Որոնել

«Զարգացման չափանիշը մարդկութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապը «Economy of Francesco» երիտասարդներուն:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամով վերջ գտաւ Քահանայապետի փափաքով կազմակերպուած միջազգային հաւաքը որուն դերակատարները հանդիսացան 115 երկիրներէ առցանց մասնառութեամբ երիտասարդ տնտեսագէտներ եւ գործատէրեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 19 նոյեմբերին մեկնարկած “Economy of Francesco” առցանց միջազգային  հանդիպումը հասաւ իր աւարտին որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը մասնակցողներուն ուղղեց լսատեսողական պատգամ մը յայտնելով որ այս հաւաքը «վերջակէտ»  մը  չէ այլ գործընթացի մը սկզբնական զարկը, որուն շարժիչ ուժը նոյնինքն երիտասարդներն են։

Մեկնարկ  Ասսիզիէն

Միջազգային վերոնշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 115 երկիրներէ առցանց կապով միացած հազարաւոր երիտասարդ ձեռնարկատէր եւ տնտեսագէտներ։

Անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը նշեց՝  թէ «ներկայ տնտեսական համաշխարհային համակարգը անկայուն է» ու թէ հետեւելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերուն կարելի է վերաշինել մեր հասարակաց տունը նոյնիսկ տնտեսական տեսանկիւնէն» որովհետեւ  ամենաշատ վնասուած է «մեր քոյր երկիրը որ  չարաշահուած ու մերկացուած է»։ «Աղքատներն ալ նմանապէս բացառուած են», դիտել կու տայ Սրբազան Պապը, զանոնք որակելով առաջին վնաս կրողները եւ առաջին մոռցուածները։

Ստեղծուած իրավիճակի ծանրութիւնը, զոր համաճարակը աւելիով ի յայտ դրաւ, կը պահանջէ բոլոր ընկերութեան  դերակատարներու պատասխանատուութիւն, որոնց շարքին ենք նաեւ մենք ու նաեւ դուք՝ որ ունինք առաջնային դեր մը:

«Մեր գործողութիւններու և որոշումներու հետևանքները  ձեզի կը դպչին անձնապէս հետեւաբար չէք կրնար դուրս մնալ այն վայրերէն ուր կը ստեղծուի, չեմ ըսէր ձեր ապագան, այլ ներկան։ Դուք չէք կրնար դուրս մնալ այն վայրերէն ուր կը կազմուի ներկան ու ապագան։ Կամ ներգրաւուած էք հարցին մէջ եւ կամ պատմութիւնը ձեր վրայէն անցնելով առջեւ կ՛երթայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Նոր մշակոյթ։

Ասսիզիի հոգիին ձայն տալու համար, նաեւ տնտեսութեան ծիրէն ներս, հարկաւոր է փոփոխութիւն մը։ Պէտք է ի գործ դրուին գործընթացներ, գծագրուին ուղիներ, լայնացուին հորիզոնները, ստեղծուին պատկանելիութիւններ» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշեցնելով Պենետիկտոս ԺԶ Պապին խօսքերը ու ընդգծելով թէ «անօթութիւնը կախեալ չէ նիւթական պակասէն, այլ ընկերային կենսամիջոցներու պակասէն»։ Անհրաժեշտ է առ այդ ստեղծել նոր մշակոյթ մը փոխակերպելու համար «կեանքի ոճը, արտադրութեան եւ մսխումի տիպարները, իշխանութեան ամրապնդուած կառուցուածները,  որոնցնով այսօր  ղեկավարուած է ընկերութիւնը։

«Ասիկա հիմնական եւ որոշիչ քայլ մըն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ առանց այս քայլին ոչ մէկ բան կարելի է։

Մեզ անհրաժեշտ են համայնքային և պաշտօնական ղեկավարութեան խումբեր, որոնք կարող ըլլան իրենց վրայ վերցնել խնդիրներ առանց գերի դառնալու անոնց կամ անձնական սեփական դժգոհութիւններուն, և այդպիսով դիմագրաւել, յաճախ անգիտակցական՝  ենթարկութիւնը , որոշակի (գաղափարական) տրամաբանութիւններուն, որոնք ի վերջոյ կ՛արդարացնեն կամ անշարժ կը դարձնեն որեւէ գործողութիւն՝ ի դէմս անարդարութիւններուն:

Հանդիպումի մշակոյթը։

Պէտք է վերադառնալ «հասարակաց բարիքի խորհրդաւորութեան» եւ «իրար հանդիպիլ անկախ բոլոր օրինական տարբերութիւնէն» ու այս մէկը վճռական քայլն է «որեւէ մէկ յեղաշրջումի, որ կը սատարէ կեանք տալու մշակութային նոր մտածելակերպի մը, ուստի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային նոր մտածելակերպի» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ հանդիպումի մշակոյթը կը կառուցուի երկխօսելով, մտածելով, վիճելով եւ ստեղծելով, «ըստ բազմաբնոյթ հեռանկարի»։

«Այս մէկը հակառակ է նորոյթ դարձած մնացորդացի մշակոյթին» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը բացատրելով թէ շատ դժուար է յառաջանալ դէպի իսկական լուծումներ երբ մեր մտածողութենէն տարբեր մտածողութիւն ունեցող խօսակիցը  կը  վարկաբեկուի եւ կը զրպարտուի ։

«Ամէնքը պէտք է ներգրաւուին հանդիպումի վրայ հիմնուած նոր մշակոյթին մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ հարկաւոր է ընդուիլ թէ աղքատները եւս ունին համարժէք ու բաւարար արժանապատուութիւն մասնակից  դառնալու մեր հանդիպումներուն ու բանավէճերուն եւ ջուրը տանիլ իրենց տուները։

Ասսիզիի դաշինքը։

Լսատեսողական պատգամին մէջ Քահանայապետը յայտնեց՝ թէ կարելի չէ այլեւս յետաձգել որոշ հարցեր։ Պէտք է առաջարկել տնտեսական համակարգեր, որոնք օգտակար ըլլան բոլորին, որովհետեւ կառուցուածքային և որոշումներ կայացնելու մօտեցումը որոշուելու է մարդկային համապարփակ զարգացումի հիման վրայ, որ լաւապէս մշակուած է  Եկեղեցւոյ ընկերային  վարդապետութեան կողմէ»։

Քահանայապետը յիշեցուց թէ ասիկա ժամանակ  է դիմելու վտանգի խթանելու համար զարգացումի, յառաջդիմութեան եւ կայունութեան տիպարներ։ Նոր ուղիներ ուր անհատները եւ յատկապէս բացառուածները, դադրին ըլլալէ զուտ անուանական ներկայութիւն որպէսզի դառնան իրենց կեանքի ու համայն ընկերային հիւսուածքի դերակատարներ։

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ կանչուած է դառնալու ճարտարապետը  իր ու համայն աշխարհի ճակատագրին։ Չի բաւեր աճեցնել միասնական հարստութիւնը ու և բաւական չէ խթանել արուեստագիտութիւնը, որպէսզի երկիրն  դառնայ աւելի մարդկային զայն բնակելու համար։

Զարգացումի չափանիշը մարդկութիւնն է

Մարդկութեան չափանիշը ըստ էութեան կ՛որոշուի տառապանքի և տառապողի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Մարդկութիւն՝ այս է  չափանիշը: Սա կը պատահի  ինչպէս անհատի, այնպէս ալ հասարակութեան համար, չափանիշ,  որ նոյնպէս պէտք է մարմնաւորուի մեր որոշումներու  և տնտեսական տիպարներուն մէջ։

Սիրելի երիտասարդներ մի ընտրէք դիւրանցումներ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը նշեց  թէ կը գտնուինք այս մեծ հնարաւորութեան դիմաց արտայայտելու մեր եղբայր ըլլալը, ըլլալու նոր բարի սամարացիներ, որոնք իրենց վրայ կ՛առնեն ձախողութիւններու ցաւերը, փոխան ատելութիւն եւ վիրաւորանք յառաջացնելու։

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը , սկսեալ իր գործունէութեան ու որոշումներու վայրէն, կարող է շատ բան ընել….մի ընտրէք դիւրանցումներ, որոնք կը հրապուրեն ու ձեզի արգելք կը հանդիսանան դառնալու  թթխմոր (տես Լկ. 13.20-21):

Մեր ապրած առողջապահական ճգնաժամէն ետք, ամենավատ արձագանքը պիտի ըլլար դարձեալ իյնալ  տենդագին սպառողականութեան և եսասէր ինքնապաշտպանութեան նոր ձևերու մէջ:

Մի մոռնաք, որ ճգնաժամէն երբեք միեւնոյնը դուրս չենք գար. Դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ: Եկէք աճեցնենք այն ինչ որ լաւ ու բարի է, օգտուինք  առիթէն և մենք մեզ բոլորս դնենք ընդհանուր բարիքի ծառայութեան ի սպաս:

Երկինքը կամենայ, որ ի վերջոյ այլևս չ՛ըլլան «միւսները», այլ սորուինք զարգացնել այնպիսի ապրելակերպ, որտեղ գիտնանք ըսել  «մենք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2020, 17:51