Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

«Օգնութեան հասէք դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն. Յիսուս այնտեղ է». Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սրբազան Պապը յատուկէն յիշեց նաեւ 40 տարիներ առաջ Իտալիոյ Քամփանիա եւ Պազիլիքաթա շրջաններուն մէջ պատահած ահաւոր ու կործանիչ երկրաշարժը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 նոյեմբերի կէսօրին արտսանած Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Պապը յատուկէն յիշեց 40 տարիներ առաջ Իտալիոյ Քամփանիա եւ Պազիլիքաթա շրջաններուն մէջ պատահած ահաւոր ու կործանիչ երկրաշարժը, նշելով թէ այդ աղէտին վէրքերը տակաւին չեն բուժուած։ Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ այդ առթիւ զօրակցութեան եւ մօտիկութեան արտայայտութիւնները ու վերակառուցումի ի նպաստ աշխատանքները, որոնք՝ ըսաւ Ան, խթանեցին Իտալիոյ տարբեր հասարակութիւններու միջեւ եղբայրութիւնը։

Ողջունելով ապա հրապարակ ժամանած ուխտաւորները Սրբազան Պապը յատուկէն յիշեց ընտանիքները ու յատկապէս այն ընտանիքները որոնք կ՛ապրին դժուարութեան մէջ հրաւիրելով թիկունք կանգնիլ անոնց այս դժուար օրերու ընթացքին։

«Գացէք փնտռեցէք զանոնք, այնտեղ ուր Յիսուսը կը գտնուի ուր Յիսուս կարիքի մէջ. այս ըրէք» ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2020, 12:44