Որոնել

Փիացցա Տի Սպանիայի Տիրամօր արաձանը Փիացցա Տի Սպանիայի Տիրամօր արաձանը 

Այս տարի Քահանայապետի ներկայութեամբ Տիրամօր Անարատ Յղութեան արձանին մեծարանքի արարողութիւնը չեղեալ նկատուած է։

Փիացցա Տի Սպանիայի վրայ նախատեսուած Անարատ Յղութեան աւանդական պաշտամունքի արարքը չի կատարելու ընտրանքը կախեալ եղած է առողջապահական արտակարգ իրավիճակէն եւ խուսափելու համար համախմբումի բերումով վարակումներու վտանգէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առանձնական մեծարանքի արարք պիտի կատարէ Հռոմի քաղաքը, անոր բնակիչները ու աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ հիւանդները յանձնելով Սուրբ Կոյսին» այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը նշուի նաեւ թէ Փիացցա Տի Սպանիայի վրայ նախատեսուած Անարատ Յղութեան  աւանդական պաշտամունքի արարքը չի կատարելու ընտրանքը կախեալ եղած է առողջապահական արտակարգ իրավիճակէն եւ խուսափելու համար  համախմբումի բերումով վարակումներու վտանգէն։

Այս առթիւ նշենք թէ  Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար 8 դեկտեմբերը յատուկ թուական է, այդ օր արշալոյսէն սկսեալ  հաւատացեալները Սպանիա հրապարակ կ՛ուղղուին, ծաղիկ կամ ծաղկեփունջ զետեղելու՝ այնտեղ զետեղուած Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին  ու նաեւ հայցելու՝ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։

Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ  կոթողի  մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 220 հրշէջներով։

Այդ թուականէն ասդին, Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը ամէն տարի կը կատարուէր մեծ շուքով, եւ 1953 սկսեալ այդ տօնին իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ Հռոմի Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2020, 13:49