Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները նուիրուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին՝ Անոր ծիսական տօնին առիթով։
Թող Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրինակ թող հանդիսանայ մեզի համար, որպէսզի այսօր ապրինք մեր վկայութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Ծիսական տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց հետեւեալ երկու թուիթները։
Առաջին թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց.
«Այսօր մարդը յաճախ չի գիտեր թէ ինչ ունի իր ներքին աշխարհին մէջ, իր հոգիի խորքին մէջ իր սրտին մէջ։ Ուստի թոյլ տուէք, որ Քրիստոսը խօսի մարդու հետ: Միայն Ան ունի կեանքի խօսքերը, յաւերժական կեանքի խօսքեր »: #SanGiovanniPaoloII»
Երկրորդ թուիթին մէջ Ան ապա գրեց.
«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, կեանքով հրապուրուած և հմայուած Աստուծոյ խորհուրդով ու հմայուած աշխարհով և մարդով, եղաւ Եկեղեցւոյ Տիրոջ կողմէն տրուած արտասովոր պարգեւ: Եկէք յիշենք Անոր հաւատքը. Թող ան օրինակ հանդիսանայ մեզի համար, որպէսզի այսօր ապրենք մեր վկայութիւնը»։
22/10/2020, 13:30