Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. «Գալստեան շրջանը յարատեւ կոչ մըն է յոյսին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Կեանքի փոթորիկներու ընթացքին Աստուած միշտ մեզի կ՛երկարէ իր ձեռքը ու մեզ կ՛ազատէ սպառնալիքներէն։ Մեզի կ՛իյնայ սակայն անոր կառչիլ, որպէսզի չի գլորինք անդունդին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 նոյեմբեր 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը ու այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ լատինաց մօտ այսօր սկիզբ առնող «Գալստեան» շրջանին (Յիսնակացը), «որով սկիզբ կ՛առնէ ծիսական նոր տարին», յարեց Քահանայապետը նշելով թէ «Եկեղեցին այդպէսով ցոյց կու տայ ժամանակի ընթացքը Յիսուսի կեանքի հիմնական իրադարձութիւններու և փրկութեան պատմութեան տօնակատարութեամբ»: Ան՝ որպէս Մայր կը լուսաւորէ մեր գոյութեան ուղեւորութիւնը, մեզի թիկունք կը կանգնի առօրեայի մտահոգութիւններուն մէջ ու մեզ կը կողմնորոշէ դէպի Քրիստոսի հետ վերջնական հանդիպում։

«Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ ապրելու ծիսական տարւոյն առաջին «զօրեղ»  ժամանակը՝ Յիսնակացը, որ մեզ կը պատրաստէ Սուրբ Ծննդեան, սպասումի եւ յոյսի ժամանակ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ Սուրբ Պօղոս Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին  մէջ սպասումի առարկան կը ներկայացնէ որպէս «Տիրոջ Յայտնութիւնը»։ Ան կորնթոսի քրիստոնեաները ու նաեւ մեզ կը հրաւիրէ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Յիսուսի անձին հետ հանդիպումի վրայ, որ պիտի գայ աշխարհի աւարտին եւ կու գայ ամէն օր, որպէսզի իր շնորհքով կարողանանք բարիք գործել մեր կեանքին մէջ եւ միւսներու կեանքին մէջ։

Մեր Աստուածը՝ Աստուածն է որ կու գայ, Ան երբեք յուսախաբ չի թողուր մեր սպասումը։ Եկաւ պատմութեան ճշգրիտ ժամանակի մը ընթացքին, մարդացաւ՝ որպէսզի իր վրայ առնէ մեր մեղքերը, ու պիտի գայ ժամանակներու աւարտին, որպէս  տիեզերական դատաւոր- եւ ան կու գայ ահա նաեւ ամէն օր, այցելելու համար մարդը, որ կ՛ընկալէ Անոր Խօսքը, Խորհուրդներուն մէջ, եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ։

 Մենք քաջատեղեակ ենք թէ կեանքը եղած է վերիվայրումով, լոյսերով ու ստուերներով։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը փորձարկէ յուսալքումի պահեր, անյաջողութեան եւ մոլորումի պահեր։ Իսկ մեր ապրած իրավիճակը, որ յատկանշուած է համաճարակով, շատերուն մէջ կը յարուցէ մտահոգութիւն, վախ եւ  անհանգստութիւն; ինչ, որ կարող է տանիլ յոռետեսութեան, փակումի եւ անտարբերութեան։

Թէ  ինչպէս դիմակայել այս մէկը մեզի զայն կ՛առաջարկէ սաղմոսերգուն «Մեր հոգին կը սպասէ Տէրը,  ան մեր օգնութիւնն է ու մեր վահանը։ Անոր մէջ է որ, մեր սիրտը կ՛ուրախանայ» (Սաղմոս 32, 20-21)։

Վստահութեամբ Տէրը սպասելը մեզի վերագտնել կու տայ մխիթարութիւն եւ քաջութիւն մեր կեանքի մութ պահերու ընթացքին։ Եւ այս քաջութիւնը ծնունդ կ՛առնէ Յոյսէն։

Յիսնակացը «գալստեան շրջանը» յարատեւ կոչ մըն է յոյսին, մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած ներկայ է պատմութեան մէջ, որպէսզի զայն առաջնորդէ իր նպատակին ու անոր լիութեան, որ նոյնինքն մեր Տէրն է Յիսուս Քրիստոս։

Աստուած ներկայ է մարդկութեան պատմութեան մէջ, Ան «Աստուած մեր հետն» է. Կը քալէ մեր կողքին մեզի թիկունք կանգնելու համար։

Կենաքի փոթորիկներու ընթացքին Աստուած միշտ մեզի կ՛երկարէ իր ձեռքը ու մեզ կ՛ազատէ սպառնալիքներէն։ Մեզի կ՛իյնայ սակայն անոր կառչիլ, որպէսզի չի գլորինք անդունդին մէջ։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, սպասումի կինը, առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի սկիզբ առնող ծիսական նոր տարին ու մեզ օգնէ իրականացնելու Յիսուսի աշակերտներուն պարտականութիւնը, զոր մեզի ցոյց կու տայ Պետրոս առաքեալ «պատրաստ եղէք հեզութեամբ եւ երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենին, որ ձեր մէջ եղած յոյսի համար պատճառ հարցնէ» (Ա Պետրոս 3,  15)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2020, 12:09