Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ափրիկէի եւ Ամերիկայի Ընկերային իրաւունքի Կոմիտէներու անդամ դատաւորներու առցանց հանդիպումին առիթով

«Ընկերային արդարութեան կառուցում. Խոցելիութեան պայմաններու մէջ ապրող մարդոց հիմնարար իրաւունքներու լիարժէք կիրառման ուղղութեամբ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նոր ընկերային արդարութիւն կառուցելու համար պէտք է ընդունիլ որ քրիստոնէական աւանդութիւնը երբեք «որպէս բացարձակ եւ անձեռնմխելի չի ճանչնար մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքը» եւ միշտ ընդգծած է անոնց ընկերային գործառոյթը։

Երբ ապա կը դիմենք օրէնքներուն եւ օրէնսդրութեան «աղքատներուն կու տանք անհրաժեշտ բաներ,  անոնց չենք տար մեր սեփականութիւնները եւ ոչ ալ ուրիշներունը այլ անոնց կը վերադարձնենք ինչ որ իրենցն էր»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամին սիրտը, զոր Նորին Սրբութիւնը ուղղեց երկուշաբթի 30 նոյեմբերի երեկոյեան ՝ «Ընկերային արդարութեան կառուցում. Խոցելիութեան պայմաններու մէջ ապրող  մարդոց հիմնարար իրաւունքներու լիարժէք կիրառման ուղղութեամբ»  վերտառութեամբ Ափրիկէի եւ Ամերիկայի Ընկերային իրաւունքի Կոմիտէներու անդամ դատաւորներուն 30 նոյեմբեր մէկ դեկտեմբերն գումարուած առցանց առաջին հանդիպումին առիթով։

Քահանայապետը նախ առաջին պատգամով մը բացումը կատարեց վերոնշեալ հաւաքին ու ողջունելով մասնակիցները ուրախութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած առիթին բացումը կատարելու աշխատանքային նիստերուն,  գնահատելով հաւաքին ձեռնարկը որով մասնակիցները պիտի «մտածեն,  մեկնեն եւ կառուցեն ընկերային «նոր» արդարութիւնը»։

Դատաւորները նման բանաստեղծներուն խնամելու համար աղքատներն ու մայր հողը

«Ի տես ընկերութեան մը, որ այսօր որոշակի անվստահութեամբ կը նայի անոնց՝ որոնք իշխանութիւն ունին որոշելու թէ ո՞րն է ճիշտը, սոյն ձեռնարկը վերականգնող բալասան մըն է» ըսաւ Սրբազան Պապը դատաւորները եւս որակելով բանաստեղծներ՝ նման ընկերային շարժումներուն։

«Բանաստեղծը կարիքը ունի խոկալու, մտածելու, հասկնալու իրականութեան երաժշտութիւնը ու զայն կը ձեւաւորէ բառերով։  Դուք ալ ձեր որեւէ մէկ որոշումի մէջ, որեւէ դատավճիռի մէջ կը գտնուիք բանաստեղծութիւն կատարելու կարելիութեան դիմաց. Բանաստեղծութիւն մը, որ կը խնամէ աղքատներուն վէրքերը  որ կը միաւորէ մոլորակը, որ կը պաշտպանէ մայր հողը ու անոր բոլոր սերունդները»։

Արդար արդարութիւնը կ՛ուրախացնէ երկիրները

«Բանաստեղծութիւն մը որ կը վերականգնէ, կը հատուցանէ եւ կը սնուցէ», յարեց Սրբազան Պապը յիշեցնելով որ երբ արդարութիւնը իրապէս արդար է այդ մէկը երջանիկ կը դարձնէ երկիրները եւ արժանապատուութիւն կու տայ անոր բնակիչներուն։

«Ոչ մէկ դատավճիռ կարող է արդար ըլլայ եթէ ան աւելի անհաւասարութիւն, աւելի իրաւունքներու կորուստ ու բռնութիւն արտադրէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով դատաւորները գործնական դարձնել իրենց բանաստեղծութիւնը, որպէսզի ըլլան աւելի լաւ դատաւորներ։

Իսկ հաւաքի ընթացքին լսատեսողական պատգամին մէջ   Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ անկասկած հիանալի նորութիւն է՝ համայն մարդկութեան համար այսպիսի ճգնաժամային պահի ընթացքին այն փաստը, որ կանայք և տղամարդիկ, որոնք կ՛աշխատին ի նպաստ արդարութեան տարածումին, միասին հաւաքուին ՝ մտածելու իրենց աշխատանքի մասին և կառուցելու նոր ընկերային  արդարութիւն,:

Հինգ հիմքեր ընկերային նոր արդարութեան մը համար

Կարեւորելով ընկերային արդարութեան գաղափարը Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատեց հինգ կարեւոր հիմքեր, «որուն վրայ պէտք է հենու ընկերային արդարութիւնը» եւ ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խօսեցաւ իրականութեան հետ կապուած հարթութեան մասին նշելով ՝որ բոլոր գործունէութիւնները պէտք չէ անտեսեն իրականութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրի մարդկութիւնը այսօր ու թէ պէտք չէ անջատուած ըլլալ այդ իրականութենէն։

Հաւաքական աշխատանք, Բարի Սամարացիի տիպարը

Երկրորդ հիմքը  Քահանայապետին համար հաւաքական աշխատանքն է, ուր բոլոր մարդիկը կը խոստովանին, թէ ինչպէս բարին ու սէրը այնպէս ալ արդար ըլլալը պարտականութիւն մըն է, զոր պէտք է ձեռք բերել ամէն օր, եւ այս մէկը պէտք է գործադրել հետեւելով բարի սամարացիի օրինակին։ Այս մէկը, ըսաւ Սրբազան Պապը, երրորդ հիմքն է, դիտել տալով թէ «միշտ կայ յաճախակի փորձութիւնը ուրիշներու հանդէպ անշահախնդրութիւն ցուցաբերելու, յատկապէս տկարներուն նկատմամբ»։

Պէտք է ընդունինք որ յաճախ մենք կ՛անտեսենք իրավիճակները մինչեւ այն ատեն, որ անոնք անմիջական կերպով մեզի չեն դպնար։  Անշահախնդիր յանձնառումը կը նշանակէ  մեր վրայ վերցնել ուրիշին ցաւը առանց իյնալու անտարբերութեան մշակոյթին մէջ։

Հիմնուիլ պատմութեան վրայ անոնց որոնք իրենց կեանքը տուին համապարփակ մարդկութեան համար։

Որպէս չորրորդ կէտ Սրբազան Պապը դիտել տուաւ թէ պատմութիւնը առաջատար առանցք է կառուցելու համար ընկերային առադրութիւնը։ Պատմութեան մէջ կան յաղթանակներն ու նահանջները։ Այնտեղ է՝ որ կը գտնենք արիւնն անոնց, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին լիակատար ու համապարփակ մարդկութեան մը ի նպաստ։ Անցեալին մէջ կան փորձառութիւններու արմատները, զոր այսօր պէտք է վերամտածել, աճեցնել ու հզօրացնել։

Աստուծոյ Ժողովուրդը

Ժողովուրդը հինգերորդ հիմքն է, որուն վրայ կառուցել ընկերային արդարութիւնը մեկնելով աւետարանէն ուր Աստուած մեզմէ հաւատացեալներէս  կը խնդրէ դառնալ Իր ժողովուրդը, ոչ թէ Աստուծոյ «առանձնաշնորհեալներ» այլ ժողովուրդ»  յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւաքին մասնակցողները իրենց կարգին ըլլալու զօրակից եւ արդար։

Զօրակցութիւն պայքարելով «ուրիշները չարաշահելու» մշակոյթին  դէմ

Զօրակից պայքարելով աղքատութեան կառուցուածքային պատճառներուն դէմ, անարդարութեան, աշխատանքի, հողի եւ բնակարանի պակասին դէմ»։

«techo, tierra y trabajo» Հող, բնակարան եւ աշխատանք, ասոնք են, որ մեզի արժանապատուութիւն կու տան» հաստատեց Սրբազան Պապը ու խրախուսեց պայքարիլ անոնց դէմ՝ որոնք կը ժխտեն աշխատաւորներու ընկերային իրաւունքը, պայքարիլ այն մշակոյթին դէմ, որ կը մղէ ուրիշները շահագործել, զանոնք ստրկացնելով ու անոնցմէ խլելով արժանապատուութիւնը։

«Զօրակցութիւնը արդարեւ իր խոր իմաստով պատմութիւն կերտելու ձեւ մըն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց արդարութեան նշելով որ արդար են անոնք որոնք արդարութիւն կը կատարեն։

Արդարութիւն

Արդար ենք իմանալով թէ երբ կը դիմենք օրէնքին աղքատներուն կու տանք անոնց անհրաժեշտ բաները, իրենց պատկանող բաները։

Չկայ ընկերային արդարութիւն, որ հիմնուած ըլլայ անհաւասարութեան վրայ, որ կը նախատեսէ հարստութիւններու կեդրոնացումը»  նշեց հուսկ Սրբազան Պապը ու պատգամը աւարտեց բոլորին մաղթելով խորհրդածութեան հիանալի օր, այն յոյսով՝ որ բոլոր այն բաները, որոնք պիտի կառուցուին ընկերային արդարութեան համար դառնան նոր եւ հրատապ դատական գործունէութիւն, որ սատարէ ու այնպէս ընէ որ մարդկութիւնը կարողանայ ընդելուզուիլ լիութեան եւ խաղաղութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2020, 20:34