Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը կարդինալական տիտղոս տուչութեան մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Բոլորս Յիսուսը կը սիրենք եւ բոլորս կ՝ուզենք իրեն հետեւիլ՝ սակայն պէտք է ուշադիր ըլլանք, որպէսզի Յիսուսի ճանապարհին վրայ միշտ մնանք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ 28 նոյեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին ժամը 4-ին,Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց կարդինալական հանրային հաւաքին, որուն  ընթացքին Կարդինալական տիտղոս շնորհեց  13 նոր կարդինալներուն։ Այս առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ փոխացնեց իր սիրտի խօսքը՝ ներշնչուելով օրուան Աւետարանի ընթերցուածէն, ուր կը խօսուի » Երուսաղէմի ճամբուն վրայ Յիսուս աշակերտներուն կը պատմէ, այն ինչ, որ իրեն պիտի պատահէր, խօսելով անոնց իր չարչարանքներուն մասին։ (Մարկոս 10,32-45)։

Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ «ճամբայ» բառին վրան նկատել տալով, որ Մարկոս աւետարանիչին պատմած դրուագը ամբողջութեամբ տեղի կ՝ունենայ  ճամբու մը վրայ նշելով որ ճամբան այն միջավայրն է, ուր  տեղի կ՝ունենայ եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը՝կեանքի, պատմութեան ուղին, որ է Փրկութեան պատմութիւնը, այնքան ատեն որ այդ ուղեւորութիւնը կ՝ընթանայ Քրիստոսի հետ, մտասեւեռելով Յարութեան խորհուրդին ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց այլ կէտ մը, որ է Մարկոս աւետարանիչի կողմէ ի յայտ դրուած առաքեալներուն վախը։ Առաքեալները վախի մէջ էին, որովհետեւ քաջ գիտէին այն ինչ, որ պիտի պատահէր իրենց Երուսաղէմի մէջ. Յիսուս բացայայտօրէն խօսած էր անոնց։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Յիսուս լաւ կը ճանչնար իր հետեւորդներու հոգեկան վիճակը. Յիսուս ոչ անտեսեց եւ ոչ իսկ լքեց իր հետեւորդները։ Ան գիտանլով, որ աշակերտներու սիրտերը խռովուած էէին, դարձեալ զիրենք կանչեց ու անոնց պատմեն այն ինչ որ պիտի պատահէր։ «Սա երրորդ աւետումն է Յիսուսի՝ իր չարչարանքներուն, մահուան ու յարութեան մասին։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով, որ դա Աստուծոյ որդիին ճամբան է, եւ Յիսուս մարմնանալով այդ ուղին ըսաւ ես եմ այդ ճանապարհը , եւ ոչ թէ այլ ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակելով խօսիլ Յիսուսի առաքեալներուն հետ դէպի երուսաղէմ ուղեւորութեան մասին այս անգամ խօսքը կեդրոնացուց Յակոբոսի եւ Յովհաննէս առաքեալներուն վրայ, որոնք Յիսուսէն խնդրեցին, որ իր փառքին մէջ՝ մէկը աջ կողմ նստի իսկ միւսը ձախ կողմը բազմի։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի ուղին այլ ուղի մըն է, որ չպատականիր Յիսուսի ճանապարհին, նկատել տալով որ այդ ճամբան կը պատկանի անոր, որ առանց գիտակցելու Տէրը կ՝օգտագործէ՝ ինքզինք բարձրացնելու համար,  ինչպէս Սուրբ Պօղոս կ՝ըսէ « անձնական շահերը փնռելու եւ ոչ թէ Քրիստոսի շահերը։օ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

«Սիրելի եղբայրներ  եւ քոյրեր, բոլորս Յիսուսը կը սիրենք եւ բոլորս կ՝ուզենք իրեն հետեւիլ, սակայն պէտք է ուշադիր ըլլանք, Յիսուսի ճանապարհին վրայ մնալու, որովհետեւ կրնանք մարմնով եւ ոտքով Յիսուսի հետ մնալ, սակայն մեր սիրտը հեռու մնալով,մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի Յիսուսի ճամբայէն դուս, օրինակի համար, կարդինալական զգեստի գոյնը, որ կարմիր գոյն է, աշխարհիկ հոգիին համար կրնայ նշանաւոր տարբերակ մը դառնալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ  այսօրուան Աւետարանի դրուագին մէջ կը գտնենք Յիսուսի եւ աշակերտներու միջեւ սերտ հակասութիւն մը։ Յիսուս  ճամբուն վրայ, իսկ  աշակերտները ճամբայէն  դուրս։ Լոկ Յիսուս կարող է փրկել իր կորսուած բարեկամները, լոկ Անոր խաչն ու Յարութիւնը։ Յիսուս առաքեալներուն ու բոլորիս համար Իր մարմինը կը բեկանէ եւ իր արիւնը կը թափէ ։ Առաքեալներուն եւ բոլորիս համար մեռեալներէն Յարութիւն կ՝առնէ եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւով  կը ներէ եւ կը փոխակերպէ։ Վերջապէս առաքեալները կը զետեղէ  իր ճամբուն ուղեւորութեան վրայ։

Սուրբ Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարանիչները եւս իրենց Աւետարանի մէջ ներմուծած են Յիսուս այդ դրուագը, որովհետեւ Փրկարար խօսք է,  անհրաժեշտ եկեղեցւոյ եւ բոլոր ժամանակներու համար։ Նաեւ մեզի համար, այդ Խօսքը սուր նիզակ մըն  է,  ցաւալի, սակայն միաժամանակ մեզ կ՝ամոքէ, կ՝ազատագրէ եւ դարձի կը բերէ։ Դարձի գալ այս է։ Թող Սուրբ Հոգին մեզի տայ այդ պարգեւը այժմ եւ յաւիտեան։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2020, 17:00