Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք։ «Բոլորս Աստուծմէ ստացանք հարստութիւն մը՝ առաջին հերթին նոյնինքն կեանքը»։

Որպէս Քրիստոսի առաքեալներ, ստացանք հաւատքը, Աւետարանը, Սուրբ Հոգին եւ Սուրբ խորհուրդները։ Այս պարգեւները, պէտք է օգտագործենք՝ բարիք կատարելու այս կեանքին մէջ, որպէս ծառայութիւն Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 15 նոյեմբերին, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, առաքելական պալատի իր գրասենեակէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, ապա ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, որուն նիւթը եղաւ օրուան սուրբ Աւետարանէն քաղուած, Յիսուսի պատմած քանքարներուն առակը։

Մէջբերելով Մատթէոս Աւետարանէն քաղուած համարը՝ «տէրը իւրաքանչիւրին կու տայ իր կարողութեան չափով» (Մատթ 25,15) ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. «Յիսուս այդպէս կ՝ընէ բոլորիս հետ, Ան մեզ լաւ կը ճանչնայ, Ան գիտէ, որ բոլորս իրարու նման  չենք եւ չ՝ուզեր նախընտրել մէկ մը կամ ուրիշ մը , այլ իւրաքանչիւրին կը յանձնէ դրամագլուխ մը՝ անոր կարողութեան համաձայն։

Յիսուսի պատմած առակը կը հայի բոլորիս, ինչպէս միշտ յատուկէն Քրիստոնեաներուս։ Բոլորս Աստուծմէ ստացանք հարստութիւն մը՝ իբրեւ մարդկային էակներ, առաջին՝ նոյնինքն կեանքը, ապա հոգեկան եւ ֆիզիքական կարողութիւններ։ Որպէս Քրիստոսի առաքեալներ, ստացանք հաւատքը, Աւետարանը, Սուրբ Հոգին եւ Սուրբ խորհուրդները։ Այս պարգեւները, պէտք է օգտագործենք՝ բարիք կատարելու այս կեանքին մէջ, որպէս ծառայութիւն Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։

«Այսօր Եկեղեցին մեզի կ՞ըսէ «օգտագործէ Աստուծոյ պարգեւները եւ հայեացքդ սեւեռէ աղքատներուն։ Շատ են անոնք։ Մենք շատ անգամ կը մտածենք թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ չարիք չի գործել։ Եւ չարութիւն չի կատարելը լաւ բան է։  Սակայն բարիք չի կատարելը լաւ բան չէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Մենք պէտք է բարիք գործենք, մենք մեզմէ դուրս ելլենք ու նայինք անոնց՝ որոնք կարիքի մէջ են։  Մենք շատ անգամ կը մտնենք անտարբերութեան տրամաբանութեան մէջ եւ մեր աչքերը կը սեւեռենք այլուր։

Ձեռքդ երկարէ աղքատին։ Անիկա Քրիստոսն է։ Աղքատները Աւետարանին կորիզն են, եւ Յիսուսն է որ մեզի սորվեցուց խօսիլ աղքատներու մասին։ Ան եկաւ աղքատներուն համար։ Ձեռքդ երկարէ աղքատին։ Դուն շատ բաներ ստացար եւ թոյլ կու տաս որ քու եղբայրդ սովէն մահանա՞յ։ 

«Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ աղքատը ես եմ։ Ես աղքատն եմ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Սուրբ Կոյս Մարիամը Աստուծմէ ստացաւ նոյնինքն Յիսուսը, սակայն  Զայն իրեն համար չվերապահեց, այլ տուաւ աշխարհին ու ժողովուրդին, Անորմէ   սորվինք  ձեռք երկարել աղքատներուն»

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2020, 12:09