Քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի մէկ նոյեմբեր 2020-ի կէսօրին՝ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յիշեց երէկ Միացեալ Նահանգներու Հաթֆորթի մէջ Երանելի հռչակուած «Միքայէլ ՄքԿիվնէյ»ը, Քոլոմպոյի Ասպետներ կարգին հիմնադիրը, մաղթելով որ անոր օրինակը մեզ բոլորս մղէ վկայելու սիրոյ աւետարանը։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ դարձեալ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ի նպաստ։
«Աղօթենք նաեւ Էկեյան ծովի տարածքի ժողովուրդներուն համար, որոնք երկու օր առաջ թիրախ եղան զօրեղ երկրաշարժին», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն ապա յիշեցուց թէ վաղը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ «Teutonico» գերեզմանատան մէջ, ննջեցեալ հոգիներու հանգստեան համար։
«Հոգեպէս կը միանամ բոլոր անոնց որոնք՝ աշխարհի ամէն վայրերուն մէջ, յարգելով առողջապահական կարեւոր դրութիւնները, կ՛երթան աղօթելու իրենց սիրելիներու գերեզմաններուն մօտ» յարեց Սրբազան Պապը ու բոլորին մաղթեց Ամենայն Սրբոց բարի տօն խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։