Ան հեռու է մեզմէ այնքան մենք տխրութեան մէջ ենք»։ Այս խօսքերով է,  որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ  Կիրակի 13 դեկտեմբեր 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւանդական խորհրդածութիւնը, որ ներշնչուած էր օրուան աւետարանական հատուածէն, զոր քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (1, 6-8.19-28) ուր Աւետարանիչը կը խօսի Յովհանէս Մկրտիչի մասին զայն ներկայացնելով, որպէս «Աստուծմէ ղրկուած Մարդ»։

«Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունն էր` Յովհաննէս։  Անիկա վկայութիւն տալու եկաւ, որ լոյսին համար վկայէ, որպէսզի ամէնքը իրմով հաւատան։ Ինքը չէր լոյսը, այլ` եկած էր լոյսին համար վկայելու»։

«Յովհաննէս Մկրտիչը Յիսուսին առաջին վկան է, ըլլայ խօսքով ըլլայ կեանքի նուիրումով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով՝ թէ բոլոր Աւետարանները զայն կը ներկայացնեն, որպէս ան, որ իրագործեց իր առաքելութիւնը Յիսուսը հռչակելով որպէս Քրիստոսը, մարգարներէն խոստացուած Աստուծոյ պատգամաւորը։

Յովհաննէս իր ժամանակներու առաջնորդ մըն է։ Անոր համբաւը տարածուած էր հրէաստանի համայն երկիրն մէջ։ Ան սակայն ոչ իսկ պահ մը մտածեց ու զիջեցաւ ուշադրութիւնը իր վրայ ներքաշելու փորձութեան, այլ մշտապէս առաջնորդեց դէպի Ան, որ պիտի գար. «Ան իմ ետեւէս կու գայ, եւ ես անոր կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ» կ՛ըսէր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

Այս էահա քրիստոնեային ուրախութեան առաջին պայմանը. Ապակեդրոնանալ մենք մեզմէ ու Յիսուսը ընտրել որպէս կեդրոն։ Յիսուս արդարեւ կեդրոնն է, Ան լոյսն է, որ լիակատար իմաստ կու տայ ամէն մէկ մարդու եւ կնոջ կեանքին, որ այս աշխարհ կու գայ։

«Ասիկա նոյնինքն սիրոյ ուժականութիւնն է, որ մեզ կը մղէ դուրս գալ մենք մեզմէ ոչ թէ կորսուելու համար այլ մենք մեզ գտնելու՝ մինչ մենք մեզ կը պարգեւենք մինչ կը փնտռենք ուրիշին բարիքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Յովհաննէս Կարապետ եւս անցաւ այդ ուղեւորութիւնէն ու հասաւ վկայելու Յիսուսը։

Ուրախութեան ուղեւորութիւնը շրջապտոյտ մը չէ։ Ան ամէն ինչ թողուց երիտասարդ հասակին առաջնահերթութիւն տալու համար Աստուծոյ, բոլոր սրտով եւ բոլոր ուժերով ունկնդրելու համար Անոր Խօսքը։ Քաշուեցաւ անապատ մերկանալով մակերեսային բոլոր իրերէ, որպէսզի ազատութեամբ հետեւի Սուրբ Հոգիի քամիին։

Թէեւ անոր անձնաւորութեան մի քանի յատկութիւնները կը մնան եզակի, սակայն անոր վկայութիւնը օրինակելի է բոլոր անոնց համար, որոնք կը ցանկական փնտռել կեանքին իմաստը և գտնել իսկական ուրախութիւն:

«Կարապետը յատկապէս օրինակ է անոնց համար, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ կանչուած են հռչակելու Քրիստոսը ուրիշներուն, այդ մէկը կարող են ընել իրենք իրենցմէ  եւ աշխարհիկութենէն անջատուելով, եւ մարդիկը ոչ թէ իրենց վրայ այլ Յիսուսին ներքաշելով», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը վերահաստատելլով թէ այս է մեր ուրախութիւնը՝ կողմոնորշուիլ դէպի Յիսուսը։

Ուրախութիւնը պէտք է ըլլայ մեր հաւատքին բնութագիրը։ Նոյնիսկ խաւար պահերուն մենք ունինք ներքին ուրախութիւնը որ հիմնուած է այն համոզումին ու գիտակցութեան վրայ թէ Տէրը իմ հետս է։ Տէրը, Տէրը, այս է մեր կեանքին կեդրոնը։ Մեր ուրախութեան կեդրոնը, ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Մարեմեան Աղօթքին «որուն մէջ կը տեսնենք թէ այս բոլորը իրականացաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին մէջ» յարեց Ան ընդգծելով թէ Մարիամ լռութեան մէջ սպասեց Աստուծոյ Փրկութեան Բանը, զայն ունկնդրեց, զայն ընկալեց, զայն յղացաւ։ Անոր մէջ Աստուած մեզի մօտիկ դարձաւ։  Ասոր համար է որ Եկեղեցին Մարիամը կը կոչէ «Մեր ուրախութեան պատճառը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2020, 12:08