Որոնել

«Հոգ տանինք մէկը միւսի դիւրաբեկութեան» «Հոգ տանինք մէկը միւսի դիւրաբեկութեան» 

«Հոգ տանինք մէկը միւսի դիւրաբեկութեան» Ֆրանչիսկոս Պապին 24 նոյեմբերի թուիթը։

Եթէ իւրաքանչիւրը ունի մեծ արժէք պէտք է յստակօրէն եւ վճռակամ ըսել թէ « աւելի քիչ կենսամիջոցներով կամ պակաս զարգացում ունեցող վայրերու մէջ ծնած ըլլալու փաստը արդարացում չէ որ որոշ մարդիկ ապրին նուազ արժանապատւութեամբ»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկէք հոգ տանինք իւրաքանչիւր մարդու, իւրաքանչիւր կնոջ, իւրաքանչիւր մանուկի եւ իւրաքանչիւր ծերունիի դիւրաբեկութեան, մեր այդ աջակից եւ ուշադիր վերաբերմունքով բարի սամարացիի մօտիկութեան վերաբերմունքով #FratelliTutti»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 Նոյեմբերի հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Քահանայապետի  Fratelli Tutti վերջին շրջաբերականէն, ուր նորին Սրբութիւնը որպէս եղբայրութեան տիպար կը ներկայացնէ բարի սամարացին ու անոր վերաբերմունքը։

Շրջաբերականի այլ մէկ հատուածին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ՝ թէ «Կայ արմատական  մէկ ճանաչում մը, որ հիմնական է քալելու համար դէպի ընկերային բարեկամութիւնը եւ տիեզերական եղբայրութիւնը, այն է իրազեկ դառնալ, որքան արժէք ունի մարդ արարածը, որքան արժէք ունի անհատը, մշտապէս եւ որեւէ իրադարձութեան մէջ։  Եթէ իւրաքանչիւրը ունի մեծ արժէք պէտք է յստակօրէն եւ վճռակամ ըսել թէ « աւելի քիչ կենսամիջոցներով կամ պակաս զարգացում ունեցող վայրերու մէջ  ծնած ըլլալու փաստը արդարացում չէ որ որոշ մարդիկ ապրին նուազ արժանապատւութեամբ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2020, 13:30