Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը՝ Կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրին հայող հանդիպումի ընթացքին։

Գոյութիւն ունի խաղաղութեան «ճարտարապետութիւն», որուն կը միջամտեն հասարակութեան տարբեր իշխանութիւններ և անձինք ՝ իւրաքանչիւրն ըստ իր իրաւասութեան, բայց առանց որևէ մէկի բացառումին։ Մենք ալ պէտք է ընթանանք նոյն ձեւով, բոլորս միասին, իւրաքանչիւրը ինչպէս որ է, բայց մշտապէս նայելով դէպի յառաջ, միասին, դէպի ներդաշնակութեան եւ միութեան քաղաքակրթութեան կառուցումին, ուր տեղ չի գտնէ այս մնացորդացի մշակոյթի վատ համաճարակը։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 հոկտեմբերին Լատերանի համալսարանի մէջ կայացաւ Դաստիարակութեան Ժողովի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկ նուիրուած յատկապէս ակադեմիական աշխարհին հայող Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ձեռնարկուած Կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրին։

Հանդիպումը արդարեւ ընկալումն է Ֆրանչիսկոս Պապին 12 սեպտեմբեր 2019-ի կոչին «Կարիքը կայ միացնելու ուժերը ու ծնունդ տալու կրթական պայմանագիրի մը որուն համար կ՛ուզեմ ձեզի հետ հանդիպիլ Հռոմի մէջ»։

Հանդիպումին իրենց  մասնակցութիւնը բերին ակադեմիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ երիտասարդ ուսանողներ մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը տեսաուղերձ մը յղեց անոնց, որուն սկիզբը ան նշեց՝ թէ «երբ հրաւէր ուղղած էր ծրագրելու համար այս կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրը, ոչ մէկը կարող  էր երեւակայէր թէ Քովիտը պիտի արագացներ եւ աւելիով աճեցներ որոշ հրատապութիւնները ու ճգնաժամերը եւ ստեղծել այլ բազմաթիւ նոր հարցեր»։

 «Առողջապահական դժուարութիւններուն հետեւեցան տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները եւ համայն աշխարհի կրթական համակարգերը տառապեցան համաճարակի պատճառաւ» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը,  ակնարկելով ՝ թէ ինչպէս ամենուրէք «ջանք դափուեցաւ արագ կերպով դիմագրաւելու կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցը դիմելով համակարգչային գիտութեան կրթական հարթակներուն, որոնք սակայն ի յայտ դրին այլ խնդիրներ եւ անոնց օգտագործման կարելիութեան անհաւասարութիւնը՝ որով բազմաթիւ մանուկներ ու պատանիներ ետ մնացին  մանկավարժական զարգացման բնական գործընթացէն»։

Ըստ միջազգային գործակալութիւններու վերջին որոշ տուեալներուն  այս մէկը նկատուած է «կրթական աղէտ», ի տես նաեւ 10 միլիոն մանուկներուն, որոնք կարող են ստիպուած ըլլալ թողուլ դպրոցը տնտեսական ճգնաժամի պատճառաւ։

«Այս ողբերգական իրականութեան դիմաց գիտենք թէ անհրաժեշտ առողջապահական միջոցառումները անբաւարար են եթէ անոնց չուղեկցուի մշակութային նոր տիպար մը՝ որ յարգէ մարդ էակի արժանապատուութիւնը» դիտել տուաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով նաեւ՝ որ «մեր ապրած ճգնաժամը, ընդհանուր ճգնաժամ մըն է», որ կը հայի բոլոր ոլորտներուն եւ որոնց համար բաւարար չեն պարզունակ լուծումներ։

«Մենք լաւապէս գիտենք կրթութեան փոխակերպիչ ուժը։ Կրթելը միշտ յոյսի արարք է, որ կը հրաւիրէ համա-մասնակցութեան եւ անտարբերութեան անպտղաբեր ու անդամալուծող տրամաբանութիւնը փոխելու այլ տրամաբանութեան,  որ կարող ըլլայ ընկալել մեր միասնական պատկանելիութիւնը» հաստատեց Ֆրանսիկոս Պապը ապա նշեց՝ թէ  «կեանքի մը ուղեւորութիւնը կարիքը ունի յոյսի, որ հիմնուած ըլլայ զօրակցութեան վրայ ու թէ որեւէ մէկ յեղաշրջում կը պահանջէ կրթական մէկ ընթացք, կառուցելու համար  նոր տիպարներ,  որոնք կարող ըլլան համապատասխանելու ժամանակակից աշխարհի ճգնաժամերուն եւ մարտահրաւէրներուն, հասկնալու եւ որոնելու լուծումներ իւրաքանչիւր սերունդի ու ծաղկեցնելու այսօրուայ եւ վաղուայ մարդկութիւնը»։

«Մենք պէտք է հաւատանք թէ  կրթութիւնը աշխարհը և պատմութիւնը մարդկայնացնելու ամենարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկն է: Կրթութիւնը նախ և առաջ սիրոյ և պատասխանատուութեան հարց է, որը ժամանակի ընթացքին կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ»  ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ կրթութիւնը ամենալաւ եւ բնական հակաթիւնն է անհատականութեան մշակոյթին եւ անտարբերութեան առաջնութեանք։

«Մեր ապագան չի կարող ըլլալ բաժանումը» յայտնեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ կրթական յանձնառումի նոր եղանակի, որ ներգրաւէ ընկերութեան բոլոր անդամները մտիկ ընելով նոր սերունդներու աղաղակին ու հայեացքը չի դարձնելով այլուր,  առիթ տալով որ խթանուին ընկերային նոր անարդարութիւններ, իրաւունքներու խախտում եւ խոր աղքատութեան յառաջացում։

«Ասիկա համապարփակ ընթացք մըն է։ Բաժնեկցուած ընթացք, որ անտարբեր չի մնար անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւններուն ինչպէս   նաեւ բնութեան շահագործումին առջեւ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց «պատմութեան մէջ կան պահեր ուր հարկաւոր է դիմել հիմնական որոշումներու, որոնք մեր ապրելակերպին կու տան ոչ միայն դրոշմ, այլ մանկաւորապէս որոշակի դիրքորոշում՝ ապագայի երեւոյթներու նկատմամբ»։

Ներկայ առողջապահական իրավիճակին մէջ որ ծանրակշռուած է յուսալքումով ու ուղեկորուսութեամբ ասիկա ժամն է ստորագրելու համընդհանուր կրթական պայմանագիր մը երիտասարդ սերունդներու համար ու անոնց հետ միասին, որ ընտանիքները, հասարակութիւնները, դպրոցները, համալսարանները, կրօններն ու կառավարիչները եւ համայն մարդկութիւնը յանձնառու դարձնեն կազմաւորելու հասուն մարդիկ։

Մեզմէ կը պահանջուի  քաջութիւն վերաստեղծելու համար յարաբերութիւններու գործուածքը ի նպաստ մարդկայնութեան մը որ կարող ըլլայ խօսիլ եղբայրութեան լեզուն։ Ու մեր կրթական գործողութիւններու արժէքը պիտի չափուի մեր ընկերութեան սրտին վրայ ազդութեան եւ նոր մշակոյթի մը զարկ տալու կարողութեան հիման վրայ։

«Տարբեր աշխարհ մը կարելի է եւ կարիքը կայ որ սորվինք ինչպէս կառուցել զայն ու այս մէկը կը ներգրաւէ համայն մեր մարդկութիւնը» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու կոչ ուղղեց համայն աշխարհի մշակոյթի մարդոց եւ կիներուն, գիտութեան, մարզանքի, արուեստի եւ լրատուական աշխարհի  գործիչներուն, որպէսզի բոլոր ստորագրեն այս պայմանագիրը եւ իրենց վկայութեամբն ու իրենց աշխատանքով դառնան խնամքի, խաղաղութեան, արդարութեան բարութեան եւ գեղեցկութեան խթանողներ, ինչպէս նաեւ ուրիշի ընկալումին եւ եղբայրութեան խթանողները։

«Մենք այս մէկը պէտք չէ սպասենք մեզ կառավարող մարդոցմէ» յարեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով բոլորի համապատասխանութեան ու վիրաւոր ընկերութիւններուն մէջ գործնական դեր ունենալու հարկաւորութեան։

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք այն մեծ առիթին դիմաց արտայայտելու համար մեր եղբայր ըլլալը, այլ բարի սամարացիներ ըլլալը, որ իրենց վրայ  կ՛առնեն ցաւն ու ձախողութիւնները։ Յոգնակի մէկ գործընթացք մը, որ կարող ըլլայ ներգրաւել բոլորը, ունենալով ներդաշնակութիւն ու հասարակաց բարիքը փնտռելու կարողութիւն։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց անձնապէս եւ հաւաքական կերպով յանձնառու ըլլալ հետեւեալ կէտերը իրականացնելու։  

Առաջին՝ Որեւէ կրթական գործընթացքի որպէս կեդրոն ընտրել մարդ անհատը, անոր արժէքը, անոր արժանապատուութիւնը, ի յայտ դնելով անոր իւրայատուկ յատկութիւնները, անոր գեղեցկութիւնը, անոր միակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն անոր կարողութիւնը ըլլալու ուրիշներուն եւ շրջապատի հետ յարաբերութեան մէջ մերժելով մնացորդացի մշակոյթը խթանող ապրելակերպերը։

Երկրորդ՝  ունկնդրել մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու  ձայները,  որոնք կը փոխանցեն արժէքներ եւ գիտութիւն, միասին կառուցելու համար արդարութեան եւ խաղաղութեան ապագայ մը, ամէն մէկ անհատի համար արժանավայել կեանքը մը։

Երրորդ՝ խթանել մանուկ եւ երիտասարդ աղջիկներու լիակատար մասնակցութիւնը կրթութեան համակարգին։

Չորրորդ՝ ընտանիքն մէջ տեսնել առաջին եւ անհրաժեշտ կրթող մանկավարժ ենթական։

Հինգերորդ՝ դաստիարակել եւ դաստիարակուիլ հիւրընկալութեան, մենք մեզ բացուելով աւելի դիւրաբեկներուն եւ մեկուսացուածներուն։

Վեցերորդ՝ յանձնառու ըլլանք ուսումնասիրելու եւ որոնելու այլ ձեւեր հասկնալու համար տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնը, աճումի եւ զարգացումի իմաստը, որպէսզի անոնք ըլլան իրապէս ի ծառայութիւն մարդուն եւ համայն մարդկային ընտանիքին, համապարփակ բնապահպանութեան հեռանկարով։

Եօթներորդ՝ պահպանել եւ մշակել մեր հասարակաց տունը, զայն ու անոր կենսամիջոցները պաշտպանելով շահագործութիւնէն, որդեգրելով աւելի պարկեշտ կեանքի տիպարներ ու ձգտելով նորոգուած ուժանիւթին գործածութեան որ յարգէ բնութիւնն ու մարդը մերձակցութեան, զօրակցութեան եւ շրջանակաձեւ տնտեսութեան մը հիման վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր կ՛ուզենք ի վերջոյ քաջութեամբ յանձնառու ըլլալ մեր երկիրներուն մէջ կեանք տալու կրթական ծրագրի մը, ներդրելով մեր լաւագոյն ուժերը ու զարկ տալով ստեղծագործ եւ փոխակերպիչ գործընթացքներուն, համագործակցութեամբ քաղաքացիական ընկերութեան։   

Այս գործընթացի յենակէտն է ընկերային վարդապետութիւնը։ Ժամն է նայելու դէպի յառաջ քաջութեամբ եւ յոյսով եւ ասոր համար մեզի թիկունք թող կանգնի այն համոզումը՝ թէ կրթութեան մէջ կը բնակի յոյսին սերմը։ Յոյս խաղաղութեան եւ արդարութեան։ Գեղեցկութեան բարութեան եւ ընկերային ներդաշնակութեան յոյս։

Յիշենք, եղբայրներ եւ քորեր, որ մեծ փոփոխութիւնները  սեղանի մը շուրջ չեն  կառուցուիր, ոչ: Գոյութիւն ունի խաղաղութեան «ճարտարապետութիւն», որուն կը  միջամտեն հասարակութեան տարբեր իշխանութիւններ  և անձինք ՝ իւրաքանչիւրն ըստ իր իրաւասութեան, բայց առանց որևէ մէկի  բացառումին։ Մենք ալ պէտք է ընթանանք նոյն ձեւով, բոլորս միասին, իւրաքանչիւրը ինչպէս որ է, բայց մշտապէս նայելով դէպի յառաջ, միասին, դէպի ներդաշնակութեան եւ միութեան քաղաքակրթութեան կառուցումին, ուր տեղ չի գտնէ այս մնացորդացի մշակոյթի վատ համաճարակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2020, 14:57