Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

«Հաւատքը լուսաւոր կը դառնայ սիրոյ ձէթով». 8 Նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Տէրը կարող է գալ նաեւ երբ քունի մէջ ըլլանք, այս մէկը մեզ չի մտահոգեր, որովհետեւ մեր ամենօրեայ բարի գործերով կուտակած ունինք ձէթի պաշար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այն ատեն երկինքի արքայութիւնը պիտի նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերներն առած` փեսան ու հարսը դիմաւորելու գացին։

Անոնցմէ հինգը յիմար էին եւ հինգը իմաստուն։ Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ ձէթ չառին։ Իսկ իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ` ամաններով ձէթ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ նիրհեցին եւ քնացան։  Կէս գիշերին ձայն մը լսուեցաւ. Ահա՛ փեսան կու գայ, ելէ՛ք դիմաւորելու զայն։  Այն ատեն բոլոր կոյսերն ալ ելան եւ պատրաստեցին իրենց լապտերները։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. Ձեր իւղէն մեզի՛ տուէք, որովհետեւ ահա մեր լապտերները պիտի մարին։  Բայց իմաստունները պատասխանեցին. Գուցէ մեզի եւ ձեզի չբաւէ, ուստի վաճառականներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար։ Երբ անոնք գնելու գացին` եկաւ փեսան, եւ պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքի մտան, եւ դուռը փակուեցաւ։ Յետոյ միւս կոյսերը եկան եւ ըսին. Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի։  Բայց անիկա պատասխանեց. Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի թէ չեմ ճանչնար ձեզ։ 13 Արթուն կեցէք ուրեմն, որովհետեւ ո՛չ օրը եւ ո՛չ ժամը գիտէք։

Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն առակը առանցքը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը խորհրդածութեան, զոր Նորին Սրբութիւնը կիրակի 8 նոյեմբերին արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Այսօրուան աւետարանական ընթերցումը մեզ կը հրաւիրէ աւելիով երկարելու յաւիտենական կեանքի մասին խորհրդածութիւնը զոր սկիզբ առաւ ամենայն Սրբոց տօնին օրը եւ Օր մեռելոցով։

Յիսուսի պատմած տասը կոյսերուն առակը խորհրդանիշն է Երկնքի Արքայութեան։  Այս առակով Ան մեզի կ՛ուզէ ըսել թէ հարկաւոր է միշտ պատրաստ ըլլալ իր հետ հանդիպումին։  Պատրաստ ըլլալ ոչ միայն վերջնական հանդիպումին, այլեւ այդ օրուան սպասումով ունենալ առօրեայի յանձնառում, որուն համար բաւարար չէ հաւատքին լապտերը, այլ կարիքը կայ նաեւ սիրոյ եւ բարի գործերու ձէթին։

Յիսուսին մեզի միացնող իսկական հաւատքը Պօղոս առաքեալի խօսքի հիման վրայ այն է «որ մեզ գործունեայ կը դարձնէ սիրոյ միջոցաւ» ու այդ մէկը  առակին մէջ ներկայացուած է իմաստուն կոյսերով։

Եթէ մենք կ՛ուզենք պատրաստ ըլլալ Տիրոջ հետ հանդիպումին պէտք է այժմէն իսկ համագործակցինք Անոր հետ ու կատարենք անոր սիրոյն ներշնչած բարի գործերը։

Յաճախ սակայն կը պատահի, որ կը մոռնանք մեր կեանքին նպատակը, այսինքն Աստուծոյ հետ վերջնական ժամադրութիւնը, կորսնցնելով նաեւ սպասումի իմաստը եւ բացարձակացնելով ներկան։ Ամէն ինչ կ՛ապրինք կարծես թէ այլ կեանք մը գոյութիւն չունենայ եւ կը մտահոգուինք միայն, ունեցուածք դիզելով,  երեւնալով եւ մեր հանգիստը փնտռելով…եթէ թոյլ տանք առաջնորդուել այն բաներէ որոնք աւելիով գրաւիչ են,  հետապնդելով մեր շահերը, մեր կեանքը կը դառնայ  անպտուղ, մենք մեր լապտերի համար ոչ մէկ իւղի պաշար կը կուտակենք եւ ան կը մարի Տիրոջ հետ մեր հանդիպումէն իսկ առաջ։

Մինչ եթէ արթուն ենք եւ բարիք կը կատարենք համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին, կարող ենք անդորրութեամբ սպասել փեսային ժամանումին։

Տէրը կարող է գալ նաեւ երբ քունի մէջ ըլլանք, այս մէկը մեզ չի մտահոգեր, որովհետեւ մեր ամենօրեայ բարի գործերով կուտակած ունինք ձէթի պաշար։

Հայցենք Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ ապրելու իր նման գործունեայ հաւատք մը, ան լուսաւոր լապտերն է, որով կրնանք անցնել մահէն անդին տանող գիշերը եւ հասնիլ կեանքի մեծ տօնախմբութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2020, 12:07