Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Սուրբ Կոյս Մարիամը աղօթքի կին» 18 նոյեմբերի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Մարիամ աղօթքով կ՛ընկերակցի Յիսուսի համայն կեանքին. Մինչեւ մահն ու յարութիւնը. Ու նաեւ կ՛ուղեկցի նորածին Եկեղեցւոյ առաջին քայլերուն։ Ան կ՛աղօթէ աշակերտներուն հետ որոնք ապրեցան խաչի գայթակղութիւնը։ Կ՛աղօթէ Պետրոսին հետ որ զիջեց վախին ու լացաւ խղճի խայթի համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ Նոյեմբեր ամսուայ սկիզբէն ի վեր, քովիտ19 համաճարակի տարածումը կանխարգիլելու միտումով, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները կը գլխաւորէ առցանց առաքելական պալատի մատենադարանէն, առանց հաւատացեալներու ներկայութեամբ, շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները անդրադարձաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝ որպէս աղօթքի կին, որ իր սրտին մէջ կը պահէր ամէն ինչ։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը.

Աղօթքի մասին խորհրդածութիւններու մեր ուղեւորութեան ընթացքին այսօր կը հանդիպինք Սուրբ Կոյսին, որպէս աղօթքի կին։  Մարիամ Նազարէթի երիտասարդ աղջիկը, որ մշտական երկխօսութեան մէջ էր Աստուծոյ հետ։

Ան շնորհքով լի եւ անաղարտ էր ի ծննդէ  սակայն տակաւին ոչ մէկ բան գիտէր իր զարմանալի եւ արտասովոր կոչումի մասին եւ փոթորկոտ այն ծովու մասին, որ ստիպուած պիտի ըլլար նաւարկել։

Մարիամը ինք չէ՝ որ իր կեանքը կ՛առաջնորդէ, ան կը սպասէ, որ Աստուած ստանձնէ այդ ուղեւորութեան  ղեկը ու զինք առաջնորդէ այնտեղ ուր կ՛ուզէ։  Ան հլու է եւ իր այս տրամադրութեամբ կը պատրաստէ այն մեծ իրադարձութիւնները, որոնք զԱստուած կը ներգրաւեն աշխարհին մէջ:

Մարիամի՝ փոքր եւ հսկայական «ահաւասիկ եմ» խօսքը,  ուրախութեամբ կ՛ողողէ համայն ստեղծագործութիւնը:

Աղօթելու աւելի լաւ ձեւ չկայ, քան Մարիամի նման մենք մեզ դնել բացուածքի վերաբերմունքի մէջ. «Տէ՛ր, այն ինչ որ կ՛ուզես, երբ կ՛ուզես և ինչպէս որ կ՛ուզես»:

Աղօթքը գիտէ, թէ ինչպէս թօթափել անհանգստութիւնը, գիտէ ինչպէս զայն վերածել մատչելիութեան:

Մարիամ աղօթքով կ՛ընկերակցի Յիսուսի համայն կեանքին, մինչեւ մահն ու յարութիւնը. Ու նաեւ կ՛ուղեկցի նորածին Եկեղեցւոյ առաջին քայլերուն։ Ան կ՛աղօթէ աշակերտներուն հետ, որոնք ապրեցան խաչի գայթակղութիւնը։ Կ՛աղօթէ Պետրոսին հետ, որ զիջեց վախի դիմաց ու լացաւ խղճի խայթի համար։

Մարիամին աղօթքը՝ լռելեան է։ Անոր ներկայութիւնը աղօթք է եւ այդ աղօթքը կը կանխէ ապագան. Սուրբ Հոգիին շնորհքով ան դարձաւ Աստուծոյ Մայրը ու Մայրը Եկեղեցւոյ։

Սուրբ Կոյս Մարիամի մօտ կանանց բնական գուշակման զգացումը կ՛ուժեղանայ Անոր Աստուծոյ հետ եզակի միութեան շնորհիւ, աղօթքի միջոցաւ։ 

Ասոր համար Աւետարանը կարդալով կը թուի որ ան շատ անգամ կ՛անյայտանայ ապա կը յայտնուի վճռական պահերուն։ Աստուծոյ ձայնն է որ կ՛առաջնորդէ անոր սիրտը եւ անոր քայլերը այնտեղ ուր կարիքը կայ անոր ներկայութեան։  Օրինակ Կանայի հարսանիքը երբ Յիսուս կատարեց առաջին «նշանը» որով յայտնեց իր փառքը, Կամ խաչի ոտքին, միացած իր զաւկին, ցաւի եւ սիրոյ մէջ։ Մարիամ կ՛աղօթէ որպէս Մայր եւ որպէս աշակերտուհի։ 

«Մարիամ ամէն ինչ կը պահէր իր սրտին մէջ, եւ սրտին մէջ կը մտածէր». Այսպէս է որ Ղուկաս աւետարանիչը կը ներկայացնէ Տիրոջ Մայրը մանկութեան աւետարանին  մէջ։

Անոր շուրջ բոլոր անցուդարձները ի վերջոյ կը ցոլան անոր սրտի խորքին մէջ. Ուրախութեամբ լի օրերը ու նաեւ խաւար օրերը. Երբ ինք եւս դժուարութիւն ունէր հասկնալու՝ թէ ո՞ր ճանապարհով է, որ պէտք է անցնի փրկութիւնը։

Մէկ մը Մարիամի սիրտը համեմատեց  անզուգական շքեղութեամբ մարգարիտի մը, կազմուած եւ ձեւաւորուած Աստուծոյ կամքին համբերատար ընկալումով աղօթքի մէջ, խորհրդածուած Յիսուսին խորհուրդներու միջոցաւ։

«Որքան գեղեցիկ պիտի ըլլար եթէ մենք եւս քիչ մը մեր մօրը նմանինք» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2020, 09:32