Որոնել

ՄԱԿ-ի 75 ամեակ ՄԱԿ-ի 75 ամեակ 

«Խուսափինք պատերազմէն ապահովելով իրաւունքի գերակայութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապը ՄԱԿ-ի միջազգային օրուան առթիւ

24 Հոկտեմբեր 1945-ին ուժի մէջ մտաւ ՄԱԿ-ի կանոնագրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Այսօր կը յիշատակուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան օրը։ Օրը հաստատուած է   նոյնինքն ՄԱԿ-ի գլախւոր Ժողովի 2-րդ նստաշրջանի որոշումով (№ 168 բանաձև), որով  1948 թուականէն սկսեալ ամէն տարի հոկտեմբերի 24-ին կը յիշատակուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջազգային օրը, տրուած ըլլալով, որ  24 Հոկտեմբեր 1945-ին ուժի մէջ մտաւ ՄԱԿ-ի  կանոնագրութիւնը։

1971 թուականին 26-րդ նստաշրջանի Գլխաւոր ժողովը 2782 (XXVI) բանաձեւի միջոցաւ այդ օրը հռչակեց միջազգային տօն և բոլոր պետութիւններուն  առաջարկեց այն օրը նշել որպէս պետական տօն։

Օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց թուիթ մը որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան վերջերս հրապարակած «Fratelli tutti» շրջաբերականէն։

«Եթէ բոլորի համար կը փափաքինք մարդկային համապարփակ զարգացում, պէտք է խուսափիլ պատերազմէն ապահովելով իրաւունքի գերակայութիւնը եւ դիմելով բանակցութեան ու իրաւարարութեան։ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան  կանոնադրութիւնը, կիրառուած թափանցիկութեամբ և անկեղծութեամբ, արդարութեան և խաղաղութեան ուղեգիր մըն է»: #UNDay գրեց Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2020, 13:30