Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք

«Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը» 6 դեկտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Մենք դարձի կու գանք իսկապէս այն չափով, որ մենք կը բացուինք Աստուծոյ գեղեցկութեան, բարութեան եւ քնքշութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 դեկտեմբեր 2020-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն»ը՝ Մարեմեան աւանդական աղօթքը,  որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ (Մարկոս 1, 1-8), որ կը խօսի Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան ու առաքելութեան մասին։

«Ան իր ժամանակակից մարդոց ցոյց տուաւ հաւատքի ընթացք մը նման այն ընթացքին զոր յիսնակացը մեզի կ՛առաջարկէ. Ապաշխարութեան ուղեւորութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը բացատրելով թէ ապաշխարութիւնը Սուրբ Գիրքին մէջ կը նշանակէ փոխել ընթացքը, կողմնորոշումը։ Մինչ բարոյական եւ հոգեւոր կեանքին մէջ կը նշանակէ չարէն ուղղուիլ դէպի բարին, մեղքէն դէպի Աստուծոյ սէրը։

«Յովհաննէս կը մկրտէր անապատին մէջ եւ կը քարոզէր ապաշխարութեան մկրտութիւնը մեղքերու թողութեան համար (Մարկոս 1, 4), այդ մկրտութիւնը սակայն ապարդիւն էր եթէ տրամադրութիւն չկար դարձի գալու եւ փոխելու կեանքի ընթացքը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով՝ թէ «ապաշխարութիւնը կ՛ենթադրէ ցաւ՝ գործուած մեղքերուն համար, անոնցմէ ազատուելու ցանկութիւն եւ  առաջադրանք զանոնք վերջնականապէս բացառելու մեր կեանքէն»։ Մինչ մեղքը բացառելու համար պէտք է մերժել ամէն բան, որ անոր կապուած է, աշխարհիկ մտայնութիւնը, հանգստութեան, հաճոյքի, բարեկեցութեան եւ հարստութիւններուն գերագնահատումը, ինչպէս էր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը,  որ կը փնտռէր միայն էականը։

«Ապաշխարութեան միւս ոլորտը Աստուծոյ եւ անոր Արքայութեան որոնումն է» նշեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ աշխարհիկ մտայնութեան ու հանգստութիւններէն հեռանալը նպատակամղուած է իրականացնելու աւելի մեծ բան մը՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը, Աստուծոյ հետ հաղորդութիւն, Անոր հետ բարեկամութիւնը։

Թէեւ այս մէկը դիւրին չէ, որովհետեւ բազմաթիւ կաշկանդումներ մեզ կը պահեն մեղքին մօտիկ, եւ յաճախ չափազանց թոյլ է այն մղումը, զոր կը զգանք Տիրոջ հանդէպ ու կը թուի թէ Աստուած լռած է, մեզի հեռու եւ անիրական կը թուին անոր մխիթարութեան խոստումները ուստի փորձութիւնն ունինք ըսելու թէ կարելի չէ դարձի գալ իսկապէս ու փոխանակ ապաշխարելու աշխարհէն դիպի Աստուած, վտանգը կայ, որ մնանք միջակ կեանքի «սահուն աւազներուն» մէջ։

«Ի՞նչ ընել այս պարագաներուն» հարց տուաւ Սրբազան Պապը։

Ամէնէ առաջ յիշել թէ ապաշխարանքը շնորհք մըն է, զոր պէտք է խնդրել Աստուծմէ։ Մենք դարձի կու գանք իսկապէս այն չափով, որ մենք կը բացուինք Աստուծոյ գեղեցկութեան, բարութեան եւ քնքշութեան։

Այդ ժամանակ է, որ կը թողունք ամէն ինչ, որ կեղծ ու ժամանակաւոր է, ի նպաստ այն բանին, որ իրական, գեղեցիկ ու յաւերժ է։

Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, որուն միւս օրը պիտի տօնենք Անարատ Յղութեան Տօնը, մեզի օգնէ միշտ աւելիով բաժնուելու մեղքէն ու աշխարհիկութենէն, որպէսզի բացուինք Աստուծոյ,  Անոր Խօսքին, Անոր սիրոյն, որ կը վերակենդանացնէ եւ կը փրկէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2020, 12:09