Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն, Քահանայապետը վերսկսաւ «աղօթքի» մասին խորհրդածութիւններու շարքը։

Եւ նոյնիսկ եթէ սխալած ըլլանք, կամ մենք մեզ վախի մէջ եւ սպառնալիքի տակ զգանք, աղօթքի միջոցաւ Աստուծոյ առջեւ վերադառնալով, հրաշքի նման կը վերագտնենք նաեւ անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու լեռը Տիրոջը առջեւ կայնէ»։ Ահա Տէրը կ’անցնէր ու Տիրոջը առջեւէն լեռները քակող ու ապառաժները կոտրտող մեծ ու սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։ Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր։ Ու Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց ու ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս» (Ա Թագաւորաց 19,11-13)։

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աղօթքի մասին անցեալ ամիսներուն սկիզբ առած չորեքշաբթի օրուայ խորհրդածութիւններու կարճ ընդհատումէ մը ետք, որուն ընթացքին Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններու  խորհրդածութիւնները  կեդրոնացուց «Աշխարհը Բուժել» խորագիրով համաճարակէն ետք աշխարհի վրայ, չորեքշաբթի 7 հոկտեմբերին ան վերստին ընտրեց աղօթքի նիւթը, հիմնուելով Սուրբ Գիրքի անձնաւորութիւններուն վրայ, եւ այս անգամ խօսելով Եղիա Մարգարէին մասին։

Ան, ըսաւ Սրբազան Պապը, դուրս կու գայ իր ժամանակի սահմաններէն դուրս և կարող ենք անոր  ներկայութիւնը տեսնել Աւետարանի որոշ դրուագներու մէջ ինչպէս այլակերպութեան ժամանակ Մովսէսի եւ Յիսուսի հետ։

Աստուածաշնչին մէջ Եղիան կը յայտնուի անակնկալ եւ խորհրդաւոր կերպով, ապա իր աշակերտի Եղիշէի առջեւ կարկէ կառքի վրայ, երկինք կը վերանայ։ Սուրբ Գիրքը Եղիան կը ներկայացնէ ոչ միայն որպէս բիւրեղ հաւատքով մարդ մը, որուն գաղտնիքը ու առաքելութիւնը պարունակուած են անոր անունին մէջ, ան ազնիւ մարդ է եւ անկարող մանր փոխզիջումներ կատարելու։ 

Անոր խորհրդանիշը կրակն է ՝ Աստուծոյ մաքրագործող զօրութեան պատկերը: Աղօթքը աւիշն է, որ անընդհատ կը սնուցէ անոր  գոյութիւնը: Ահա թէ ինչու, ոմանց համաձայն Ան նկատուած է որպէս Աստուծոյ նուիրուած կեանքի հոգևոր հայրը,  վանական աւանդոյթի համաձայն:

Ան տիպարն է բոլոր հաւատքի մարդոց, որոնք ճանչցան փորձութիւններն ու տառապանքը սակայն երբեք չեն շեղիր այն էտալէն, որուն համար ծնած են։

Եղիան Աստուծոյ մարդն է, պաշտպանը Ամենաբարձրեալին առաջնութեան։  Սակայն ան եւս դէմ յանդիման կը գտնուի իր դիւրաբեկութեան հետ։

Եղիան հայեցողական ու միաժամանակ  շարժուն  կեանքի մարդ է, որ մտահոգուած է իր ժամանակի իրադարձութիւններով, կարող ընդվզելու թագաւորի և թագուհիի դէմ, երբ անոնք սպաննել տուին  Նաբովթը անոր խաղողի այգիին տիրանալու համար (տե՛ս Թագաւորներ 21: 1-24):

«Որքան կարիքը ունինք մենք Եղիայի նման քրիստոնեաներու՝ որոնք քաջութիւնը ունենան յանդիմանելու ղեկաւարները երբ անոնք սխալ քայլեր կը կատարեն։ Անոնց ըեսլու «այս մէկը սխալ է», ըսաւ Սրբազան Պապը ու շարունակեց նշելով՝ թէ «Եղիան մեզի ցոյց կու տայ , որ աղօթողի կեանքի մէջ պէտք չէ բաժանում ըլլայ, եւ աղօթքի հաւաստիքը մերձաւորի նկատմամբ շօշափելի սէրն է։

Սուրբ Գիրքին էջերը մեզի ենթադրել կու տան թէ Եղիայի հաւատքն ալ զարգացում մը ապրեցաւ, ինք եւս աճեցաւ աղօթքի մէջ, զայն զտելով կամաց կամաց։ Աստուծոյ դիմագիծը անոր համար կը դառնայ աւելի յստակ, ճանապարհորդութեան ընթացքին մինչեւ իր գագաթնակէտը, երբ Աստուած Օրեբ լեռան վրայ կը յայտնուի անոր»։

Աստուած Եղիային կը հանդիպի ոչ  թէ խթանող փոթորկի, ոչ թէ երկրաշարժի կամ կուլ տուող կրակի մէջ, այլ « մեղմ ու բարակ ձայնի» մէջ (տ. 12):

Աստուած Եղիային հետ կը շփուի այդ խոնարհ նշանով, երբ ան այդ պահին փախուստ տուող  մարգարէ մըն  է, որ կորսնցուցած է խաղաղութիւնը:

Աստուած կը հանդիպի յոգնած մարդու մը, որ կը կարծեր թէ ամէն տեսակէտով ձախողած ըլլար, ու աղդ քնքուշ քամիով Աստուած անոր սրտին մէջ կը վերահաստատէ անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Ասիկա Եղիայի պատմութիւնն է, թէեւ կարծես գրուած ըլլայ մեզի բոլորիս համար. Մենք եւս կարող ենք մենք մեզ զգալ մինակ եւ անօգուտ։

Այդ պահին է որ աղօթքը կը թակէ մեր սրտին դուռը։ Եւ նոյնիսկ եթէ սխալած ըլլանք, կամ մենք մեզ վախի մէջ եւ սպառնալիքի տակ  զգանք, աղօթքի միջոցաւ Աստուծոյ առջեւ վերադառնալով,  մենք եւս հրաշքի նման կը վերագտնենք նաեւ անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2020, 09:38