Որոնել

Ասսիզիի սրբավայրը, ուր Սրբազան Պապը ստորագրեց վերջին շրջաբերականը Ասսիզիի սրբավայրը, ուր Սրբազան Պապը ստորագրեց վերջին շրջաբերականը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 հոկտեմբերի թուիթը «Քնքշութիւնը սէր է, որ կը դառնայ սերտ և շօշափելի»։

Քնքշութիւնը այն ճանապարհն է, որմէ անցան ամենաքաջ և ուժեղ տղամարդիկ և կանայք: #FratelliTutti ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քնքշութիւնը այն  սէրն է, որ կը դառնայ  սերտ և շօշափելի:  Ան շարժում մըն է, որ կը սկսի սրտէն եւ կը հասնի աչքերուն, ականջներուն, ձեռքերուն:

Քնքշութիւնը այն ճանապարհն է, որմէ անցան  ամենաքաջ և ուժեղ տղամարդիկ և կանայք: #FratelliTutti ։ Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 13 հոկտեմբերին հրատարակած թուիթը որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան «Fratelli tutti» վերտառութեամբ վերջին շրջաբերականէն, որուն նպատակն է խթանել եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան համաշխարհային ձգտում մը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապը իր այս նոր շրջաբերականը որակեց  «ընկերային շրջաբերական» (6), որուն վերնագիրը քաղեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի  «Խրատներէն»,  ուր Ասսիզիի աղքատիք սուրբը այդ բառերը կ՛օգտագործէ դիմելու «բոլոր եղբայրներուն և քոյրերուն և անոնց առաջարկելու Աւետարանի համը ունեցող  կեանք  մը»։

Շրջաբերականը կազմուած է ութը գլուխներէ։ Առաջինը՝ «Փակուած աշխարհի ստուերներ», կը կեդրոնանայ ժամանակակից դարաշրջանի բազմաթիւ հայեցակարգերու աղաւաղումներու ու անոնց շահարկումի և խաթարումի վրայ։ Երկրորդին մէջ՝ «Օտարական մը ճանապարհին վրայ» Քահանայապետը կ՛ընդգծէ, թէ հիւանդ ընկերութեան մը մէջ որ իր կռնակը կը դարձնէ ցաւին եւ որ «անգրագէտ» է տկարներու եւ խոցելիներու խնամքի մէջ (64-65), բոլորս կանչուած ենք մօտիկ ըլլալու միւսին (81), գերազանցելով նախապաշարումները եւ անձնական շահերը։

«Մտածել և բաց աշխարհ ստեղծել» երրորդ գլխուն մէջ ՝ Ֆրանչիսկոսը մեզ կը խրախուսէ «դուրս ելլելու մենք մեզմէ» բացուելու մերձաւորին, սիրոյ շարժականութեան հիման վրայ, որ մեզ կը մղէ դէպի «տիեզերական հաղորդութիւն (95)»։

Գաղթականութեան հարցին հուսկ նուիրուած է յատուկ մէկ մաս՝ շրջաբերականի չորրորդ գլուխը «Սիրտ մը բաց համայն աշխարհին»։

Հինգերորդ գլխուն նիւթն է «Բարորակ քաղաքականութիւնը», այսինքն ան որ կը ներկայացնէ բարեսիրութեան վսեմ ու թանկարժէք ձեւը, որովհետեւ ինքզինք կը դնէ ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքն։

Վեցերորդ գլուխը նուիրուած է «Երկխօսութեան եւ ընկերային բարեկամութեան»։

Եօթներորդ գլուխը ապա նուիրուած է Խաղաղութեան խթանումին ու անոր արժէքին. «Նոր հանդիպումի մը ուղիներ» վերնագիրով, իսկ ութերորդ եւ վերջին գլուխին մէջ Քահանայապետը շեշտը կը դնէ կրօններու վրայ ու անոնց աշխարհի մէջ եղբայրութեան ի սպաս ծառայութեան վրայ. «Կրօնները  ի ծառայութիւն աշխարհի մէջ եղբայրութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2020, 13:30