Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ. Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ. Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքին Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով։

Նորին Սրբութեան պատգամը կարդացուցեցաւ, Կոստանդնուպոլսոյ Ալ Ֆանարի Սուրբ Գէորգ եկղեցւոյ մէջ Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ, Բարթողիմէոս Ա տիեզերական պատրիարքին նախագահութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագի աւարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 30 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթէօ Պրունի յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Պետրոսի առաքելապետերուն տօնին շրջագիծէն ներս, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ Կոստանդնուպոլիս, ուր ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Անդրէասի տօնակատարութեան,  Ալ Ֆանարի Սուրբ Գէորգ Պատրիարքական  եկեղեցիէն ներս։ Սուրբ Աթոռի քահանայապետական եկեղեցիներուն միութեան խթանման խորհուրդի նախագահ, կարդինալ Քուրտ Քոխ, Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական պատրիարքին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ստորագրութիւնը կրող պատգամը ։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Քուրտ Քոխի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմեցին քահանայապետական եկեղեցիներու միութեան խթանման խորհուրդի քարտուղար,Գերապայծառ Պրիան Ֆարել, ենթաքարտուղար՝ Գերապայծառ Անտրէա Փալմիերի։Իսկ տօնակատարութեան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ Պապական նուիրակ, Գերապայծառ Փոլ Ռասէլ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Աթոռին պատուիրակութեան միջոցաւ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց Բարթողոմէոս Ա տիեզերականն պատրիարքին՝ «Անդրէաս առաքեալը, Սուրբ Պետրոսին սիրելի եղբայրն ու Տիեզերական պատրիարքութեան պաշտպան սուրբին տօնին»։ Գրած է Սրբազան Հայրը ապահովցնելով թէ ինք հոգեպէս կը միանայ Աստուծոյ գոհաբանական աղօթքին, Սուրբ Անդրէասի կեանքին ընդմէջէն յայտնաբերուած աստուածային,  նախախնամական պտուղներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ նշեց, թէ Սուրբ Անդրէասին եղբայրսիրութեան եւ առաքելական նախանձախնդրութեան ոգեկոչումը քաջալերանքիաղբիւր է աշխարհի դժուարի օրերուն։ Ան ուրախութեամբ յիշեց Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքի Ներկայութիւնը անցեալ հոկտեմբեր 20ին, Հռոմի մէջ կայացած միջազգային հանդիպումի, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր եկեղեցիներու եւ կրօնական աւանդութիւններուն  ներկայացուցիչներ։

Նորին Սրբութիւնը  անդրադառնալով ապա աշխարհը յուզող հարցերուն՝ համաճարակի միջազգային առողջապահական տագնապը, աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմները, որոնք կը խլեն բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն կեանքը, նկատել տուած է, որ ազգային եւ միջազգային բոլոր նախաձեռնութիւնները ուղղուած խաղաղութեան խթանման, անկասկած օգտակար եւ անհրաժեշտ են սակայն՝  հակամարտութիւնները ու բռնութիւնները պիտի չդադրին մինչեւ, որ անձերը չհասնին իբրեւ  եղբայրներ եւ քոյրեր փոխադարձ պատասխանատուութեան խորունկ գիտակցութեան։ Այս լոյսին ներքոյ գրած է Սրբազան Հայրը քրիստոնեայ եկեղեցիները, այլ կրօնականն աւանդութիւնները առաջնակարգ պարտականութիւնը ունին երկխօսութեան օրինակ տալու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ յարգանքի եւ գործօն գործակցութեան օրինակներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վերյիշեց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման ծիրէն ներս տիեզերական պատրիարքութեան սուրբ սինոդի  շրջաբերական թուղթը ուղղուած այլ եկեղեցիներուն, որ տեղի ունեցած է ճիշդ հարիւր տար առաջ  ընդգծելով, որ շրջաբերականի խօսքերը տակաւին այժմէական են , ուր շեշտուած է  փոխադարձ սիրոյ կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Տիեզերական պատրիարքութեան միջեւ կապերու բարելաւման համար վստահեցնելով, թէ ընթանալով  փոխադարձ սիրոյ մէջ եւ հետապնդելով Աստուծաբանական երկխօսութիւնը երկու եկեղեցիները պիտի  հասնին լիակատար հաղորդութեան, միեւնոյն խորանին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի միջոցաւ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2020, 12:49