Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Երանի հեզերուն, Երանի սգաւորներուն» Քահանայապետի մէկ Նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Ընտրել բիւրեղէութիւնը, խոնարհութիւնը եւ ողորմութիւնը, ընտրել վստահիլ Տիրոջ, հոգիի աղքատութեամբ եւ տառապանքի մէջ, յանձնառու ըլլալ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, կը նշանակէ ընթանալ հակահոսանք, բաղդատմամբ այս աշխարհի մտածելակերպի, սեփականացումի մշակոյթին, անիմաստ զուարճանքի եւ տկարներու նկատմամբ ամբարտաւանութեան ։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այս Ամենայն սրբոց տօնին օրը, Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ խոկալու մեծ յոյսի մասին, որ կը հիմնուի Քրիստոսի յարութեան վրայ։ Սուրբերը եւ Երանելիները քրիստոնէական յոյսին ամենահեղինակաւոր վկաներն են, որովհետեւ զայն ապրեցան լիութեամբ իրենց կեանքի ընթացքին, ուրախութիւններու եւ տառապանքներու մէջ, ի գործ դնելով երանութիւնները,  զոր Յիսուս քարոզեց եւ որ այսօր կը հնչեն  ծէսին մէջ (Մատթէոս 5, 1-12)»։  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 1 նոյեմբեր 2020-ին կէսօրին սկիզբ տուաւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին, զոր արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ան ապա հաստատեց  թէ «Աւետարանական երանութիւնները սրբութեան ճանապարհն են» եւ անդրադարձաւ երկրորդ եւ երրորդ երանութիւններու մասին։

«Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուին»։ Այս խօսքերը կը հնչեն, որպէս հակասական բառեր, որովհետեւ լացը՝ ուրախութեան եւ երջանկութեան նշան մը չէ։  Ողբին եւ տառապանքին պատճառները, մահը, հիւանդութիւնը, բարոյական թշնամութիւնը, մեղքն ու սխալներն են. Պարզապէս ամենօրեայ կեանքը դիւրաբեկ եւ տկար, յատկանշուած է դժուարութիւններով։ 

Յիսուս երանելի կը կոչէ անոնք, որոնք կը սգան, որովհետեւ հակառակ ամէն ինչի, անոնք կը վստահին Տիրոջ ու իրենք զիրենք կը դնեն անոր հովանիին տակ։  Անտարբեր չեն եւ իրենց սիրտը չեն կարծրացներ ցաւին մէջ, այլ համբերութեամբ կը յուսան Աստուծոյ՝ մխիթարութեան մէջ։ Այս մխիթարութիւնը մենք արդեն կը փորձարկենք այս կեանքին մէջ։

Երրորդ Երանութեան մէջ Յիսուս կ՛ըսէ «Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։  Հեզութիւնը Յիսուսին բնորոշիչ յատկութիւն է։ Ան արդարեւ կ՛ըսէ «Ինձմէ սորվեցէք,  որ հեզ եւ խոնարհ եմ սրտով» (Մատթ. 11, 29)։ Հեզերը անոնք են,  որոնք գիտեն տիրել իրենց վրայ, որոնք տեղ կը ձգեն ուրիշին համար, անոր մտիկ կ՛ընեն ու կը յարգեն զինք իր ապրելակերպի մէջ, անոր կարիքներուն ու խնդրանքներուն մէջ։

Անոնք չեն մտադրեր ծանրաբեռնել  կամ նուազեցնել զինք, չեն ուզեր գերակշռել կամ տիրել ամէն ինչի վրայ եւ ոչ ալ իրենց գաղափարները պարտադրել եւ շահ դիզել ի վնաս ուրիշներուն։

Այս անձերը՝ զոր աշխարհային մտածողութիւնը  չի գնահատեր, թանկարժէք են Աստուծոյ աչքերուն համար, որ անոնց՝ որպէս ժառանգութիւն կը շնորհէ խոստացուած երկիրը, այսինքն յաւիտենական կեանքը։ Այս երանութիւնն ալ կը սկսի այստեղ երկրի վրայ ու իր լիութեան կը հասնի Երկնքի մէջ, յարեց Սրբազան Պապը։

Ընտրել բիւրեղէութիւնը, խոնարհութիւնը եւ ողորմութիւնը, ընտրել վստահիլ Տիրոջ, հոգիի աղքատութեամբ եւ տառապանքի մէջ, յանձնառու ըլլալ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, կը նշանակէ ընթանալ հակահոսանք,  բաղդատմամբ այս աշխարհի մտածելակերպի, սեփականացումի մշակոյթին, անիմաստ զուարճանքի եւ տկարներու նկատմամբ ամբարտաւանութեան ։

Այս Աւետարանական ճամբան կտրեցին Սուրբերը եւ Երանելիները։ Այսօրուան տօնը, որ կը յիշատակէ բոլոր սուրբերը մեզի կը յիշեցնէ սրբութեան անձնական եւ տիեզերական կոչումը ու մեզի  կ՛առաջարկէ ապահով տիպարներ այդ ճանապարհորդութեան համար, որ  իւրաքանչիւրս կը կատարէ եզակի անկրկնելի ձեւով՝ Սուրբ Հոգիի ստեղծագործութեան համեմատ։

Բաւարար է մտածել սուրբերու եւ սրբուհիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմութիւններու եւ պարգեւներու անսպառ բազմազանութեան մասին, զոր Եկեղեցին ճանչցաւ դարերու հոլովոյթին եւ յաճախակի կ՛առաջարկէ՝ որպէս Աւետարանի վկաներ։

Քրիստոսի աշակերտ հաւատացեալներու այդ անսահման ընտանիքը ունի Մայր մը Սուրբ Կոյսը։ Մենք զայն կը մեծարենք Բոլոր Սուրբերու Թագուհի տիտղոսով, բայց ամենէ առաջ ան Մայր է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը սորվեցնէ ընկալել եւ հետեւիլ իր Զաւկին։

Ան թող մեզի օգնէ սնուցանելու սրբութեան իղձը Երանութիւններու ուղիին վրայ քալելով ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2020, 12:07