Որոնել

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի 

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօն. Աստուած մեզի կը խօսի բնութեան մէջ։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը Սուրբ Գիրքին, մեզի կ՛առաջարկէ բնութիւնը ճանչնալ որպէս սքանչելի գիրք մը, որուն մէջ Աստուած կը խօսի մեզի եւ մեզի կը փոխանցէ իր անհուն գեղեցկութենէն եւ բարութենէն բան մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 հոկտեմբերին  եկեղեցին կը յիշատակէ Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնը. Սուրբ Ֆրանչիսկոսը Ւտալիոյ պաշտպան սուրբ հռչակուած է 1939-ին, Պիոս ԺԲ Քահանայապետի կողմէ։ Մինչ ներկայ քահանայապետը, ներշնչուելով Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի աղքատներուն եւ կենսոլորտի նկատմամբ ունեցած յատուկ ուշադրութենէն եւ հոգտարութենէն  Քահանայապետ ընտրութեան օրը, որպէս քահանայապետական անուն ընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը ապա 2015-ին հրապարակեց բնապահպանութեան նուիրուած շրջաբերական իսկ այսօր լողս կը տեսնէ անոր Եղբայրութեան նուիրուած երրորդ շրջաբերականը որ ներշնչուած է միշտ Ասսիզացիի աղքատիկէն։ ։

Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց հետեւեալ թուիթը։

“#SanFrancescodiAssisi, հաւատարիմ Սուրբ Գիրքին, մեզի կ՛առաջարկէ բնութիւնը ճանչնալ որպէս սքանչելի գիրք մը, որուն մէջ Աստուած կը խօսի մեզի եւ մեզի կը փոխանցէ իր անհուն գեղեցկութենէն եւ բարութենէն բան մը #TempoDelCreato։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2020, 09:30