Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին։  

Քահանայապետը յիշեց Կեդրոնական Ամերիկան, Եթովպիան, Լիպիան եւ ու խնդրեց աղօթել խաղաղութեան համար։

Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ Իտալիոյ մէջ յիշատակուող Գոհաբանութեան Օրուան ինչպէս նեաւ Պարսելլոնայի մէջ երէկ տեղի ունեցած Խուան Ռոյկ Ի Տիկլէն, աշխարհական մարտիրոսի երանացման արարողութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 նոյեմբեր 2020-ի կէսoրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն նախ յիշեց երէկ Պարսելոնայի մէջ Երանելի հռչակուած Խուան Ռոյկ Ի Տիկլէն, աշխարհական մարտիրոսը, որ սպաննուեցաւ սպանական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հազիւ 19 տարեկանին։

Երանելի  Խուան Ռոյկ Ի Տիկլէ

«Ան եղաւ Յիսուսին վկան աշխատանքի միջավայրին մէջ ու մնաց Անոր հաւատարիմ մինչեւ կեանքի զոհաբերում» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնելով, որ անոր օրինակը բոլորին մէջ  հրահրէ իղձը լիութեամբ ապրելու քրիստոնէական կոչումը։

Կեդրոնական Ամերիկան հարուածող փոթորիկը

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Կեդրոնական Ամերիկային ու այդ տարածաշրջանը հարուածող զօրեղ փոթորիկին, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ, որոնք ծանրացուցին  համաճարակի պատճառաւ արդեն իսկ ծանր իրավիճակը։

«Տէրը ընկալէ մեռեալները, մխիթարէ անոնց ընտանիքները ու թիկունք կանգնի անոնց՝ որոնք կը տառապին ու նաեւ անոնց՝ որոնք յանձնառու են օգնելու զանոնք» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի նաեւ Եթովպիայէն հասնող լուրերուն ու այդ ուղղութեամբ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց մերժելու զինեալ հակամարտութիւնը։

Աղօթք Եթովպիայի համար

«Բոլորը կը հրաւիրեմ աղօթքի եւ եղբայրական յարգանքի, երկխօսութեան եւ տարաձայնութիւններու խաղաղ կարգաւորման», Յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աղօթք Լիպիայի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար։ 

Ան ապա մատնանշեց Թունիզի մէջ կայացած քաղաքական երկխօսութեան Ֆորումի հանդիպումին, մաղթանք յայտնելով, որ այդ հանդիպումը հանգի լուծումի ու վերջ դնէ Լիպիացի  ժողովուրդի տառապանքին։

«Աղօթենք Ֆորումի պատուիրակներուն համար Լիպիայի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ յիշեց նաեւ Իտալիայի մէջ այսօր յիշատակուող «Գոհաբանութեան օր»ը որուն նիւթն է «Ջուրը երկրին օրհնութիւն»։

«Ջուրը երկրին օրհնութիւն»

Ջուրը ըսաւ Սրբազան Պապը կենսական է գիւղատնտեսութեան համար ու կենսական է նաեւ կեանքի համար։ Մօտիկ եմ աղօթքով գիւղական աշխարհին։ Անոնց աշխատանքը շատ աւելիով կարեւոր է այս տագնապի պահուն։ Կը միանամ Իտալիայի եպիսկոպոսներուն, որոնք կը խրախուսեն ջուրը պաշտպանել որպէս հասարակաց բարիք, որուն օգտագործումը պէտք է յարգէ անոր տիեզերական նպատակը։

Քահանայապետը ի վերջոյ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու  զանազան խումերը անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ հրաժեշտ առաւ ըսելով «մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2020, 12:13