Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Իմամ Ալ Թայըպ Ֆրանչիսկոս Պապն ու Իմամ Ալ Թայըպ 

Եղբայրս Ֆրանչիսկոսը մարդկութեան կը վերադարձնէ անոր խիղճը. Ահմատ Ալ Թայըպ

Ալ Ազհարի աւագ Ւմամ Ահմատ Ալ Թայըպին թուիթը հայող “Fratelli tutti” շրջաբերականի հրատարակութեան Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը։ ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Պատգամ մըն է՝  որ «մարդկութեան կը վերադարձնէ անոր խիղճը»։ Յատուկ մեկնաբանութիւն մը կայ այլ շատ մը մեկնաբանութիւններու շարքին, Ֆրանչիսկոս Պապին “Fratelli tutti” շրջաբերականի հրատարակութեան առթիւ, 2019-ի փետրուարին Ապու Տապիի մէջ Քահանայապետին հետ համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը ստորագրող՝ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած մեկնաբանութիւնն է։

Նորին Սրբութեան երրորդ շրջաբերականը արդարեւ ներշնչում կը քաղէ նաեւ այդ միասնական փաստաթուղթէն եւ Ահմատ Ալ Թայըպին անունը մի քանի անգամ յիշուած է շրջաբերականին մէջ։

«Իմ եղբայր Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը  ‘Fratelli tutti’ ընդլայնումն է մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին եւ կը բացայայտէ համաշխարհային իրողութիւն մը, որուն դիրքորոշումներն ու որոշումներն անկայուն են, որու գինը կը վճարեն խոցելի եւ մեկուսացուած մարդիկ…անիկա ուղերձ է ուղղուած բարի կամք եւ կենսունակ խիղճ ունեցող մարդոց, ու մարդկութեան կը վերադարձնէ անոր խիղճը» գրած է Ահմատ Ալ Թայըպը թուիթըրեան կայքին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2020, 08:30