Որոնել

Վիեննայի ահաբեկչական արարքի զոհերու յիշատաին։ Վիեննայի ահաբեկչական արարքի զոհերու յիշատաին։  

Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ դատապարտեց ահաբեկչութիւնը եւ մօտիկութիւն յայտնեց զոհերուն։

Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնեմ ողբերգական կերպով մահացած անձերը եւ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս կ՛արտայայտեմ անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ ցաւալի իրադարձութիւններուն պատճառաւ, որոնք կը ձգտին ատելութեան եւ բռնութեան միջոցաւ վտանգի տակ դնել կրօններու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի  4 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ յիշեց Նիս եւ Վիեննայի քաղաքներու մէջ անցեալ օրերուն տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները, զանոնք որակելով «դատապարտելի իրադարձութիւններ, որոնք կը ձգտին բռնութեամբ և ատելութեամբ վտանգել կրօններու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը»:

«Ննջեցեալներու համար աղօթքի այս օրերուն, յիշեցինք եւ կը յիշենք տակաւին ահաբեկչութեան անմեղ զոհերը, որուն դաժանութեան սրացումը կը տարածուի եւրոպայի մէջ։ Կը մտածեմ  յատուկ կերպով Նիս քաղաքի աղօթատեղիի մէջ տեղի ունեցող ծանր յարձակումին եւ Վիեննայի ճանապարհներու վրայ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, որոնք բնակչութեան մէջ  եւ բոլոր անոնց մէջ՝ որոնք ի սիրտ ունին խաղաղութիւնն ու երկխօսութիւնը, յառաջացուցին հիասթափութիւն եւ սարսափ։

Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնեմ ողբերգական կերպով մահացած անձերը եւ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս կ՛արտայայտեմ անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ ցաւալի իրադարձութիւններուն պատճառաւ, որոնք կը ձգտին ատելութեան եւ բռնութեան միջոցաւ վտանգի ենթարկել  կրօններու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2020, 10:47